Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
«Հորիզոն»ի հարցազրոյցը ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մոսիկ Արզումանեանի հետ
Հ.- 2011 թուականին սկիզբ առած են ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպած Վանաձորի ամառնային ճամբարները, տարեկան դրութեամբ: Հակիրճ կերպով կրնա՞ք անդրադառնալ ճամբարին պատմականին, նպատակին եւ հոն իրականցուող ծրագիրներուն:
Մ.Ա.- Վանաձորի ճամբարը սկիզբ առած է 2011 թուականին, տեղի կ’ունենայ տարեկան դրոյթով (մէկ տարուան ընդհատումով), որուն ամէնէն կարեւոր նպատակներէն մէկն է հայրենիքի հետ կապեր հաստատել: Ճամբարներու նախաձեռնութիւնը մեզմէ առաջ ուրիշներ սկսած էին, յատկապէս Ամերիկայի մեր ընկերները, հետեւաբար անոնց օրինակով եւ Պատգամաւորական ժողովին որոշումով, մեր ամառնային ճամբարները սկիզբ առին, եւ որովհետեւ Լոռիի մարզը նշանակուած էր որպէս Գանատայի շրջանին քոյր քաղաք, Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքը ճշդուեցաւ որպէս մեր ճամբարներուն կայան: Նախ ըսեմ, որ միայն Վանաձոր քաղաքի պատանիները չեն, որոնք կը մասնակցին, այլ մօտակայ շրջաններէն եւ գիւղերէն ալ կու գան:
Ճամբարականներուն թիւը կը տարուբերի 175-300-ի միջեւ, անոր համեմատ ալ վարիչներուն թիւը ամէն տարի կը տարբերի, եւ որպէսզի տեղացի երեխաներուն հետ աւելի հեզասահ ընթանայ մեր հաղորդակցութիւնը, Հայաստանի Ընդհանուր Վարիչ Մարմնին թելադրանքով, Հայաստանէն եւս վարիչներ կը մասնակցին մեզի հետ՝ Վանաձորէն, Երեւանէն եւ այլ շրջաններէ:
Այս տարի պիտի մասնակցին 13 վարիչներ, 12-ը Քեպէգէն եւ մէկ ընկերուհի՝ Թորոնթոյէն: Առաջին անգամ ըլլալով Կեդրոնական վարչութիւնը նոր դրութիւն մը ստեղծեց. նախապէս վարիչներու կազմը կ’ունենար տնօրէն մը, որ կազմակերպական բոլոր հարցերով կը զբաղէր, իսկ այս տարի, որպէսզի լաւագոյնս կատարուին այս աշխատանքները, որոշուեցաւ ունենալ արտաքին կապերու պատասխանատու, որ պիտի ստանձնէ տեղական կոմիտէներուն հետ կապերը, գնումները եւայլն, եւ ներքին աշխատանքներու տնօրէն, որ պիտի ստանձնէ ներքին կազմակերպական բաժինը:
Ներգանատական առումով ճամբարին նպատակներէն մէկն է նաեւ, որ մեր երիտասարդները երթան եւ ուղղակի շփում ունենան Հայաստանի մեր ժողովուրդին եւ երեխաներուն հետ, սերտանան կապերը մեր երիտասարդներուն եւ հայրենիքի միջեւ:
Դաստիարակչական ծրագիրը կը ճշդէ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը, որ արդէն տպած է գրքոյկներ, արեւելահայերէն եւ պատկերազարդ, որպէսզի մատչելի ըլլան պատանիներուն: Մենք պիտի օգտագործենք զանոնք, բայց նաեւ արտօնութիւնը ունինք աւելցնելու նիւթեր, ըստ մեր հայեցողութեան, իսկ մնացեալ ժամանցային ծրագիրները՝ խաղեր, մրցոյթներ եւ այլն, մենք կը պատրաստենք: Այս տարի մեր ծրագիրին մէջ պիտի շեշտուին մարդակերտումի գաղափարները, եւ ոչ միայն ՀՅԴ գաղափարաբանութիւնը, որովհետեւ մեր թիրախն է մարդկային եւ ազգային արժէքներու փոխանցումն ու ամրապնդումը:
Պատգամաւորական ժողովը նաեւ յարմար նկատեց, որ մասնագիտական նիւթեր՝ համակարգիչի, ընկերային ցանցերու կամ օտար լեզուներու տիրապետելու վերաբերեալ, եւս ներառուին մեր ծրագրին մէջ: Մտադրութիւն կայ այնտեղ պատանեկան միութիւն ալ ստեղծելու, ըստ ճամբարին մասնակցող պատանիներուն փափաքին, որոնք մեր օրինակին հետեւելով կը փափաքին մաս կազմել այս կազմակերպութեան, եւ որուն քարոզչութիւնը կը տանինք մեր այցելութիւններով եւ դասախօսութիւններով, որովհետեւ մենք, որպէս սփիւռքահայ երիտասարդներ, կը հաւատանք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը լաւագոյն միջոցն է հայրենիքին ծառայելու. կը շեշտեմ՝ միջոց եւ ոչ թէ նպատակ, որովհետեւ հայրենիքն է գերագոյն նպատակը:
Այս տարի, ինչպէս գիտենք, Վանաձորի մէջ բաւական մեծ թիւով արցախցի ըինտանիքներ տեղակայուած են, եւ անշուշտ մեր բուռն փափաքն է, որ մեր արցախահայ պատանիներն ալ մասնակցին այս ճամբարին, որոնց համար հոգեբանական դասախօսութիւններ եւս նկատի ունինք, որպէսզի զանոնք յուսահատութենէ դուրս բերենք, մղենք զիրենք հայրենիքին ծառայելու եւ Արցախի վերատիրանալու յոյսը վառ պահենի իրենց սրտերուն մէջ:
Հ.- Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած է նաեւ հայաստանագնացութիւն. ի՞նչ նպատակաւ այս որոշումը առնուած է:
Մ. Ա.- Հայաստանագնացութեան ծրագիրը երկշաբաթեայ աշխատանքային եւ դաստիարակչական բնոյթի ծրագիր մըն է, որուն վերջին քանի մը օրը պիտի յատկացուին նաեւ պտոյտներու: Դաստիարակչական ըսելով ունինք այցելութիւններ պատմական եւ մշակութային վայրեր, ուր մեր ընկերներուն պիտի փոխանցուի պատմական տեղեկութիւններ եւ դաստիարակչական դասախօսութիւններ: Պիտի ունենանք հանդիպումներ զանազան դէմքերու հետ՝ քաղաքական, զինուորական եւայլն, մեր երիտասարդներուն հնարաւորութիւն տալու համար, որ շփուին այս մարդոց հետ եւ նոր փորձառութիւն ձեռք բերեն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այս մէկը կրնայ ներշնչել մեր երիտասարդները եւ երբ վերադառնան՝ կրնան փոխանցել այդ փորձառութիւնը իրենց ընկերներուն: Նպատակը մեր երիտասարդներուն հասկցնել է, որ Հայաստանը սոսկ զբօսաշրջիկութեան վայր չէ, այլ հայրենիք է, եւ հայրենիքը մեզի համար բացարձակ արժէք է: Պէտք է մեր ընկերները գիտակցին, որ կարելի չէ Հայաստան այցելել առանց Եռաբլուր, Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ այցելելու, առանց Պռօշեան գիւղեր այցելելու, առանց նահատակներու ծնողներուն եւ ընտանիքներուն այցելելու, որովհետեւ այսօր մենք Հայաստանի գոյութիւնը կը պարտինք այս մարդոց:
Հայաստանագնացութեան այս ծրագիրը նաեւ կ’ընդգրկէ ընկերային կողմ մը, այսինքն՝ Հայաստանը չմնայ վերացական գաղափար, այլ շօշափելի իրականութիւն դառնայ, գետնի վրայ շաղուինք մեր ժողովուրդին հետ, տեղացիներուն հետ, որպէսզի ըմբռնենք, որ Հայաստանը միայն Երեւան չէ, միայն Հիւսիսային պողոտայ չէ, Հայաստանը նաեւ մեր գիւղերն են, մեր շրջանները, մեր կոթողները:
Ծրագրին մէջ նկատի ունինք նաեւ Արցախի պետական մարմիններու հետ հանդիպումներ, որպէսզի մեր երիտասարդները գիտնան նաեւ, որ իւրաքանչիւր հայ իր հայրենիքին զինուորն է. զինուոր ըսելով ըսել չեմ ուզեր անպայման զէնք ու կռիւ, հայրենիքի զինուոր ըլլալ կը նշանակէ նուիրում, հաւատք եւ կարգապահութիւն: Հետեւաբար իւրաքանչիւրս հայրենիքի ու Արցախի հանդէպ ունինք մեր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը, իւրաքանչիւրս իր կարելիութիւններուն համեմատ:
Հ.- Վերջերս Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց, թէ կը զօրակցի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման: Այսօր որպէս ՀՅԴ-ի երիտասարդութիւն, ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Մ.Ա.- Շարժման կարգախօսէն սկսելով՝ «Հայ, Հայաստան, Հայրենիք ու Աստուած», ասոնք արժէքներ են, որոնք անբաժան են հայրենիքի եւ պետականութեան գաղափարէն: Այսօր երբ շարժում մը մէջտեղ եկած է ընդդէմ դաւադիր իշխանութեան մը, որ իր պետական խորհրդանիշներէն կը հրաժարի, պետական ու ազգային արժէքները կ’ուրանայ, ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ կը դնէ, հայոց պատմութեան խեղաթիւրուած դասագիրքեր կը հրամցնէ մեր նոր սերունդներուն, կը թունաւորէ մեր ժողովուրդին ուղեղները, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է անոր դէմ դնել եւ կանգնիլ այս շարժման կողքին: Այսօր երբ մեր հայրենի ժողովուրդը անդրադարձած է այս բոլորին եւ ոտքի կանգնած, Բագրատ Սրբազանին առաջնորդութեամբ, եւ մանաւանդ երբ շարժումին ղեկավարը հանդէս կու գայ շեշտելով սփիւռքի դերը եւ կը փորձէ համախմբել հայրենիքն ու սփիւռքը, որ հսկայական մարդուժ կը ներառէ, մենք որպէս ՀՅԴ երիտասարդութիւն, անպայմանօրէն պէտք է արձագանգենք:
Մենք, որպէս սփիւռքահայ երիտասարդութիւն, որպէս Դաշնակցական երիտասարդներ կը զօրակցինք «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» ժողովրդային շարժման, եւ մեր պարտականութիւնն է պատնէշի վրայ ըլլալ եւ դէմ դնել շարժման դէմ կատարուող հակաքարոզչութեան: Մենք կը շեշտենք, որ ՀՅԴ երիտասարդականները ընդհանուր առմամբ եւ Գանատայի երիտասարդականը յատկապէս, պատրաստ ենք ի կատար ածելու որեւէ աշխատանք, որ մեզի կը վստահուի այս առումով:
Մեզի համար նաեւ եկեղեցին բացարձակ արժէք է, որովհետեւ եկեղեցին մեր պետականութեան խորհրդանիշներէն մէկն է: Հայկական եկեղեցին եղած է ու կը մնայ հայապահպանման առաջին կռուանը, որովհետեւ մեր պատմութեան ընթացքին եղած են դարաշրջաններ, երբ մենք պետականութիւն չենք ունեցած, բայց եկեղեցին պահպանած է մեր ինքնութիւնը: Մենք այսօր կը վստահինք այս շարժման առաջնորդին, կը վստահինք մեր ժողովուրդին, եւ մենք ալ մեր կարգին մեր կարելին կ՚ընենք սատարելու անոր:
Հ.- Ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր ՀՅԴ-ի Գեմ-ը, ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, ի՞նչ ծրագիրներ իրագործուեցան այս տարի եւ ի՞նչ են յառաջիկայի ծրագիրները:
Մ.Ա.- Գանատայի մէջ մենք ունինք 2 մեծ շրջաններ. Քեպէգը՝ Մոնթրէալ եւ Լաւալ, եւ Թորոնթօն, որոնց հիմնական մարտահրաւէրները նիւթական եւ կազմակեպչական հարցերն են: Ունինք նաեւ համեմատաբար 2 աւելի փոքրաթիւ մասնաճիւղեր՝ Գեմպրիճն ու Վանգուվըրը, ուր հիմնական մարտահրաւէրը մարդուժի հարցն է:
Նիւթականի հարցով լուրջ խնդիրներ կ’ունենայ մեր միութիւնը, ինչպէս միւս բոլոր մեր միութիւնները, որովհետեւ բոլորս ալ, յատկապէս վերջին տարիներուն մեր ժողովուրդին ապրած աղէտներուն պատճառաւ, ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ, ըլլայ Արցախի թէ Հայաստանի մէջ, մեր լուման տրամադրեցինք մեր ժողովուրդին: Հետեւաբար այս տարի Կեդրոնական վարչութիւնը, համագործակցելով Կեդրոնական կոմիտէին հետ, կարելիութիւնները կը քննէ, որ երիտասարդականն ալ ունենայ իր հանգանակութիւնը: Մենք կը հաւատանք, որ որպէս ղեկավար մարմին, առաջին հերթին մեր պարտականութիւնն է նաեւ մեր շրջաններուն վրայէն նիւթական բեռը թեթեւցնել, որպէսզի կարենան կեդրոնանալ դաստիարակչական, ընկերային եւ այլ ծրագիրներու վրայ:
2023-2024 տարեշրջանին Կեդրոնական վարչութիւնը նախ վերաթարմացման ենթարկեց դաստիարակչական ծրագիրը, որ խարիսխն է մեր ապահովման, շրջաններու հետ կապերը ամրապնդուեցան, կարգ մը այցելութիւններ կատարելով՝ մանաւանդ Ամերիկայի շրջաններ, ոպէսզի փորձառութիւններու փոխանակում ըլլայ: Անցնող օրերուն համագանատական սեմինարը իրագործուեցաւ, որուն մասնակցեցան մօտաւորապէս 140 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որուն ընթացքին ունեցանք դասախօսներ. մէկը Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն ընկեր Սեւակ Պէլեանն էր եւ 3 դասախօսներ Ամերիկայէն, որոնք արդէն Գանատա կը գտնուէին, զեկոյցներ տալու Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին եւ որոնք աշխատանոցներ ունեցան մեր երիտասարդներուն հետ: Այս մէկը բաւական ոգեւորեց մեր երիտասարդները:
Ունինք Վանաձորը, Հայաստանագնացութիւնը, հանգանակութիւնը, ինչպէս յիշեցինք, եւ գործելաոճի փոփոխման ծրագիր, որուն վրայ կ’աշխատինք արդէն:
Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը ունի 2 ծրագիրներ, որոնց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութիւնը որոշեց իր ներդրումը ունենալ. մէկը Վերելք ծրագիրն է, որ արհեստավարժ երիտասարդներ պատրաստելու ծրագիր մըն է եւ որ լուրջ նիւթական միջոցներու կը կարօտի, առաւել e-learning առցանց դաստիարակչական հարթակը, ուր յատուկ մասնագէտներու կողմէ գաղափարական, պատմական եւ յեղափոխական նիւթեր պիտի զետեղուին արդական ձեւերով:
Հայաստան գտնուող արցախցի երիտասարդութեան սատարելու նպատակաւ, իրենց յատկացուելիք կրթաթոշակի ծրագիր մըն ալ ունինք, որ հաւանաբար այս տարի անպայման չհասնի իրագործուելու, բայց վստահ եմ, որ յառաջիկայ տարի ի կատար կ’ածուի:
Տեղեկատուական հարթակ մըն ալ հիմնելու ծրագիր մը կը սերտուի, որ Արծիւն է: Արծիւը մեր պաշտօնական օրկանն է, երբեմն տպագիր լոյս տեսած է եւ երբեմն ալ առցանց, սակայն մտադիր ենք զայն վերածելու տեսալսողական եւ գրաւոր հարթակի մը, որ ոչ միայն գաղափարական մեր քարոզչութեան կայքը ըլլայ, այլ դառնայ ընդհանուր մեր երիտասարդութեան եւ պատանիներուն հարթակը մեր գաղութէն ներս, նկատի առած որ մեր հիմնական նպատակը արդիականացած երիտասարդութիւն պատրաստելն է, արդիական միջոցներով եւ ծրագիրներով:
Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան