կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-08 10:30
Աշխարհ

ՀՅԴ Արևմտյան ԱՄՆ-ի Կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչներն այցելել են ազգային առաջնորդարան

ՀՅԴ Արևմտյան ԱՄՆ-ի Կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչներն այցելել են ազգային առաջնորդարան

Աղբյուրը` Asbarez

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի, 3 Յունուարին այցելեց Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարան՝ շնորհաւորելու առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային վարչութեան Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը ու յաջողութիւն մաղթելու համար առաջնորդարանի յետագայ ծրագիրներուն:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դիմաւորեց առաջնորդ սրաբազանը, փոխառաջնորդ Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկեան եւ վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Օհաննէսեան:

ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ Աւետիք Իզմիրլեան եւ տոքթ. Գարմէն Օհանեան, Գոգօ Թօփալեան ու Կարօ Իսփէնճեան:

Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին մէջ իրենց տարած ազգանուէր գործունէութեան համար: Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը՝ շարունակելու իր անվերապահ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը առաջնորդարանի կրթական եւ հոգեւոր գործունէութեան:

Իր կարգին, առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴին՝ համայնքի ղեկավարման գործին իր կարեւոր ներդրումին եւ Հայ Դատին ի նպաստ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու զօրացման ու բարգաւաճման ի խնդիր տարած գործունէութեան համար: Առաջնորդ սրաբազանը նաեւ գնահատեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ճիգերը՝ համայնքը համախմբելու ուղղութեամբ:

Յաջողութիւն մաղթելով ՀՅԴի աշխատանքներուն՝ սրբազանը իր օրհնութիւնը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէին եւ առաջնորդարանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ աջակցելու ՀՅԴին՝ իր առաքելութեան ճանապարհին: