կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-08-24 12:52
Քաղաքական

Ո՞ւր էիր Աստուած. Բագրատ Էստուկեան

Ո՞ւր էիր Աստուած. Բագրատ Էստուկեան

Կ.Պոլսում լույս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի հայերեն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը «Ո՞ւր էիր Աստված» վերնագրով հոդված է հրապարակել, որը ներկայացնում ենք ստորև.

«Մեր ժամանակներու կարեւորագոյն երգահաններէն Արթուր Մեսճեանի այնքան մեծ ընդունելութիւն գտած այս երգը անիրաւութեան ենթարկուածներու պոռթկումը կ՚արտայայտէ։ Նիւթ կ՚ունենայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ յիշելով բիւրաւոր անմեղ զոհերու մատնուած տառապանքը, ճարահատ ճիչի մը նման կ՚ըմբոստանայ դէպի երկինք:

Ափ­սոս որ աշ­խարհի այս հա­տուա­ծին վրայ ապ­րողնե­րուս հա­մար անար­դա­րու­թի­ւը, անի­րաւու­թիւնը հա­րիւր տա­րի առաջ ապ­րուած ու աւար­տած խնդիր մը չէ։ Այդ է պատ­ճա­ռը որ ակա­մայ կը մտա­բերենք Մես­ճեանի հար­ցումը՝ «Ո՞ւր էիր Աս­տուած»:

Հա­զիւ ապա­կանած, մգլո­տած միտք մը այդ ար­տա­յայ­տութեան մէջ կը գտնէ անաս­տուածու­թեան քա­րոզ­չութիւն։ Կը գտնէ եւ իր վրայ ալ պար­տա­կանու­թիւն կը հա­մարէ Աս­տուծոյ փաս­տա­բանու­թիւնը:

Գրու­թեան խո­րագի­րը կազ­մող այս վեր­տա­ռու­թիւնը գրուած է Քամփ Ար­մէ­նի պա­տերէն մէ­կուն վրայ։ Ինչ որ միւս պա­տին վրայ ալ գրուած էր «Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի»: Այս վեր­տա­ռու­թիւնն ալ բա­ւական դժգո­հու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած էր որոշ միտ­քե­րու մէջ։ Վախ­ցած էին որ այս նա­խադա­սու­թիւնով ալ աւե­լի կը զայ­րացնեն այն տար­րե­րը, որոնց դէմ կը պայ­քա­րինք մենք, իսկ իրենք կը մնան գթու­թիւն պա­ղատո­ղի դիր­քին մէջ:

Յստակ ու պարզ դիր­քո­րոշու­մի մը հա­կադ­րութիւնն է այս պատ­կե­րը։ Հա­կադ­րութիւն՝ որ կեան­քի տար­բեր իրա­դար­ձութիւննե­րուն յա­ճախ կը պար­զուի մեր դի­մաց:

Շատ եր­կար տա­րիներ դժգո­հեցանք մեր ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րէ ներս աշա­կերտնե­րու ար­ձա­նագ­րութիւ­նը ար­գելքնե­րով խոչնդո­տող դրու­թեան դէմ։ Յի­շենք որ իւ­րա­քան­չիւր ծնող իր զաւ­կին ար­ձա­նագ­րութեան հա­մար կը հար­կադրուէր Կրթա­կան Տնօ­րէնութեան կող­մէ ճշդուած յանձնա­խումբի մը յա­ւակ­նութիւ­նը ստա­նալ։ Եւ այս անի­մաստ քննու­թիւնը կը կրկնուէր դպրո­ցական չորս շրջա­նակ­նե­րու հա­մար, սկսե­լով ման­կա­պար­տէ­զէն, նա­խակրթա­րան, միջ­նա­կարգ եւ ճե­մարան։ Այ­սօր որ ըն­թացքը բա­րեփո­խուած է եւ ար­ձա­նագ­րութեան լիազօ­րու­թիւնը յանձնուած է տնօ­րէնու­թիւննե­րուն, չա­րագու­շակնե­րը մատ­նուած են նոր սար­սա­փի մը։ «Ինչպէ՞ս պի­տի ճշդենք մեզ դի­մող­նե­րու պատ­կա­նելու­թիւնը» հար­ցումով կը գո­յանայ այդ չա­րագու­շա­կու­թիւնը։ Պա­տաս­խա­նը շատ պարզ է՝ «մի՛ ճշդէք»: Բաւ հա­մարե­ցէք մարդկանց իրենց զա­ւակ­նե­րը հայ դպրոց ար­ձա­նագ­րե­լու ցան­կութիւ­նը։ Ապա ներ­կա­յացու­ցէք դպրո­ցի ուսման ծրա­գիրը եւ ար­ձա­նագ­րութեան պայ­մաննե­րը։ Բա­ւարա­րուե­ցէք այսքա­նով։ Յի­շեցէք որ շատ եր­կար տա­րիներ տա­ռապե­ցաք աշա­կեր­տութեան թուի նուազու­մէն։ Հի­մա որ մար­դիկ ոչ թէ ու­րիշ ճար չու­նե­նալ­նուն հա­մար, այլ նա­խընտրե­լով կու գան ձեր դու­ռը, այդ ի՞նչ միտք է որ պի­տի խոր­հի դու­ռը իրենց երե­սին փա­կելու մա­սին:

Յի­շենք որ քա­ղաքակրթու­թեան նուաճումնե­րու դէմ յա­մառե­լու գլխա­ւոր մի­ջոցն է չա­րագու­շա­կու­թիւնը։ Չա­րագու­շա­կը ամէն զար­գա­ցում կը դի­տէ վա­րանու­մով եւ իր մտա­վախու­թիւննե­րը կ՚ար­դա­րաց­նէ յօ­րինած չար գու­շա­կու­թիւննե­րով։ Յե­տին նպա­տակ կը վե­րագ­րէ իրեն հա­մար ան­սո­վոր բո­լոր զար­գա­ցումնե­րուն:

Այս պա­հուն կը յի­շեմ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի 45 տա­րի առաջ գրած մէկ յօ­դուա­ծը՝ «Տիգ»ը։ «Օրագ­րիս 15 էջե­րը» հա­տորին մէջ Հատ­տէ­ճեան ոգե­ւորուած կը պատ­մէր մի ոմն անգլիացի Տի­գի մա­սին, որ եկած էր Երե­ւան հա­յագիտու­թիւն ու­սա­նելու։ Ներ­կայ դրու­թիւնը մեզ կ՚ըն­ծա­յէ նոր Տի­գեր պատ­րաստե­լու առի­թը, որուն դի­մաց ինքնավստա­հու­թիւնը կորսնցու­ցած չա­րագու­շակներ կը մտմտան ինչպի­սի ար­գելքներ յա­րու­ցա­նելու շուրջ:

Եթէ հոս ալ սայ­թա­քինք, ակա­մայ պիտի գոչենք՝ «Ո՞ւր էիր Աստուած»: