Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ «Ազատ օր»
Յունարէնով հրատարակուող «Արմենիքա» պարբերաթերթին խմբագրութիւնը ողջունելի նախաձեռնութիւնը ունեցած էր հրապարակային ասուլիս-զրոյց մը կազմակերպելու վերջերս Յունաստան ապաստանած Թուրքիոյ հայ քաղաքական բանտարկեալ Սեւան Նշանեանի հետ։
Ուրբաթ՝ 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբը լեցուցած էին Աթէնքի տարբեր շրջաններէն եկած տարեց թէ երիտասարդ հայեր, նաեւ՝ որոշ թուով յոյներ։ Բոլորին մէկտեղած էր հետաքրքրութիւնը՝ մօտէն տեսնելու եւ ճանչնալու վերջին ամիսներուն մամուլի էջերուն յաճախակի լրատուութեան թիրախ դարձած հայ մտաւորականը, գրողը, հետազօտողը, լեզուաբանն ու հասարակական-քաղաքական գործիչը՝ Սեւան Նշանեանը։
Զեկուցական հաւաքին նիւթ ծանուցուած էր՝ «Քաղաքական եւ ընկերային կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ 16 Յուլիս 2016ի յեղաշրջման փորձէն ետք»։
Երեկոյին բացումը կատարեց, օրուան նիւթը կարեւորեց, եւ ամփոփ գիծերու մէջ զեկուցաբերին ներկաներուն ծանօթացուց խմբագրական կազմի ներկայացուցիչ ընկեր Յովհաննէս Ղազարեան։ Ան նաեւ զեկուցաբերի կողքին տեղ գրաւելու հրաւիրեց ընկերուհի Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանը, որպէսզի յունարէնի թարգմանէ ելոյթը։
Սեւան Նշանեան իր խօսքին սկսաւ նախ ներողութիւն խնդրելով ներկաներէն՝ իր տկար հայերէնախօսութեան համար. «թէեւ հայերէնով առօրեայ ու անմիջական հաղորդակցութեան որեւէ դժուարութիւն չունիմ, բայց կը դժուարանամ լիարժէք հայերէնով կատարելու քաղաքական եւ հասարակական վերլուծումները»,- յայտնեց Նշանեան եւ ներկաներուն համամտութեամբ որոշեց մասամբ հայերէնով եւ ընդհանրապէս անգլերէնով արտայայտուիլ։
Զեկուցական երեկոն երկու բաժինով ընթացաւ։ Առաջինը եւ գլխաւոր բաժինը յատկացուած էր Թուրքիոյ դիմագրաւած այսօրուան մեծ ճգնաժամին ու, այդ ծիրէն ներս, Թուրքիաբնակ հայութեան վիճակուած տագնապին։ Իսկ երկրորդ եւ աւարտի բաժինը կը վերաբերէր Սեւան Նշանեանի հասարակական եւ գրական գործունէութեան ծանօթացումին։
Լուսարձակի տակ բերելով 16 Յուլիս 2016ի յեղաշրջման փորձէն ասդին Թուրքիոյ ապրած քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամը՝ Սեւան Նշանեան չծամծմեց բառերը եւ ահազանգային գտաւ բռնիշխանութեան հաստատման ընթացքը Թուրքիոյ մէջ, անխուսափելի նկատելով քաղաքացիական բուռն պատերազմը՝ երկփեղկումի մատնուած հասարակութեան այսօրուան պայմաններուն մէջ։ Խտացած, այլեւ՝ խօսուն գիծերով բնութագրելով Թուրքիոյ այսօրուան հասարակական երկփեղկումի վիճակը, նաեւ՝ իր կամ այլոց դէմ կատարուած ոստիկանական հալածանքէն, քաղաքական հարցաքննութիւններէն մինչեւ կալանաւորում- բանտարկութիւն փորձառութիւններէն պատմելով, Նշանեան մեծ բանտի նմանցուց Էրտողանի Թուրքիան, ուր հարիւր հազարներով քաղաքացիներ՝ թուրքեր թէ քիւրտեր կամ ազգային փոքրամասնութեանց անդամներ իրենց գործերէն եւ պաշտօններէն դուրս կը դրուին, կամայականօրէն կը ձերբակալուին ու կը բանտարկուին եւ պետական հալածանքի սարսափին տակ կ՚ապրին։
