կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-02-19 13:01
Սփյուռք

Անփոփոխելին եւ փոփոխելին

Անփոփոխելին եւ փոփոխելին

Ճակատներ կան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, ճակատներ, որոնց վրայ պիտի գտնուին դաշնակցականները ամենուրեք, ճակատներ՝ ինքնութեան պաշտպանութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, մեր գոյութեան սպառնացող բոլոր իրավիճակներուն դէմ-յանդիման։ Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութիւնը այդ բոլոր ճակատներուն վրայ կը պատահի։ Հայաստանի հզօրացումը, տնտեսական ամրակայումը նոյնպէս այդ ազատագրական պայքարին տարբեր երեսներն են։

Կը կարծուէր, թէ անցա՜ծ են կեանքը նուիրաբերելու օրերը։ Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ չե՛ն անցած։ Արցախի ճակատը՝ վկա՛յ։ Իցի՜ւ թէ հասնինք հոն, աշխարհը վերածուի մեր երազած դրախտին։ Մինչ այդ սակայն տակաւին մեզմէ կրնայ պահանջուիլ այդ նուիրաբերումը։

Անփոփոխելի է նոյնպէս անհատին դերի ըմբռնումը, այսինքն, ժողովներու եւ մարմիններու գերադասութիւնը անհատ ընկերոջ նկատմամբ, որքան ալ այդ ընկերը կարեւոր հանգամանք ունենայ։ Չկայ կուսակցապետ, կուսակցութեան ղեկավար, կայ հաւաքական ղեկավարութիւն, որուն պարտականութիւնն է գործադրութիւնը ժողովներու որոշումներուն։

Իրենց ծառայած հաւաքականութիւններու իրավիճակներուն եւ կարիքներուն լոյսին տակ կուսակցութիւնները պարբերաբար կը վերանային իրենց ծրագիրն ու կանոնագիրը՝ պատշաճելու համար կեանքի նոր կացութիւններուն ու պահանջքներուն կամ… իրենց հաշիւը կը փակեն պատմութեան հետ։ Այդ հաշուեփակը կրնայ մէկ օրէն միւսը ըլլալ կամ երկար ժամանակի վրայ տարածուիլ, բայց ի վերջոյ անխուսափելի կը դառնայ։

Միայն բռնապետական կարգերու տակ իրերը իրենց բնական ընթացքը չեն ունենար, արուեստականօրէն կ՚երկարի միահեծան իշխող կուսակցութիւններու կեանքը, սակայն անոնք եւս օր մը կ՚անհետանան պատմութեան բեմէն, ընդհանրապէս բռնի ուժով։

Այդպէս է եղած բոլոր ազգերու պարագային, այդպէս է եղած նաեւ մեր պարագային, եւ եթէ աչք մը նետենք միայն մեր վերջին երեսնամեակի՝ վերանկախացած Հայասատանի անցած ուղիին վրայ, չենք կրնար չտեսնել, թէ ինչպէս մէկը միւսին ետեւէն բուսած կուսակցութիւններ մէկը միւսին ետեւէն ալ քաշուեցան հրապարակէն։ Ապագայ պատմաբանը կրնայ որոնել այդ երեւոյթին պատճառները, վերլուծել ու դասեր քաղել անկէ, սակայն ինծի կը թուի, թէ այնքան ալ դժուար չէ բնորոշել այդ պատճառներէն ոմանք, ինչպէս՝ ժողովուրդի կարիքներէն ու անմիջական մտահոգութիւններէն խզուիլը, օտար՝ արտաքին ուժերու կողմէ խրախուսուած ու մէջտեղ եկած ըլլալը, անհատներու քմահաճոյքներուն ու փառատենչութիւններուն շուրջ յառաջացած ըլլալը եւ այլն։

Այլոց նման Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն ալ պարտաւորութիւնը ունի ինքնաքննութիւն կատարելու պարբերաբար եւ վերանայելու իր ծրագիրը, կանոնագիրն ու ռազմավարութիւնը։ Իւրաքանչիւր Ընդհանուր ժողով օրակարգի վրայ ունի ռազմավարութեա՛ն քննարկումը, իսկ ժամանակ առ ժամանակ գումարուող արտակարգ ժողովները՝ ծրագրի ու կանոնագրի վերամշակումը՝ օրուան հրամայականներուն ընդառաջ։

