Փոխարժեքներ
05 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.09 |
EUR | ⚊ | € 421.97 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.91 |
GBP | ⚊ | £ 501.63 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.74 |
Երեւանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս անկասկած:
Լիբանանահայութիւնը, որ այս օրերուն երեսփոխանական ընտրութիւններու թոհուբոհին մէջ է եւ կլանուած նախընտրական աշխատանքներով, չի կրնար չհետեւիլ միաժամանակ հայրենի իրադարձութիւններուն:
Բայց մանաւանդ չի կրնար չմտահոգուիլ:
Անկախ անձերու ընտրութենէն, մեզի համար կարեւորը նախ եւ առաջ անշուշտ մեր Երկրին խաղաղ մնալուն հրամայականն է: Առանց ցնցումի, առանց միջադէպերու, առանց արիւնահեղութեան, տագնապի լուծումն է անհրաժեշտը:
Այս անհրաժեշտութեան առընթեր, հայրենիքէն դուրս գտնուող ոեւէ հայու համար խիստ կարեւոր է նաեւ իր հայրենիքի դիմագիծին նկատմամբ միջազգային արձագանգներու նպաստաւոր ըլլալը: Ի վերջոյ մեր երկրին, ժողովուրդին ու պետականութեան հեղինակութիւնն է, որ կ՛ազդուի նման պատահարներու առիթով միջազգային հանրութեան կարծիքի ձեւաւորման համար կատարուած արձագանգներով:
Լիբանանի նախագահն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը մեծ տպաւորութիւններով վերադարձան Լիբանան, փետրուար ամսուն Հայաստան տրուած պաշտօնական այցելութենէն: Այդ տպաւորութիւններու շարքին էին նաեւ անոր խաղաղ, անվտանգ ըլլալը, զարգացող ընթացքի եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ ունենալու փաստերը:
Այս տպաւորութիւնը լիբանանեան բարձրագոյն մակարդակի եւ ընդհանրապէս ժողովրդային խաւերու մօտ պէտք չէ աղօտին միջազգային հեռատեսիլի կայաններու պաստառներուն վրայ ցոյց տրուող պատկերներով:
Ամէն պարագայի սակայն, պէտք է բացառել բռնութիւնը: Մեր երկիրը նախագահական համակարգէն անցած է խորհրդարանական համակարգ. արդէն իսկ նոր սահմանադրութիւնը, որուն հիմնական ճարտարապետներէն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ որ աւելի քան քսանհինգ տարիէ ի վեր կ՛առաջադրէ կառավարման այս համակարգը, իր ամբողջութեան մէջ ի զօրու է արդէն:
Նոր համակարգը աւելիով կը ժողովրդավարացնէ մեր պետութիւնը:
Իսկ ժողովրդավարական հասկացողութիւններու մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ կարծիքի, արտայայտուելու, բողոքելու, ցոյց կազմակերպելու անխախտելի իրաւունք, միւս կողմէ նաեւ իրաւական պետութեան կայացման համար օրէնքները չխախտելու, քաղաքացիական առողջ հասարակարգ ձեւաւորելու օրէնքով ճշդուած պարտաւորութիւններու յարգում:
Համոզուած ենք, որ ներկայ համակարգը աւելիով կը նպաստէ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման բոլոր ուղղութիւններով: Զարգացման այդ ուղղութիւններու հաստատման համար շատ կարեւոր են միջպետական յարաբերութիւնները: Պէյրութն ու Երեւանը բազմաթիւ համաձայնագիրներ ունին փոխշահաւէտ զարգացման, միջպետական ծրագիրներ իրականացնելու եւ այդ ճամբով երկու երկիրներու զարգացման եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան կապերը շարունակելու նպատակով:
Այդ բոլորին համար մեզի պէտք են, այո՛, ժողովրդավարական կարգեր մեր հայրենիքին մէջ, բայց նաեւ օրէնքի գերակայութեամբ, սահմանադրութեան յարգումով, անվտանգ, խաղաղ Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Պետութիւնը պարտի յարգել ժողովուրդի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը: Վերջին հաշուով ժողովուրդն է հիմը պետութեան, իսկ սահմանադրութիւնը` անոր իղձերուն արտայայտիչը:
Տագնապի մէջ է հայրենի հասարակութիւնը: Ու մանաւանդ երիտասարդութիւնը:
Տագնապը զգալի է նաեւ սփիւռքահայ շրջանակներու մէջ:
Միաժամանակ պետութեան հիմը նկատուող ժողովուրդը ինք եւս պատասխանատու է հայրենի պետականութեան եւ հայրենիքի անվտանգութեան պահպանման:
Հեռու արտաքին միջամտութիւններէ եւ տեղի չտալու համար կասկածելի ուժերու կողմէ շահագործումի, հաւաքական պատասխանատուութեան հրամայականը ինքզինք կը պարտադրէ:
Երեւանի մէջ վարչապետի ընտրութեան դէմ ծաւալած բողոքի ցոյցերը ժողովրդավարական իրենց պարունակին մէջ մնալով ապահոված կ՛ըլլան սահմանադրութեամբ ճշդուած ընդդիմադրութեան դերակատարութիւնը:
Իսկ բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ հակադարձութիւնը անհրաժեշտ է որ մնայ հեռու ուժի գործածութիւնէն եւ չանցնի օրէնքով ճշդուած սահմանները:
Այլապէս ո՛չ պետութիւնը կը նպաստաւորուի եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը:
Հաւաքական զգօնութեան պահն է հիմա:
Հաւաքական պատասխանատուութեան փաստը անհրաժեշտ է:
Նոր սահմանադրութիւնը շնչահեղձ պէտք չէ ընել: Ոչ ոք կը շահի:
Իսկ վնասը կը կրեն ո՛չ միայն հայրենի ժողովուրդն ու պետութիւնը, այլեւ համայն հայութիւնը:
Իսկ արդէն սուղ գին վճարած է հայութիւնը ազատ ու անկախ հայրենիքի նուաճման համար:
Ձեռք բերուածը չվտանգենք:
Գուրգուրանք հաւաքական զգօնութեամբ:
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