Թուրքիոյ այժմու մեծ տագնապին ախտորոշումը կատարելով՝ Սեւան Նշանեան յաջորդաբար վերլուծումը կատարեց 1) Էրտողան «երեւոյթ»ին, 2) Կիւլէնական շարժումին, 3) Քրտական գործօնին եւ ի վերջոյ, բայց ոչ վերջինը՝ 4) Բանակին ու զինուորականութեան վճռորոշ դերակատարութեան ընդհանրապէս Թուրքիոյ պետականութեան ղեկավարման մէջ, անոր գլխաւոր առանցքն ու ղեկավար կեդրոնը ըլլալով… Նշանեան հետաքրքրական ախտաճանաչումներ կատարեց՝
— Էրտողանի «ժողովրդավար» դիմակով յայտնուելէն մինչեւ «սուլթանական» անոր էութեան մերկացումին մասին՝ շեշտելով, որ 1990ականներու սկզբնաւորութեան ժողովրդավարական դէմքով իսլամութիւն քարոզող Էրտողանէն ոչինչ մնացած է այսօր, բացի կրօնամոլ եւ ազգայնամոլ ամբոխի ամէնէն կատաղի եւ վայրագ զգացումները շղթայազերծող ծայրայեղականութենէն…
— Կիւլէնի առաջնորդած կրօնամոլական շարժման մասնակիցներուն եւ հետեւորդներուն երեւութապէս մտաւոր բարձր մակարդակով պատրաստութիւն ունենալուն, բայց կուրօրէն ամբոխի վերածուելուն մասին։
— Թուրքիոյ բանակէն ներս կատարուող էական փոփոխութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով սպայական եւ հրամանատարական կազմերէն ներս մաքրագործումները դադար չեն առներ, բանակին ղեկը իր ձեռքը վերցնելու Էրտողանի ճիգերը իրենց սպասած արդիւնքին չեն յանգիր եւ, ի վերջոյ, բանակը կը հանդիսանայ երկփեղկուած Թուրքիոյ այսօրուան մեծ լռակեացը, որմէ կախեալ է պայթունավտանգ այս երկրին ապագան…
Առանձին կեդրոնացումով Նշանեան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիաբնակ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետեւած զարգացումներուն լոյսին տակ, յատուկ ակնարկութիւններ կատարելով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան հարցով պետական իշխանութեանց կատարած ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ հայոց իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր Կարօ Փայլանի յանդուգն ելոյթներուն։
Երեկոյին երկրորդ բաժինով՝ Նշանեան ամփոփ տեղեկութիւններով ներկայացուց իր կեանքն ու գործը, հրապարակագրական, քաղաքական, գրական, զբօսաշրջական եւ այժմէական իր մօտ 30 գիրքերը, անոնց գտած լայն ժողովրդականութիւնը, նաեւ՝ անդրադարձաւ նախկին յունական Սիրինճէ գիւղին վերակառուցման աշխատանքներուն մասին եւ կրթական ու մշակութային ուշագրաւ կեդրոնով օժտելու իր երկարաշունչ գործունէութեան։
Զեկուցման աւարտին շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հարց ու պատասխանի, նաեւ՝ տեսակէտներու փոխանակման հետաքրքրական զրոյց մը տեղի ունեցաւ։ Ներկաները ընդհանրապէս Թուրքիոյ տագնապին մասին զեկուցաբերէն յաւելեալ լուսաբանութիւններ հարցնելէ ու ստանալէ ետք, կեդրոնացան Թուրքիոյ հայութեան եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի դիտանկիւնէն այսօրուան մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնց ուղղութեամբ եւս Սեւան Նշանեան իր ուրոյն տեսակէտները ներկայացուց։
Երեկոյի աւարտին, յանուն կազմակերպիչներուն՝ ընկ. Յ. Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ զեկուցաբերին իր սպառիչ խօսքին համար, ապա՝ ելոյթը թարգմանող ընկերուհիին իր համբերատար եւ բծախնդիր աշխատանքին համար, նաեւ՝ ներկաներուն, ձեռնարկը քաջալերելու եւ հրատապ նիւթին քննարկման իրենց բերած աշխոյժ մասնակցութեան համար։