Սոյն յօդուածին նպատակն է սեղանի վրայ դնել այն սկզբունքներն ու տրամադրութիւնները, որոնք չե՛ն կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ, իսկ եթէ ենթարկուին կրնան դիմափոխ ընել կուսակցութիւնը, նոյնիսկ ա՛յն աստիճան դիմափոխ, որ ճիգը դառնայ անհեթեթ, ու նախընտրելի ըլլայ ստեղծել նոր կուսակցութիւն մը փոխանակ եղածը փոխելու։

Արդ, ո՞րն է այն առաջին ու հիմնական, անսասանելի սկզբունքը, որ առանքցը կը կազմէ այս կուսակցութեան գոյութեան՝ ահա 130 տարիէ ի վեր։

Այդ՝ անձնազոհութեան երեւոյթն է, այն երեւոյթը, զոր որքա՜ն կուռ կերպով բանաձեւեր է մեր մեծ տեսաբանը՝ Նաւասարդեան Վահանը։ Ի՞նչ կ՚ըսէ ան «Գաղափարների ոգին» (1951, Գահիրէ) իր հատորի ներածականին մէջ.

Վաթսուն տարիներ առաջ գաղափարական մի հզօր կիրք մահը հազարաւորների համար հոգեկան վայելք դարձրեց։

Ու ծայր տուաւ Յօժարների մի հանդիսաւոր երթ դէպի Գողգոթա, յօժար ոչ միայն հոգիով, այլ եւ մարմնով։

Ֆէդայի՜…

Այս մէկ հատիկ բառը պատռեց դարերի խաւարը ու հիմից փոխեց մեր կեանքի պատկերը։

Դաշնակցութեան կանոնագիրը կը բխի այս նուիրումի յօժարակամութենէն։ Կանոնագիր չկա՜ր, երբ սկսաւ Յօժարներու այդ երթը։ Կանոնագիրը հաստատուեցաւ յետոյ՝ ա՛յդ ոգիով ու ըմբռնումով։

Դաշնակցականէն պահանջուած երդումն ալ նուիրականացումն է այդ երթին.

«Կ՚երդնում պատւոյս եւ հայրենիքիս վրայ՝ միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին եւ որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս,– իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով,– ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»։

Կանոնագրի մնացած պահանջներէն շատերը հիմնուած են այս երդումով ստանձնուած յանձնառութեան վրայ։ Երդումը ինքը յստակ կը դնէ պարտաւորութիւնները.

Հաւատարիմ ըլլալ Դաշնակցութեան ծրագրին
Հաւատարիմ ըլլալ Դաշնակցութեան կանոնագրին
Հաւատարիմ ըլլալ Դաշնակցութեան որոշումներուն

Առանց այս երեք հաւատարմութիւններուն,– զուգահե՛ռ, նոյնաժամանակեա՛յ հաւատարմութիւններուն,– կարելի չէ դաշնակցական ըլլալ։ Ընդունելով այդ երեքէն մէկը կամ երկուքը բայց ոչ երեքը միասին՝ կրնաս ըլլալ համակիր, կրնաս ըլլալ գործակից, բայց չես կրնար ըլլալ կուսակցական դաշնակցական։ Այո՛, շատերս կը դաւանինք մենք մեզ որպէս դաշնակցական, «սրտով» կամ «հոգիով» դաշնակցական, ինչ որ փաստ է նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը միայն կուսակցութիւն չէ, ան է՛ նաեւ գաղափարական էութիւն, շարժո՛ւմ եւ ոգի՛, սակայն, ինչպէս դիտել կու տայ Նիկոլ Աղբալեան*, առանց կանոնագրային այս տրամադրութիւններուն ենթարկուելու կարելի չէ կուսակցական ըլլալ։

Կայ աւելին ալ այդ երդումին մէջ.

