կարևոր
2017 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-03 14:09
Քաղաքական

Ո՛ չ ըսենք բազուկ ոլորողներուն

Ո՛ չ ըսենք բազուկ ոլորողներուն

Երեւանի լրատուութենէն՝ Երեքշաբթի, 2 Մայիսին. արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ կ’ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Պլինքընի եւ Պայրամովի գլխաւորած պատուիրակութեանց հետ, խաղաղութեան համաձայնագիր մը բանաձեւելու համար: Ամերիկեան աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ «դրական արդիւնքներ սպասելի են», բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ քանի մը օր…: Կ’ըսուի նաեւ, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով մօտերս կրնան հանդիպում ունենալ Մոսկուայի մէջ եւս:

Եթէ փորձենք թափանցել այս հաւաստիքներուն խորքը, կարելի է հետեւցնել, որ հայկական կողմը առնուած է աքցանի մէջ, որպէսզի ընդունի խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքել Ատրպէյճանի հետ: Ու եթէ յիշողութիւնները բորբոս չեն կապած, կրնանք նաեւ հետեւցնել, որ առաջադրուած համաձայնագիրը, ինչպէս նախընթաց գրաւոր ու բանաւոր համաձայնութիւնները՝ նոր առաւելութիւններ պիտի ընծայէ Ատրպէյճանի, որովհետեւ հայկական կողմը արդէն իրողապէս հրաժարած է Արցախէն, ազերիական ուժերը սահմանային անցակէտ դրած են Հայաստանը Արցախին կապող ճամբուն վրայ, պաշտօնականացուցած են այդ կէտէն անդին տարածուող տարածքը ազերիական հող նկատելու հանգամանքը: Արցախցիք բնականաբար անընդունելի կը նկատեն այս վիճակը, բայց… զանոնք լսող չկայ, ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ «բարեմիտ միջնորդներու» կողմէ:

Այս է չար ու չոր իրականութիւնը: Ահա՛ թէ ինչպիսի՜ յառաջդիմութիւններ կ’արձանգրեն ուաշինկթընեան բանակցութիւնները: Հա՛, չմոռնանք, որ Երեւանի իշխանաւորները ունին նոր յանկերգ մը. ամէն ճիգ կ’ընեն, որպէսզի Ստեփանակերտն ու Պաքուն ուղղակի բանակցին, յստակացնեն շրջանի հայերուն մշակութային եւ մարդկային իրաւունքները: (Ի՞նչ ինքնորոշում, քաղաքական ի՜նչ իրաւունք… Մոռցէ՛ք այդ «զգացական բաները», հիմա խօսքը մնացած է նահանջէ նահանջ տանող «ռէալ փոլիթիք»ին):

***

Կրնանք բազում յիշեցումներ արձանագրել, թէ Արցախն ու անոր հետ Հայաստանը ինչպէ՞ս եւ որո՛ւ «վարպետութեան» ճամբով հասան այժմու վիճակին: Գոնէ մէկ կէտ արձանագրենք հոս. Արցախի մեծագոյն բաժինին կորուստէն եւ մնացեալն ալ ազերիական տարածք ընդունելէ ետք, Երեւանի իշխանաւորները քայլ առ քայլ կը նահանջեն նա՛եւ Հայաստանի հողերէն, խոստովանած են, որ ազերիական ուժերը աւելի քան 150 քառ. քլմ. խլած են Հայաստանէն, մինչդեռ իրազեկ աղբիւրներ կ’ըսեն, որ ազերիներուն գրաւած, առաւել՝ անոնց հսկողութեան տակ ինկած գօտիները շատ աւելի ընդարձակ են, իսկ շղթան կրնայ երկարիլ, որովհետեւ Ատրպէյճան բազմաթիւ գիւղերու մասին պահանջ ներկայացուցած է Հայաստանի իշխանաւորներուն (մի գուցէ նաեւ անգիր համաձայնութիւն գոյացուցած են անոնց յանձնումին մասին, ինչպէս եղան Շուշիի, Քարվաճառի, Բերձորի, Աղաւնոյի, յետոյ՝ Գորիս-Կապան ճամբուն, Սեւ լիճի գօտիին, Ջերմուկի բարձունքներուն եւ… եւ…):

Հարցը, էական հարցը այն է, որ հայութիւնը լուռ հանդիսատես է եւ համակերպած՝ պարտուողական, զիջումի եւ թշնամիին մշակած «ճամբու քարտէս»-ին բոլորանուէր կերպով ընթացք տալու իշխանաւորներու երթին: Ընդդիմադիրներուն, հայրենիքին տիրութիւն ընելու յանձնառու բոլո՛ր ընդդիմադիրներուն այն առարկութիւնները, թէ՝ «ժողովուրդին քուէով ընտրուած» իշխանութիւնը իրաւասու չէ նման նահանջներ արձանագրելու, իրաւասու չէ Սահմանադրուիւնը ոտնատակ ընելու՝ նմանապէս իր դիմաց կը գտնէ անտարբեր կրաւորականներու «բանակ» մը. իսկ թէ Հայաստան ինչո՞ւ կրկին ինկած է աքցանի մէջ, արդէն կը հետեւի սնանկ վարքագիծ ունենալու իշխանութեան հանգամանքին:

…Աւելի քան 14 տարի առաջ, Երեւանի այդ օրուան իշխանութիւնը եւս բռնուած էր աքցանի մէջ, բացած էր «ֆութպոլային քաղաքականութեան» եւ հայ-թրքական հաշտեցումի թղթածրարը, որ բանաձեւուեցաւ «փրիթոքոլներով»: Տարիներ ետք, ամերիկացի կնքամայր-նախարարը՝ Հիլըրի Քլինթըն բացայայտեց, որ ինք «թեւեր ոլորելու» քայլերու դիմած էր, հասնելու համար փրոթոքոլներուն ստորագրումին:

Յետոյ ի՞նչ եղաւ: Հայութիւնը, ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստան-Արցախէն մինչեւ սփիւռքեան ծագեր, անդրադարձաւ, որ «ժողովուրդին քուէն ունեցող» իշխանութիւնը կը քալէ վնասաբեր ճամբէ, ոտքի կանգնեցաւ եւ պարտադրեց, որ իշխանաւորները հնարքը գտնեն վախճանական կէտին՝ վերջնական կորուստներու չտանին մեր հայրենիքը: Ու պատահեցաւ, որ փրոթոքոլներուն ձախողեցման պատասխանատուն դարձաւ… Թուրքիան (չմտնենք պատմական մանրամասնութիւններուն մէջ), Հայաստանին ու անոր պատմական իրաւունքներուն տիրութիւն ընող ժողովորդը շահեցաւ կարեւոր ճակատամարտ մը:

Նման համաժողովրդային ընդվզում յառաջացած էր անկէ մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, երբ նմանապէս ժողովուրդին քուէով ընտրուած Լեւոն Տէր Պետրոսեանին՝ նոյն ժողովուրդը պարտադրեց հրաժարիլ պաշտօնէն, որովհետեւ տեսաւ, որ ան հաւատարիմ չէր իր խոստումներուն, ինկած է հայրենիքը կորուստի տանող ճամբու մէջ:

Հիմա՞…:

Հիմա մեր ժողովուրդը կարծէք թէ համակերպած է հայրենիքի կորստեան գաղափարին, որ կաթիլ առ կաթիլ իրեն ներարկուեցաւ մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր (չանտեսենք նախընթաց տարիներու քարոզչութիւնը), բայց մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին:

Արդեօք պատմութեան մէջ կարելի՞ է գտնել ժողովուրդ մը, որ ա՛յս աստիճան կլանուի ինքնակորստեան, հայրենիքը սեփական ձեռքով, իրականին մէջ՝ իր ընտրած իշխանաւորներուն ձեռքով կորսնցնելու թակարդին մէջ: Փաստօրէն, ներկայ վիճակը գլած-անցած է ո՛չ միայն փրոթոքոլներու օրերը, այլ նաեւ այն տարիները, երբ օտար բռնապետի մը՝ Ստալինի կամայական կարգադրութեամբ, Նախիջեւանն ու Արցախը նուէր տրուեցան Ատրպէյճանի: Ու եթէ այդ օրերու հայ համայնավար իշխանաւորները կրնային մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց քողերով ապասպարուիլ, այսօր, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի իշխանաւորները միայն մէկ քող ունին. «Ժողովուրդը ընտրած է մեզ. կ’ընենք այն՝ ինչ որ կ’ուզենք»: Եւ, կրկնենք, զանգուածային կրաւորականութիւնը, անտարբերութիւնն ու ինքնալքումը, հայրենալքո՛ւմը կը մնան տիրական, կրնան արձանագրուիլ մրցանիշներու «Կինէս»-ի գիրքին մէջ:

Բայց իսկապէս ա՞յս է ժողովուրդին ուզածը. ժողովուրդը այս «խունթան» ընտրեց, որպէսզի վերջնականապէս հրաժարի՞նք Արցախէն, վաղը նաեւ՝ պատառ-պատառ թշնամիին յանձնենք Հայաստանը:

Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ, ի՛նչ ալ որ մտածեն, ինչպէ՛ս որ ալ շարունակեն իրենք զիրենք խաբել այս իշխանութեան հետեւորդները (որակումշները թողունք ընթերցողին): Եւ սպասելի է, որ նոյնինքն այդ խաբուողներն են որ շուտով բանան իրենց աչքերը, եւ հայրենիքին պաշտպանութեան, կորուստներուն վերականգնումին համար իրենց ձեռքերը միացնեն երէկ եւ այսօր «ընդդիմադիր» կոչուողներու փաղանգներուն: Մեր ժողովուրդը, ինչպէս անցեալի մարտահրաւէրներու օրերուն՝ դարձեալ ո՛չ պիտի ըսէ այս կամ այն կողմէն «բազուկ ոլորորղներուն» եւ քաղաքական իմաստութեան վերադառնալով՝ պիտի վերատիրանայ երկրի անտիրական թողուած ղեկին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