կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-03-10 14:55
Հասարակություն

Զինվորագրումից խուսափեց միայն 2 տղամարդ՝ քաղաքի ամենահարուստն ու ամենաաղքատը

Զինվորագրումից խուսափեց միայն 2 տղամարդ՝ քաղաքի ամենահարուստն ու ամենաաղքատը

Աղբյուրը` armeniangenocide100

 

Գառնիկ Ստեփանյանի պատմությունը

1909 թ., Մամախաթուն


Ցեղասպանությունը վերապրած Գառնիկ Ստեփանյանը պատմել է, որ երբ քաղաքի 20-45 տարեկան բոլոր տղամարդկանց զինվորագրել են թուրքական բանակ, Մամախաթուն գյուղաքաղաքից 2 հոգի կարողացել են խուսափել դրանից: Մեկը Գառնիկի հորեղբայրն էր՝ քաղաքի ամենահարուստ մարդը՝ Ստեփանը, իսկ մյուսը քաղաքի ամենաաղքատը՝ հացագործ Հարութը: Գառնիկի հորեղբայրն ամեն շաբաթ թուրք պաշտոնյային մեկ թաշկինակ ոսկի է տալիս, որ փրկի իր ընտանիքը, սակայն երբ գալիս է հարկադիր բռնագաղթի օրը, թուրքերը սպանում են նրան:  

 

Գառնիկ Ստեփանեան ծնած է Մամախաթուն գիւղաքաղաքը, 1909ին, այն օրը երբ թնդանօթի 21 հարուածներ բռնապետին՝ սուլթան Ապտուլ Համիտի գահընկէցութիւնը կաւետէին։ Այդ օրը երկրի ամբողջ պատմութեան ընթացքին աննախադէպ օր մը կ՚ըլլայ:

 

Գառնիկ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Մամախաթունի եւ յատկապէս իրենց տան կեանքը։

 

Թերզի Խաչիկ Մամախաթունի շուկայի պատին վրայ կը կարդայ զօրակոչի յայտարարութիւնը. 20-45 տարեկան բոլոր երիտասարդները օսմանեան բանակ կը կանչուին։ Յաջորդ օրն արդէն, Թերզի Խաչիկ եւ բոլոր երիտասարդները զօրանոցն էին։ Մամախաթունի հայ այրերէն միայն երկու հոգի զերծ կը մնան զինուորագրաելէ՝ ամենէն հարուստը՝ Գառնիկի հօրեղբայր Ստեփանը, որ մեծ փրկագին կը վճարէ եւ ամենէն աղքատը՝ Ֆուռունճի Յարութը՝ հացագործ ըլլալուն համար։

 

Բազմաթիւ քաղաքներու եւ գիւղերու հայերը արդէն բռնագաղթած էին։ Կարգը եկած էր Մամախաթունին։ Կարնոյ եւ Երզնկայի գրեթէ բոլոր գաւառներուն հայերը գաղթի ճամբուն վրայ էին։

 

Գառնիկի ընտանիքը իր Ստեփան հօրեղբօր տունը փոխադրուած էր։ Օր մը գայմագամը հոն կ՚այցելէ։ Ստեփան կարմիր նժոյգ մը ունէր։ Գայմագամը եւ Ստեփանը հիւրասենեակին մէջ կ՚առանձնանան խօսակցութեան համար։ Դուռը պինդ կը փակեն։ Գառնիկի մեծ մայրը աղջիկները կը պահէ գայմագամին աչքերէն։ Մայրը Գառնիկին կ՚արտօնէ, որ դրան բանալիին բացուածքէն լրտեսէ գայմագամը։ Բոլոր հայերը տեղահան եղած էին։ Ժամանակները գէշ էին։ Այն թուրքը որ հայ պաշտպանէր, խիստ մահով պիտի պատժուէր։ Գայմագամը եկած էր Ստեփանի հարըստութեան մէկ մասը պահանջելու։ Ստեփան էֆենտին կը համաձայնի եւ ամբողջ երկու ամիս, ամէն շաբաթ մէկ թաշկինակ լեցուն ոսկի կը յանձնէ գայմագամին։ Սակայն վերջին անգամ երբ գայմագամը Ստեփանի մօտ կու գայ, անոր մէկ օր պայմանաժամ կու տայ իրեն հետ միասին գաղթելու համար, որովհետեւ ռուսական զօրքը Մամախաթունի կը մօտենար։

 

Կու գայ այն օրը երբ բոլորը միասին կը լեցուին սայլերուն մէջ՝ գաղթելու համար։ Այդ գիշեր թուրքերը Ստեփանը կը սպաննեն եւ գայմագամը անոր նժոյգին կը տիրանայ։

 

Այժմ Ստեփանի եւ Խաչատուրի ընտանիքները կը բռնագաղթեցուին։ Եղանակը սաստիկ ձմեռ էր։ Կարաւանը կ՚ընթանայ դէպի հարաւ։ Կ՚անցնին Երզնկայէն։ Հսկող ոստիկանները շատ խստօրէն կը վարուին։ Գառնիկի մեծ մայրը ճամբուն գետին կ՚իյնայ ուժասպառ եւ հոն սառած կը մնայ։

 

Գառնիկ սրտի դառն կսկիծով կը գրէ Երզնկայէն Մալաթիա իրենց կարաւանին յառաջանալուն մասին։ Հոգեբանական ահռելի տանջանք կ՚ապրի ականատեսը, երբ որ կը գրէ այդ մասին։

 

Երբ կարաւանը կ՚ելլէ Երզնկայէն, 1200 հոգի կը հաշուէ։ Սակայն Մալաթիա հասնելուն միայն 50-60 շունչ կը մնայ։ Կը պակսին այն բոլոր կիները, որոնք չկրցան ոտքով քալել ճամբան եւ ձիւներու տակ մնացին, ճիշդ Գառնիկի մեծ մօր պէս։ Կ՚ոչնչանան նաեւ ճամբուն վրայ իրենց միացած երեսուն հարսերը, զորոնք թուրքերը առեւանգեցին եւ ստիպեցին մերկ վիճակով պարել՝ իրենց զուարճութեան համար։ Պատուախնդիր հայուհիները կը փախչին դէպի գետը եւ իրենք զիրենք Եփրատի ջուրերուն կը յանձնեն։ Ուրիշ ողբերգութիւն մըն ալ կը պատահի, երբ դվնիկցի մայր մը, անկարող եւ յուսահատ վիճակի մէջ, իր հինգ երեխաները կը թունաւորէ եւ ինքզինք Եփրատի յորձանքին մէջ կը նետէ։

 

Թուրք ոստիկան մը Գառնիկի Աւետիս եղբայրն ալ գետը կը նետէ, երբ երեխան սովէն ու ծարաւէն անընդհատ կու լար։ Այս բոլոր դառն դէպքերը նկարագրելը անկարելի է։

 

Գարնան Մալաթիոյ այգիները կը հասնին։ Ամբողջ ճամբու ընթացքին մէկ բան կը լսէին՝ Տէր Զօր։ Գառնիկի մայրը՝ Ոսկեկիւլը, թուրք ձեւանալով, կը շեղի ճամբայէն եւ իր երեխաներով թուրքերու մօտ ապաստանիլ կը փորձէ։ Արդիւնքը գէշ կ՚ըլլայ։ Թուրք երիտասարդներ կը մտադրեն զիրենք սպաննել։ Այն վայրկեանին երբ անոնցմէ մէկը, դաշոյնը մերկացուցած, կ՚ուզէր սպաննել զիրենք, տարիքոտ թրքուհի մը կը միջամտէ, կ՚աղատէ զիրենք եւ իր տունը կը տանի։ Կինը կը կերակրէ Գառնիկն ու մայրը եւ թրքական հագուստ կը հագցնէ մօրը։ Քիչ ետք, կինը ճամբան ցոյց կա տայ անոնց եւ իր տունէն կը ղրկէ։ Գառնիկ իր մօրը հետ երբ Մալաթիոյ մէկ ամայի փողոցէն կը քալէր, կատու մը կը տեսնէ։ Կատուին ետեւէն կ՚երթան եւ հայու լքուած տուն մը կը մտնեն։ Հոն ոչ մէկ բան գտնելով՝ ետեւի դուռէն դուրս կու գան փողոց։

 

Մայր ու որդի իրենց ճանչցած տան մը առջեւ կը կենան եւ դուռը կը թակեն։ Կարապետ աղա (Կարապետ Պալթայեան) անունով հայ մը զիրենք ներս կ՚ընդունի: Շուտով իրենց շուրջը տասնեակ մը հայ կիներ կը հաւաքուին։ Արհեստաւոր ըլլալուն՝ Կարապետ աղան չէր աքսորուած։ Անոնց ապաստան գտած շէնքը հիւսուածեղէնի գործարան մըն էր, որու տնօրէնն էր Կարապետ աղան։ Բանուորներուն եւ բանւորուհիներուն բնակարանները քովի շէնքին մէջն էին։ Մայր ու որդի գործի կը լծուին այս գործարանին մէջ՝ իրենց ապրուստը ապահովելու համար։ Գործարանին մէջ բոլորէն աւելի խեղճ էին Գառնիկն ու Ոսկեկիւլը, որ բոլորին կ՚օգնէ եւ անտրտունջ կ՚աշխատի։

 

Ամիսներ ետք, օր մը Կարապետ աղայի ծանօթներէն Զապէլ անունով հայ կին մը գործարան կու գայ։ Զապէլի դուստրը բռնի կերպով ամուսնացուցած էին թուրք Շիւքրիւ էֆենտիին հետ։ Զապէլ կ՚առաջարկէ Ոսկեկիւլին շաբաթը մէկ անգամ իր տան փոքրութեան գործերը կատարել։ Ոսկեկիւլ կը համաձայնի։

 

Նոյն օրը Զապէլ Ոսկեկիւլը եւ Գառնիկը իրեն հետ իր տունը կը տանի։ Հոն կը պարզուի թէ Զապէլ ուրիշ նպատակու է որ զիրենք իրեն հետ տարած էր։ Ան կ՚աոաջարկէ Ոսկեկիւլին ամէն Ուրբաթ օրերը, մէջքին թիֆթիկ (բուրդի տեսակ մը) կապել եւ իրեն բերել՝ փոխարէնը ուտելիք ստանալու համար։ Ոսկեկիւլ կտրուկ կերպով կը մերժէ գողութեամբ ապրիլ։ Մայր ու որդի գործարան կը վերադառնան։

 

Յաջորդ Ուրբաթ օրը այնպէս կը պատահի, որ անոնք որեւէ բան չունէին ուտելու։ Ոսկեկիւլ շատ կը յուզուի եւ կը տառապի իր զաւակը անօթի վիճակի մէջ տեսնելով։ Թիֆթիկ գողնալու եւ Զապէլին տանելու գաղափարը ստիպողաբար կը գործադրէ ու երեկոյեան գործարան կը վերադառնայ լեցուն ուտելիքներով։

 

Տարի մը ետք, թրքական կառավարութիւնը գործարանը կը փակէ։ Բոլորը կը շարունակեն բնակիլ յարակից շէնքերուն մէջ, սակայն առանց աշխատանքի։

 

Շէնքիե մէջ կային ուրիշ հայ տղաներ, որոնց հետ Գառնիկը կը խաղար եւ երբեմն գետնախնձոր գողնալու կ՚երթար։ Երբ գողցուած ուտելիքները սենեակ կը բերէր, բնաւ չէր մոռնար բաժին հանել իրենց սենեկակից էլիզային։

 

Օր մը երբ Գառնիկ ընկերներով Մալաթիա քաղաքի մէկ ծայրամասի պարտէզին մէջ գետնախնձորի գողութիւն կ՚ընէր, յանկարծ կը հանդիպի իր մօրաքրոջ՝ Մարինոսի։ Յաջորդ օրը Գառնիկ իր մօրը միասին կը տանի Մարինոս մօրքուրին մօտ, զոր թուրքերը առեւանգած էին։ Տան մէջ իրենցմէ բացի ուրիշ մէկը չըլլալով՝ Մարինոս ու Ոսկեկիւլ իրարու հետ հայերէն կը խօսին։ Առեւանգողները երկու թուրքեր էին։ Անոնցմէ տարիքով երէցը, Մարինոսը երկու ամիս պահելէ ետք, զայն տուած էր միւսին։


Որոշ ատեն այս թուրք երիտասարդին հետ ապրելէ ետք, վերջինս թրքուհիի մը դրդումով ուզած էր սպաննել Մարինոսը։ Սակայն ետքը հրաժարելով այդ գաղափարէն, զայն իր եօթանասանամեայ հօրը նուիրած էր թէ՛ իբր կին եւ թէ՛ իբր խնամակալ։ Մարինոսը Ոսկեկիւլն ու Գառնիկը լաւ կերակրելէ յետոյ, անոնց բաւականաչափ ուտելիք տալով կը ճամբէ։ Հրաժեշտի պահուն, Մարինոս քրոջմէն կը խնդրէ զինք ալ հայոց մէջ տեղաւորեր:

 

Ոսկեկիւլ թրքական հագուստներով ծպտուած էր։ Նկատի առնելով, որ Մալաթիոյ մէջ բազմաթիւ թուրք գաղթականներ կային, թուրքերը չէին կասկածեր անոնց ինքնութեան՝ զանոնք թուրք կարծելով։