Բոլո՛ր ուժերովս…
Իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով
Ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին
Սա նոյնն է, ինչ որ Վահան Նաւասարդեան կը նշէ որպէս «յօժարների մի հանդիսաւոր երթ դէպի Գողգոթա»։

Կը կարծուէր, թէ անցա՜ծ են կեանքը նուիրաբերելու օրերը։ Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ չե՛ն անցած։ Արցախի ճակատը՝ վկա՛յ։ Իցի՜ւ թէ հասնինք հոն, աշխարհը վերածուի մեր երազած դրախտին։ Մինչ այդ սակայն տակաւին մեզմէ կրնայ պահանջուիլ այդ նուիրաբերումը։

«Բոլո՜ր ուժերովս». այս երկու բառերը կը բովանդակեն դաշնակցականին ամբո՛ղջ յանձնառութիւնը, ամբողջակա՛ն յանձնառութիւնը, որ չի սահմանափակուիր ժողովներու ներկայութեամբ ու անդամավճարի կատարումով, ձեռնարկներու մասնակցութեամբ ու իրեն վստահուած աշխատանքներու յանձանձումով։

Անձնական տենչեր, անձնական նպատակներ ու անձնական գործեր կը ստանան երկրորդական կարեւորութիւն հաւաքական տենչերուն, նպատակներուն ու գործերուն դէմ-յանդիման։ Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատը անձնականէն առաջ կու գայ։ Այդպէ՛ս է եղած անցեալին, այդպէս է, պէ՛տք է ըլլայ եւ այսօր։ Սուրբ պսակի գիշերն իսկ ճակատ մեկնողներ կային այն ատեն, կան եւ այսօր։

Իսկ ճակատները միայն թշնամիին դիմաց չեն յարդարուած։ Ճակատներ կան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, ճակատներ, որոնց վրայ պիտի գտնուին դաշնակցականները ամենուրեք, ճակատներ՝ ինքնութեան պաշտպանութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, մեր գոյութեան սպառնացող բոլոր իրավիճակներուն դէմ-յանդիման։ Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութիւնը այդ բոլոր ճակատներուն վրայ կը պատահի։ Հայաստանի հզօրացումը, տնտեսական ամրակայումը նոյնպէս այդ ազատագրական պայքարին տարբեր երեսներն են։

Կազմական կանոններուն, այսինքն Կանոնագրի այլ յօդուածներէն անփոփոխելի կը մնան նաեւ անոնք, որոնք մեր ժողովրդավարական կեցուածքները, ինչպէս օրինակ հարցերու քննարկումն ու բանաձեւումը կատարելը վարէն վեր՝ ամենէն հիմնական մակարդակներէն՝ խումբերէն կամ ընկերական ընդհանուր ժողովներէն դէպի Շրջանային եւ հուսկ՝ Ընդհանուր ժողովները, իւրաքանչիւր ընկերոջ ձայնի՝ մէկ ձայնի իրաւունքը, այդ ձայնը արժեւորելու պարտաւորութի՛ւնը։

Անփոփոխելի է նոյնպէս անհատին դերի ըմբռնումը, այսինքն, ժողովներու եւ մարմիններու գերադասութիւնը անհատ ընկերոջ նկատմամբ, որքան ալ այդ ընկերը կարեւոր հանգամանք ունենայ։ Չկայ կուսակցապետ, կուսակցութեան ղեկավար, կայ հաւաքական ղեկավարութիւն, որուն պարտականութիւնն է գործադրութիւնը ժողովներու որոշումներուն։

Վերջապէս անփոփոխելի է գաղափարական կեդրոնացման եւ կազմակերպական ապակեդրոնացման յղացքը, որ կուսակցութիւնը կը պահէ որպէս մէկ կուռ ամբողջութիւն, միաժամանակ ընծայելով տեղական պայմաններուն համապատասխան գործունէութիւն եւ գործելակերպ մշակելու հնարաւորութիւնը։

Իսկ փոփոխելի կրնան ըլալ բոլոր այն յօդուածները որոնց յստակացումով կամ բարելաւումով առաւել կը շեշտուին վերեւ նշուած անփոփոխելի սկզբունքները…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

*Անհրաժեշտ է կարդալ Նիկոլ Աղբալեանի (Ն.Հանգոյց) «Մտածումներ Հ.Յ. Դաշնակցութեան մասին» գրքոյկը (Փարիզ 1930), որ ներառուած է նաեւ իր ամբողջական գործին մէջ։

horizonweekly.ca