Փոխարժեքներ
27 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.88 |
EUR | ⚊ | € 411.09 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.71 |
GBP | ⚊ | £ 492.12 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.53 |
Այս շաբաթ կը շարունակենք ներկայացնել «Ակօս»ի լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի երկու շաբաթ առաջ համշէնցիներու հետ ունեցած հարցազրոյցը։ Արապեանի այս աշխատութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր դիմաց համեմատաբար աւելի նուազ ծանօթ աշխարհագրութեան մը թափանցելու առումով։
Ապրուստի հոգով օտար ափեր պանդխտութեան երթալու աւանդութիւնը յարատեւ երեւոյթ մըն է այս հողերու վրայ։ Համշէնցիք երկար տարիներ օտար երկիրներ աշխատած է, փռապանութիւն ըրած եւ ստացած աշխատավարձով ալ տուն, ընտանիք պահած։ Այսօր ալ իր հայրենի լեռներէն, լեռնադաշտերէն շատ հեռու մեծ քաղաքներու մէջ աշխատանք որոնող համշէնցիներ կան։ Միւս կողմէ հարեւան երկիրէ ալ աշխատանք ճառելու համար դէպի այս կողմեր եկող չարքաշ մարդկանց գոյութիւնը հետաքրքրական հակասութիւն մը կը պարզէ։
Քումասալի եւ Ռիւզկարի մայրը Էմէլ առաւօտուայ առաջին շողերով մէկ դուրս կ՚ելլէ, մէկ ներս կը մտնէ եւ կը պատրաստուի աշխատանքի երթալու։ Ես արդէն աւելի կանուխ արթնացած եմ եւ տան դրան շեմին սուրճս կ՚ըմպեմ։ «Պայմանագրական աշխատութիւն մըն է վեց ամսուայ համար գործի սկսած էի եւ այս շաբաթ կ՚աւարտի։ Եթէ բախտս բանի, Քեմալ Փաշայի առեւտուրի կեդրոնին մէջ որպէս անվտանգութեան պաշտօնեայ աշխատանք ճարեմ շատ լաւ պիտի ըլլայ։ Նախապէս ըրած էի այդ գործը։ Իսկ եթէ չստացուի շատերու նման ես ալ անգործ եմ»։
Այս շրջակայքի մէջ աշխատանքի կարեւոր միջոցներն են թէյի մշակումը եւ առեւտուրի կեդրոնի մէջ որեւէ գործ։ Այդ կեդրոնի բացումէն ետք Էմէլի նման շատեր աշխատանքի առիթ ունեցան։ Գայագէօյիւյի երիտասարդութեան մէջ գործազրկութիւնը շատ է։ Քեմալ Փաշայի կամ Հոփայի մէջ գործ գտնողները բախտաւոր կը համարուին։ Էմէլի ամուսինը Չեթինի համաձայն գիւղի երիտասարդութեան կէսէն աւելին աշխատանք ճարելու համար մեծ քաղաքներ գաղթած են։ անոնց շարքին են նաեւ իր եղբայրները։ Իսկ ինք թէյի բերքահաւաքման եղանակէն դուրս վարորդութիւն կ՚ընէ մեծ բեռնատարներու վրայ։ Այստեղ տղամարդոց մէջ բեռնատարի վարորդները շատ են։ Անոնք Վրաստան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Սեւ Ծովի այլ շրջաններ ապրանք փոխադրելով յաւելեալ եկամուտ կ՚ապահովեն։
Համշէնի մէջ ապրուստը ապահովող միակ գործօնը դուրսի աշխատութիւնը չէ։ Ընտանիքի ամուր կապերը ապրուստի հիմքը կը կազմեն։ Յատկապէս թէյի մշակումը ընտանիքին հաւաքական գլխաւոր եկամուտն է։ Ամուսնացողները այդ ընտանեկան տնտեսութենէն ամբողջովին փրթած չեն ըլլար։ Մենք բերքահաւաքի ժամանակ ընտանիքի բոլոր անդամները ժրաջան կ՚աշխատին։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ երիտասարդ անհատները հօրը հասոյթին ապաւինելու բարդոյթ չեն ապրիր։ Այս պայմաններու տակ ապահովուած յաւելեալ գործերը անհատական ծախսերու, յատուկ ծախսերու համար աղբիւր մը կը դառնան։
Քանի կը խորանայ Չեթինի հետ զրոյցը, համարձակութիւն կը գտնեմ անհատական հարցումներ ալ ուղղելու։ Ամէն տարի նոյն բերքահաւաքը, նոյն սահմանափակ միջավայրը զզուելի չի թուի՞ր։ «Թէյը այս տարածքի բարեբախտութիւնն է։ Թէ մեզ եւ թէ Վրաստանէն եկած բանուորները կը կշտացնէ։ Նոյնիսկ ուրիշ աշխատանք չունենանք թէյը կը բաւէ մեր ապրուստին համար։ Ես զանազան տեղեր գտնուած եմ, բայց կը սիրեմ հայրենի երկիրս։ Քիչ մը աւելի գումար ստանալու համար բնաւ մտադիր չեմ իմ երկրէն հրաժարելու։ Կարծածիդ չափ միապաղաղ չէ մեր կեանքը։ Ընկերներ ունիմ, որոնց հետ դաշտերը կ՚ելլանք, վրան կը կազմենք, քէյֆ կ՚ընենք։ Ուրախ կեանք ունինք այստեղ։ Մանաւանդ ալ տարեցներու նկատմամբ մեր յարգանքը անպակաս է։ Կը սիրենք իրենցմէ խորհուրդ հարցնել։ Խոստովանիմ թէ խորհուրդ հարցնելով հանդերձ շատ անգամ կը գործենք այնպէս, ինչպէս որ ուզած էինք, բայց զարմանալով կը տեսնենք թէ անոնք միշտ իրաւացի կ՚ելլեն շնորհիւ իրենց երկար տարիներու փորձառութեան»։
Կիները, առաւօտէ մինչեւ գիշեր ամէն կողմ են։ Ներս, դուրս, մաքրութիւն, պարտէզ, պզտիկներուն խնամքը… միշտ անհոգ հայեացք մը դէմքերուն։ Մարմնապէս շատ կը յոգնին, բայց այդ յոգնութիւնը չես նկատեր անոնց դէմքին վրայ։ Մի քանի զրոյցներ, որ կ՚ունենամ, կ՚ըսուի թէ հոս կիներու հանդէպ անարգանքը կամ դաժանութիւնը անընդունելի է։ «Տկար է» կամ «Խելքը չի հասնիր»ի նման որակումները արդէն յանցանք է։ Պոռալ, կանչել, հայհոյել… ծեծել օտար բաներ են հոս։ Համշէնցիք կը յարգեն կիները եւ մանուկները։
Այշէ քաջ կին մըն է։ Իր կեանքի մասին բաներ մը գիտեմ։ Տունին ետեւը պարտէզ մը ունի։ Եգիպտացորենները հասակ առած են։ Կը մտադրեմ Այշէի դիմանկարը առնել այդ եգիպտացորեններուն առջեւ։ Կ՚առաջարկեմ մի քանի պատկեր քաշել, կ՚ընդունի։ Նկարահանման ընթացքին կը տեսնեմ թէ որքան հպարտ է այս մայրը, կինը կամ մեծ մայրիկը իր պարտէզով։ Ինչեր չո՞ւնի որ հոն ֆասուլիա, կաղամբ, վարունգ եւ այլն։ Բոլորն ալ աճած են եգիպտացորեններու հակերուն տակ։ Ճիշդ որոշում էր Այշէն նկարել իր պոսթանին մէջ։ Այդ պարտէզը իր ներքին աշխարհն է կարծես։
Ապա կը զրուցենք այս գաղութին մէջ կիներու դիրքին մասին։ Կարծես սիրած նիւթն է որ բացի։ Կին ըլլալուն եւ ան ալ չարքաշ կին մը ըլլալուն պատճառաւ կարծես անմեղ հպարտութիւն մը կայ երեսին։ Աչքերը կ՚ըսեն, «ուրախ եղիր, որ կին արարած կայ այս աշխարհի վրայ»։ Հաստատում մը՝ որուն հաւատացած եմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, ։
Համշէնցի կիները շատ չարքաշ, շատ կ՚աշխատին… իրենց պարագան տղամարդոցմէ աւելի դժուար է։ Տան գործերը, դուրսի գործերը բոլորն ալ իրենց վրայ։ Տղամարդիկ գործատեղի կ՚երթան կամ հողագործ են եւ վերջ։ Կիները ներս-դուրս կ՚աշխատին, թէյ կը հաւաքեն, կերակուրէն մաքրութեան, զաւակներուն եւ ամէն ինչին կը հոգան։ Խօսքերնին ալ ատեն ատեն միայն կը գալէ մեր տարեց սերունդի առօրեայ կեանքին մէջ։ Քանի որ էրիկմարդ քիչ մը յամառ են։ Կ՚ուզեն ուզածնին ըլլայ։ Ուրեմն երբ կոպիտ խօսքին, մենք կիներս ընդհանրապէս լռենք, բայց ատեն ատեն եթէ շատ խօսին, մենք ալ մեր խօսքը կ՚ըսենք։ Բայց նոր սերունդի մօտ տարբեր կ՚ընդանայ աղջիկ-տղայ յարաբերութիւնները։ Այսօր մեր երիտասարդ աղջիկներուն խօսքը զօրաւոր է, տղամարդկանց հետ հաւասարութիւն մը կայ։ Լռելու պարտաւոր չեն զգար։ Ինչ որ տղաքը կ՚ընեն, աղջիկներն ալ նոյնը։ Առաջ միայն տղաք դուրս երթալու, ազատ ազատ խօսելու իրաւունք ունէին, աղջիկները ո՛չ։ Հիմա այդպէս չէ այլեւս։ Ես անձնապէս գոհ եմ այս նոր կացութենէն։ Ինչո՞ւ խեղճ աղջիկը իրաւունք չ՚ունենայ մարդու նման ապրելու, արտայայտուելու։ Ինքզինք ինչո՞ւ տան մէջ բանտարկէ եւ դժբախտ առանձնութեան մը մէջ ապրի։ Եթէ տղաքը կը վայելեն, թող աղջիկներն ալ վայելեն կ՚ըսեմ։ Իրաւունքը իրաւունք է, երկուքին ալ։ Այսօրուայ սերունդի կիները շատ լաւ են։ Իրենց իրաւունքները գիտեն եւ կը վայելեն։ Իմ ժամանակս գիտե՞ս ինչպէս էր։ Ես 1981-ին ամուսնացայ։ Կը կարծես, որ ինծի պէս աղջկան պիտի հարցնէին թէ ի՞նչ կ՚ուզեմ կամ ո՞վ կ՚ուզեմ։ Ո՛չ, քեզ մէկը գտած ենք կ՚ըսէին եւ կ՚ամուսնանար, վերջ։ Արդէն ուզող ըլլար, շուտ մը կը նշանէին։ Այսօրուայ աղջիկները, եթէ իր ձեռքը ուզողը չի հաւնի արդէն «Չեմ երթար» կ՚ըսէ, «Չեմ ուզեր» եւ եթէ արդէն սէր ըլլայ եւ ըսեն «Ես այս տղան կը սիրեմ», արդէն ծնողքը պէտք է ընդունի։ Մեր ժամանակուայ պէս, սիրես- չսիրես պէտք է ամուսնանաս չկայ։ Սէրը կարեւոր է։ Նոյնիսկ հարուստի- աղքատի խնդիր չըլլար։ Սէրը սուրբ է։ Մեր ժամանակ սէրը գաղտնի էր։ Միայն տղան ու աղջիկը գիտէին։Փողոցները միասին ելլել, ձեռք ձեռքի քալել չկար։ Գոց էր ամէն ինչ։ Նոյնիսկ եթէ այսօր այսքան ամուսնութեան տարիներէ վերջ, յանկարծ ես օր մը փողոց ելլեմ ամուսինիս հետ ձեռք ձեռքի, մարդիկ վրանիս պիտի խնդան, պիտի ծիծաղեն, որովհետեւ առաջին օրէն իսկ վարժ չեն եղած։ Բայց հիմա ամէն մարդ գիտէ, եթէ երկու երիտասարդ զիրար կը սիրեն, հայրն ալ, մայրն ալ, դրացին ալ… արար աշխարհը գիտէ եւ բնական կ՚ընդունի, նոյնիսկ իրար հատ դուրս կ՚երթան, ուրիշ քաղաքներ կը պտըտին նշանտուքէն առաջ եւ խնդիր չըլլար։ Երբ որ «Մենք զիրար կը