Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armeniangenocide100
Կարո Մխիթարի պատմությունը
1915 թ., Խարբերդ
Կարո Մխիթարը Խարբերդի նահանգից է, ծնվել է հողագործի ընտանիքում: Ցեղասպանությունից հետո պատմել է, որ 1915-ին թուրքերը կոտորել են Մնձուր գետի ափին գտնվող գյուղի ամբողջ բնակչության երեք չորրորդից ավելին։ Կարոյենց տնից կոտորածին զոհ է գնացել 13 հոգի: Թուրքերն անամոթաբար բերում և ողջ մնացածներին ցույց էին տալիս սպանվածների հագուստները:
Մարտիրոս Խ. Թաշճեան կամ Կարօ Մխիթար ծնած է Խարբերդ նահանգի Չարսանճագ գաւառակի Կէօքթեփէ գիւղին մէջ։ Հողագործ ընտանիքի գաւակ է։ 1915-ին, թուրքերը Մնձուր գետի ափերուն գտնուող գիւղին ամբողջ բնակչութեան երեք-չորրորդէն աւելին կը կոտորեն։ Մարտիրոսի տունէն 13 հոգի զոհ կ՚երթայ այս կոտորածին։ Ան այս սպանդէն կազատի եւ գիւղին մնացորդացին հետ կ՚ապրի։
Թուրք գազանները գիւղի բնակիչներուն մեծ մասը երկու ժամուան մէջ կը կոտորեն։ Անոնք ողջ մնացողներուն անամօթաբար ցոյց կու տան զոհերուն հագուստները։ Շատ չանցած, ողջ մնացողները կը փորձեն Տերսիմ երթալ։ Անօթի ու բոպիկ, կը քալեն դիակներով լեցուն ճամբաներէն։ Նէնէն (մեծ մայրը) հինգ տարեկան Սեդրակ եղբայրը շալկած կ՚ընթանայ։ Մարտիրոս զէնք մը ունէր։ Քիւրտ մը կը մօտենայ եւ անոր զէնքը կը խլէ։ Ուրիշ մը զէնքին կոթով նէնէին գլխուն կը զարնէ։ Իրենք իրենց բախտին ձգուած՝ կը քալեն…։ Անօթի եւ ծարաւ, անոնք բանջարով ու ջուրով կ՚ապրին։ Կենդանիներու թրիքներէն ցորենի եւ գարիի հատիկները զատելով՝ կ՚ուտեն։ Երբ լերան ստորոտը կը հասնին, կատաղի հրացանաձգութիւն կը սկսի։ Խուճապի մատնուած՝ ձորին միւս կողմը կ՚անցնին եւ քարայր մը կը մտնեն։ Կարճ ժամանակ ետք, անոնց խումբը աւերակ դարձած Կէօքթեփէ կը վերադառնայ: Կը կանգնին իրենց աւերակ դարձած պապենական տան առջեւ։ Ամէն կողմ սով է։ Կայ նաեւ թուրքին կողոպուտը։ Երկար ժամանակ, Մարտիրոս թուրքի մը մօտ ծառայութիւն կ՚ընէ։
Օր մըն ալ կրկին կը փորձեն հեռանալ գիւղէն։ Ողջ մնացած արու երեխաները կը թլփատեն։ Թրքացնելու աոաջին փորձն էր այս։ Մայրենի լեզուով խօսողները կը հետապնդուին։ Անոնք համագիւղացի Ոսկերչոնց «Քէլլէկճի» Աւետոյէն կը խնդրեն զիրենք Խարբերդ տանիլ։ Բարի Աւետօն կ՚առաջնորդէ զանոնք։ Եփրատը անցնելով, քիւրտի մը տան մէջ կը գիշերեն։ Հոն կունենան հաց, պանիր ու կարագ։ Հետեւեալ օրը երկար քալելով Մեզիրէի գիւղերը կը հասնին։ Երբ Մեզիրէի կը մօտենան, ճամբան սատկած ձի մը կը տեսնեն։ Նէնէն զմելի մը կու տայ Մարտիրոսի, որ ձիուն միսէն փրցնելով պաշար հաւաքեն։