 

Գաղթի երկրորդ ձմեռը իր շատ սաստիկ պայմաններով կը ճնշէ բոլորին վրայ։ Ոսկեկիւլ թուրք ընտանիքի մը մօտ կ՚աշխատի՝ լուացք կ՚ընէ, ալիւր կը շաղէ եւ այլն։ Մայր ու որդի ցորենի թեփերով, սմբուկի եւ գետնախնձորի կեղեւներով կը սնանին։ Այդ ձմեռ իրենց սենեկակից մայրն ու դուստրը՝ Սառան եւ էլզան նոյն գիշեր կը մահանան։

 

Երբ գարունը կու գայ, սովն ու միւս անտանելի պայմանները չեն փոխուիր, ուստի Ոսկեկիւլ կ՚որոշէ Գառնիկը թրքական որբանոց դնել։

 

Երբ ուրիշ քաղաքներու պէս Մալաթիա ալ թուրք որբերով լեցուած էր, պետութիւնը որբանոցներ բացած էր։ Հայ որբերն ալ, որոնց թուրքերը իսլամական անուններ տուած էին, այս որբանոցները կը դրուէին։ Մայրը Գառնիկին անունը Հասան օղլու Մենդօ արձանագրել կու տայ Մալաթիոյ Խարազան մահլէի (Խարազան փողոց) որբանոցին մէջ, որ հայ կաթողիկէ եկեղեցիին շէնքն էր։ Գառնիկը թուրք որբերուն կը խառնուի։

 

Գառնիկի երկու տարիէ ի վեր կրած տառապանքները կարծէք բաւ չէին, այս անգամ ան դասարանին մէջ թուրք խաւարամիտ խոճայէն (ուսուցիչ) կը պատմուի։ Կերած ծեծէն ոտքին ներբանները կ՚ուռին եւ երկու օր անկողինը կը մնայ։ Որբանոցին մէջ շատ քիչ քանակութեամբ ճաշ կու տային։ Շնորհիւ իր ճարպիկութեան, Գառնիկ քանի մը անգամ կը յաջողի փորը կշտացնել։

 

Ան որբանոցի թուրք կարծուած որբերուն մէջ հայեր կը յայտնաբերէ։ Թուրք տնօրէնին կինն ալ հայուհի մըն էր, որ իրեն հետ բերած զաւակը Մուսթաֆա վերանուանած էր։ Օր մը յարմար առիթով մը այս կինը իր տան մէջ Գառնիկը կ՚ընդունի հոգատարութեամբ։ Ան Գառնիկի կը յայտնէ պատերազմին վերջացած ըլլալը։

 

Որբանոցին մէջ ղժուար կեանքը կը շարունակուի։ Պատանիները իրենց արկածախնդրութիւններով կը լեցնեն ժամանակը։ Շատ յուզիչ դիպուածով մը Գառնիկը իր սերտ ընկերներուն՝ Իպրահիմին եւ Սըտգըյին հայ ըլլալը կը յայտնաբերէ։ Որբանոցին պատասխանատուները կ՚որոշեն տղոց լոգանք տալ։ Լոգանքի ժամանակ Գառնիկի եւ Սըտգըյի (Յարութ) հայ ըլլալը կը պարզուի: Նոյն գիշեր այս երկուքը փախուստ կու տան որբանոցէն եւ Ոսկեկիւլի կը միանան։ Հոն էր նաեւ Մարինոս մօրքուրը, որ փախած էր գործարանին մէջ աշխատող Սրապ անունով հայու մը օգնութեամբ։

 

Պատերազմի վերջ գտնելուն լուրը Մալաթիոյ մէջ կը տարածուի։ Վերապրող հայերը կը վերադառնան։ Ամէն կողմ հայերէն խօսակցաթխն կը լսուէր։ Աւերակները կը վերաշինուին եւ բուխերիկներէն նոր ծուխ կը սկսի բարձրանալ։ Մալաթիոյ փողոցները կենդանութիւն կը ստանան։

 

Սրապը կը մտադրէ նոր խանութ մը բանալ։ Մարինոս թուրքի տունէն փախած ատեն իրեն հետ ոչ մէկ առարկայ կամ դրամ վերցուցած էր, բացի ատրճանակէ եւ դաշոյնէ մը, զորս Սրապի տուած էր։ Մալաթիոյ մէջ որբահաւաք տեղի կ՚ունենայ։ Հայկական ու ամերիկեան որբանոցներ կը բսւցուին։ Գառնիկը եւ Յարութը ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ կ՚աշխատին։ Շուտով, Գառնիկի մայրն ու մօրաքոյրը ամերիկեան հիւանդանոց-որբանոցին մէջ գործ կ՚ապահովեն։