սիրենք» ըսուի, խնդիրը ընդունուած կ՚ըլլայ։ Այս գաղութին մէջ ստիպողական ամուսնութիւն չկայ։ Իրբ ծնողք մեզի ըսէ աղջիկ մը, թէ մէկը կը սիրէ, վերջացաւ խնդիրը։ Մենք չենք խառնուիր այլեւս։ Կ՚ուզես, առ կ՚ըսենք։ Վերջէն եթէ ձախորդ ըլլայ ամուսնութիւնը, դուն որոշեցիր, դուն առիր կ՚ըսենք։ Մենք չստիպեցինք կ՚ըսենք։ Ես կը կարծեմ աշխարհը աւելի արդար է դարձած հիմա։ Առաջ չէինք գիտեր մեր իրաւունքները պաշտպանել եւ ապրիլ ։ Հիմակուայ աղջիկներուն համար ուրախ եմ։ Մարդու պէս կ՚։ապրին եւ այս նորութիւնը դպրոցներէն, հեռատեսիլէն, թերթերէն, գիրքերէն, լուրերէն եւ շատ մը տարբեր միջոցներու հետեւանքն է։ Աղջիկներու նոր սերունդին աչքերը բացուեցան։ Այսօր համալսարան ալ գացող շատ կայ։ Զարգացած աղջիկները շատ են։ Աղուոր բան մըն է։ Բայց ըսեմ նոյն ժամանակ, թէ մեր սերունդը աւելի համբերող էր եւ կեանքի դժուարութիւններու թէմ պայքարիլ գիտէր։ Հանդուրժել գիտէինք։ Հիմակուայ սերունդը քիչ մը տկար է կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու։ Պզտիկ բան մը ըլլայ, շուտ մը կը քաշուին եւ «Ես չեմ հանդուրժեր» կ՚ըսեն։ «Ինչո՞ւ տառապիմ» կ՚ըսեն։ Անոր համար մեր սերունդի ամուսնութիւնները յաւիտեանս կ՚ըլլային, իսկ այսօրուաններու մօտ, ամուսնալուծումը յաճախակի է։ կայ։ Մեզի պէս «Պէտք է տոկամ» չեն ըսեր։ Տղամարդը եթէ քիչ մը խիստ արտայայտուի, շուտ մը «Ես չեմ դիմանար» կ՚ըսէ կինը եւ կը բաժնուի։ Մենք ո՞ւր, իրենք ո՞ւր, մեր ատենը…լաւն ալ, գէշն ալ կ՚ապրէինք։ Փառք Աստուծոյ կրցանք մինչեւ հոս գալ։ Դժբախտաբար նոր սերունդի ամուսնութիւնները դժուար են։ Համբերանքը պակաս, կեանքի հետ հաշտութիւնը պակաս։ Հանդուրժելը դժուար է իրենց համար։
Վերջին առաւօտս է Գայագէօյիւի մէջ եւ ահա Քեմալփաշա պիտի հասնիմ եւ օտար մը զիս կ՚անարգէ սրճարանին մէջ։ Վերջաւորութիւնը այսպէս է յստակ։ Ես ինչո՞ւ որպէս հայ մը հոս եկած եմ, չի կրնար ըմբռնել։ Հասկնալու, հարցնելու նպատակ ալ չունի։ Ուղղակի կ՚անարգէ զիս եւ կը վռնտէ իր երկրէն։ Չեմ ուզեր այս վերջաւորութեան լեղիութեամբ տուն վերադառնալ։ Երանի ինք մարդ ըլլար եւ ըսեր, «Թամամ, սխալ ըրի, քեզ սեղանս հրաւիրեցի։ Վնաս չունի։ Հիւրս եղար եւ ես զիս պիտի զսպեմ։ Քիչ մը հանդարտ սոհպեթ ընենք»։ Երանի ես ալ աւելի քաջ, աւելի պարտադրող ըլլայի, որ ինք իր գիտցած պատմութիւնը պատմէր, ծուռ կամ շիտակ եւ ես մտիկ ընէի սարսուռով, բայց չեղաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի տակաւին մենք երկուքս ալ հիւանդ մարդիկ ենք։ Ազնւութենէ պակաս, տակաւին հիւանդ, մէկու մը ըսածին պէս։ Տակաւին երկար ճամբայ մը կայ առջեւնիս, որ զիրարու քիչ մը ցաւը տանիլ վարժուինք եւ դեռ այդ ճամբան ալ գրեթէ չենք ելած։
ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
Ակօս