Սատկած ձիուն միսը իրենց հետ առնելով` Սարսըրին գիւղին մէջ իրենց ծանօթ կոյր Մղտես ամուին տունը կ՚երթան։ Երեկոյեան, ճաշի պատրաստութիւն կը տեսնեն եւ սատկած ձիուն միսը եփելով՝ կ՚ուտեն։ Երկար ատեն տառապելէ ետք, ամերիկաբնակ իրենց հօրեղբայրներէն նիւթական օգնութիւն կը ստանան։ Ապա Սարսըրին գիւղէն կը հեռանան եւ կ՚երթան Փէրչէնճ գիւղը՝ հարուստ թուրք Թաթարենց Ահմէտ աղային մօտ։ Բոլորն ալ անոր մօտ կ՚աշխատին։
Մարտիրոսը Թաթարենց Ահմէտ աղայի մօտ «լուծք» վարելու կը տանին։ Այս գործը շատ դժուար էր։ Մարտիրոս կը մտադրէ Խարբերդի որբանոցը մտնել։ Առտու մըն ալ ան ճամբայ կ՚ելլէ եւ Խարբերդ քաղաքին վերի մասը կը հասնի։ Որբանոցը կապոյտ շէնք մըն էր, որուն դրան առջեւ, անօթի եւ ծարաւ, գիշերը կ՚անցընէ բախտակից ուրիշ հայ պատանիներու հետ։ Մարտիրոս հոն իբր որբ կ՚արձանագրուի։ Անոր նոր հագուստներ կու տան եւ օր. Լուսիայի ղեկավարած 13-րդ որբանոցը կը դնեն։
Մարտիրոսը որբանոցին դպրոցը կը յաճախէ։ Ան իր մայրենի լեզուն կը վերագտնէ: 19 Դեկտեմբեր 1919-էն մինչեւ Մարտ 1922 ան դպրոց կը յաճախէ։
Շատ չանցած, որբանոցին կեանքը կը փոթորկի։ Որբանոցին պատսպարեալները կը փոխադրուին Պոլիս, ապա՝ Յունաստան, Սուրիա եւ Լիբանան։ Մարտիրոս Խարբերդի մէջ իր ծնողքին կը միանայ։ Շնորհիւ Գիւտ եպիսկոպոսին, ան անցագիր կը ստանայ։ 15 Նոյեմբեր 1922-ին կարաւանը ճամբայ կ՚ելլէ Խարբերդէն, կ՚անցնի Մալաթիայէն եւ Պեհեսնիէն։ Զանազան տուներու մէջ կ՚օթեւանին։ Պեհեսնիի մէջ թուրքերը կը կողոպտեն զանոնք։
Պեհեսնիէն ճամբայ կ՚ելլեն եւ կարաւանը ահա՛ կրկին վտանգի կը հանդիպի։ Կատաղի հրացանաձգութիւն մը կը սկսի։ Ժողովուրդը սարսափի կը մատնուի։ Կարաւանը 2,000 անձեր կը հաշուէր՝ հայեր եւ յոյներ։ Կարաւանը պաշտպանող հայերէն քանի մը հոգի կը նահատակուին։ Ուրիշներ կը խոշտանգուին։ Այդ շրջանին մէջ քիւրտ աշիրէթապետ մը կ՚օգնէ կարաւանին որ յառաջխաղացքին։
Անօթի, ծարաւ եւ յոգնած՝ կը հասնին Այնթապ։ Ապա Գաթմա կ՚երթան, ուր վրաններու տակ կը գիշերեն։ Այլեւս ապահով էին։ Յաջորդ առտու անոնք շոգեկառքով Հալէպ կ՚երթան։ Վեց օրուան ճամբան հազիւ երեսունմէկ օրէն կտրած էին…։
Կարօ Մխիթար (Մարտիրոս Խ. Թաշճեան)Պանդուխտի Մորմոքներ», Պէյրութ, 1979, 199 էջ, էջ 5 – 11: