|
Փոխարժեքներ
08 09 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 363.7 |
| EUR | ⚊ | € 422.76 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.2027 |
| GBP | ⚊ | £ 492.38 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.16 |
Կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն նպաստելով` Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիքը 100.000.000 լիբանանեան ոսկիով կը մասնակցի Ազգային վարչութեան նախաձեռնած մայիս ամսուան ընթացքին 2000 սնտուկ սննթամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարութիւններուն դէմ յանդիման եւ «Քորոնա» ժահրին յառաջացուցած տագնապները յաղթահարելու ճիգերուն մէջ միշտ ալ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ իր նպաստը բերած է` զօրակցելով կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Կը մաղթենք, որ լիբանանահայութեան թիկունք կանգնելու ճիգերը յառաջիկային բազմապատկուին, որպէսզի հաւաքաբար շրջանցենք դժուարին պայմանները եւ հասնինք մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
aztagdaily.com