 

Շատ չանցած, Սրապի առաջարկով եւ կարգադրաթեամբ, Գառնիկը, մայրն ու մօրաքոյրը Սեբաստիա կը տեղափոխուին։ Սրապ իբր կառապան կ՚աշխատէր Սեբաստիոյ նամակատան մէջ։ Գառնիկն ու մայրը Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութենէն նիւթական օգնութիւն կը ստանան։ Մայրը հարուստ հայոց մօտ կ՚աշխատէր։

 

Դժբախտաբար սակայն, թուրք ոստիկաններու շահատակութեան պատճառու, Սրապը եւ քանի մը ոստիկաններ կը ձերբակալուին։ Սրապի բարեկամներէն կօշկակար Հմայեակը Գառնիկը իր մօտ կ՚աշխատցնէ, զայն կը կերակրէ եւ շաբաթական աշխատավարձ կու տայ։ Որոշ ատեն Գառնիկ Հմայեակին մօտ կը մնայ։

 

Երբ դպրոցները կը բացուին, Ոսկեկիւլ Գառնիկը դպրոց կ՚ուղարկէ։ Գառնիկ շատ ուրախ էր դպրոցին մէջ։ Սակայն շուտով խլրտումներ կը սկսին, ուսուցիչներէն մէկը կը ձերբակալուի եւ այս հայկական դպրոցը կը փակուի։

 

Գառնիկը ամիս մը ընկերներով փողոցները կը թափառի։ Վարպետ Հմայեակը Գառնիկը սուրճ սարքող Ուստա Արամի մօտ գործի կը դնէ։ Շատ չանցած սակայն, Արամն ալ կը ձերբակալուի ու անոր խանութը կը փակուի։

 

Սրապը իր բանտարկութենէն երկու տարի ետք ազատ կ՚արձակուի եւ Գառնիկենց կը միանայ։

 

Ձերբակալութիւնները կը ծաւալին, քեմալական շարժումը կը զօրանայ։ Սեբաստիոյ բանտերը հայերով կը լեցուին։ Սրապը կ՚ամբաստանուի զէնք կրելու յանցանքով եւ կը գնդակահարուի։ Այդ օրերուն, Մուսթաֆա Քեմալի զօրքը Իզմիրը կը գրաւէ։ Որբանոցները Սամսոն, անկէ ալ՝ Յունաստան կը տեղափոխուին։ Ոսկեկիւլը Գառնիկն ալ որբերուն հետ կ՚ուղարկէ։ Ոսկեկիւլը չէր գիտեր, որ ութը երկար տարիներ յետոյ միայն, 1930-ին, իր որդին պիտի վերագտնէր Երեւանի կայարանը։

 

Յունաստանի մէջ Գառնիկ իր որբանոցի ընկերներով արկածալից կեանք մը կ՚ունենայ։ Ան իր հօրմէն՝ Խաչատուրէն նամակ մը կը ստանայ։ Հայրը Խորհրդային Հայաստան հաստատուած էր արդէն եւ իմացած, թէ Ոսկեկիւլը Պոլիս կը գտնուէր։

 

Ամերիկեան որբանոցին մէջ Գառնիկը ունէր նաեւ հայ ուսուցիչ ուսուցչուհիներ՝ ամերիկացիներուն կողքին։ Տնօրէնը կ՚առաջարկէ Գառնիկը Ամերիկա ուղարկել եւ հոն մէկու մը որդեգիր տալ։ Գառնիկ կը մերժէ, որովհետեւ իր իսկական հօր եւ մօր միանալ կ՚երազէր։

 

Ոսկեկիւլը Պոլսէն Հայաստան կ՚երթայ։

 

1930-ին Գառնիկ Հայաստան կու գայ։ Մինչ այդ, Խաչատուր 1923-ին ամուսնացած էր Անոյշի հետ։ Գառնիկ իր մօր՝ Ոսկեկիւլի հետ կ՚ապրի։ Գառնիկ կ՚ամուսնանայ Վարդուհի անունով աղջկայ մը հետ, որմէ կը ծնին Պերճը, Ալիսը եւ Արմէնը՝ Մայր Հայրենիքի մէջ։

 

Գառնիկ Ստեփանեան, «Մղձաւանջային Օրեր», խմբագրեց Արմէն Տէր ՍտեփանեանԵրեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2009, 590 էջ։ «Որբաշխարհ», Էջ 170-590։