կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-26 14:37
Սփյուռք

Խմբագրական. Բացառե՛լ Առաջին Ընտրանքը

Խմբագրական. Բացառե՛լ Առաջին Ընտրանքը

Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութիւնը համալիբանանեան խորհրդակցութիւն կազմակերպելու առումով բախեցաւ որոշ դժուարութիւններու: Ներլիբանանեան հեռակայ բանավէճերը, փոխադարձ մեղադրանքները, հեռակառավարելիութեան իրողութիւնը եւ միջհամայնքային լարուածութեամբ յառաջացած գրեթէ նախաբախումնային կացութիւնը խոչընդոտներ էին, որ թէ՛ ձեւաչափով եւ թէ՛ բովանդակութեամբ արագօրէն կայանար համալիբանանեան խորհրդակցութիւնը:

Ասով հանդերձ առնուած քայլը օրինաչափ էր եւ ակնկալելի` հանրապետութեան նախագահին կողմէ:

Քաղաքացիական անհնազանդութեան բողոքի դրսեւորումներէն մինչեւ համակարգային փոփոխութեան պահանջ, լիբանանեան դրամանիշի գահավիժումէն մինչեւ զանգուածային ծայրայեղ աղքատացման երեւոյթներ` քաղաքական անորոշութեան, տնտեսական եւ ֆինանսական ճգնաժամի նոր տարողութիւններ կը նախանշեն եւ հետագայ իրադարձութիւններու անկանխատեսելի ընթացքներու համոզումը կը փոխանցեն:

Քաղաքական բանականութիւնը կը դիտարկէ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ Լիբանանէն դուրս կը կասեցուին, կը վերագործարկուին, կ՛արգելակուին կամ կը թոյլատրուին գործընթացները, եւ այստեղ լիբանանեան պետական կամ հասարակական դաշտերը պարզապէս ականատես կ՛ըլլան այլոց բախումներուն թէ համաձայնութիւններուն: Քարացած այս համոզումը իր հերթին անզօրութեան կամ անյուսալիութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ չ՛օգներ հանգուցալուծման ուղիներ որդեգրելու համալիբանանեան կամքի դրսեւորման կայացման:

Երկրին կաթուածահար վիճակը քննարկելու եւ այդ բոլորէն առաջ միջհամայնքային համախոհութիւնը վերականգնելու առաջադրանք ունէր համալիբանանեան խորհրդակցութիւնը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին դրած երկընտրանքի տեսութիւնը հրամայական նշանակութիւն ունի այս պարագային: Ընտրել կա՛մ սադրանքի եւ պատերազմի ճանապարհը, կա՛մ համախոհութեան եւ համագործակցութեան ուղին: Սադրանքը, դաւադրութիւնը կրնան աւելի սերտօրէն կապուած ըլլալ տարածաշրջանային ծրագիրներու, կառավարելի (կամ անկառավարելի) քաոս յառաջացնել ծրագրողներուն, տարածաշրջանն ու այս պարագային այս երկիրը միջդաւանանքային բախումնային երկարատեւ վիճակներու մէջ պահել ուզողներուն քաղաքականութեան հետ:

Մինչդեռ, երկրորդը` համալիբանանեան, այս պարագային զուտ ազգային մեկնակէտէ թելադրուող որոշում է, որ փոխզիջումներ կ՛ենթադրէ, որ յամենայն դէպս զիջում է շահելու համար երկիրը, պետութիւնը:

Չափազանցութիւն չէ եթէ ընդգծենք, որ պետութեան կազմաքանդումի վտանգն է, որ կը սպառնայ Լիբանանին: Կաթուածահար վիճակի երկարատեւութիւնը պետութեան կազմաքանդումն է: Պետութեան հիմքը առ այսօր միջհամայնքային համակեցութիւնն է: Այս պատճառով ալ համակարգային փոփոխութեան եղանակին մասին փուլային տարբերակն էր, որ կ՛առաջարկուէր նախագահին կողմէ: Փորձագիտական քննարկումներով պատրաստուած նախագիծեր, համալիբանանեան համաձայնութիւն ստացած եւ փուլ առ փուլ իրականացման ընթացք ստացած:

Պետականութեան կազմաքանդումը քաոսի առաջնորդող ուղին է: Արտաքինը, այս պարագային միջհամայնքային բախումներով եւ քաղաքացիական պատերազմով դրսեւորուած: Լիբանանը այդ ետդարձը ընելու ո՛չ միայն շռայլութիւնը, այլ նաեւ արկածախնդրութեան երթալու մտածումը նոյնիսկ պէտք չէ քննարկէ:

Ուրեմն կը մնայ միակ եւ երկրորդ ընտրանքը: Մերժումը արտալիբանանեանին, որդեգրումը զուտ լիբանանեանին: Գերադաս նպատակի համար փոխզիջումներով վերականգնումը միջհամայնքային համախոհութեան եւ այդ ճամբով վերահարթեցումը հարցերու լուծման բացառապէս խաղաղ ճանապարհին:

Այս բոլորին համար երկխօսութեան սեղանի շուրջ համախմբումը նախապայմանային, անշրջանցելի միջոց է:

aztagdaily.com