կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-04-03 12:59
Աշխարհ

Արամ Ա-ն ընդունել է ասորական եկեղեցու պատրիարքին

Արամ Ա-ն ընդունել է ասորական եկեղեցու պատրիարքին

Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch

Երկուշաբթի, 2 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։ Երկու հոգեւոր պետերու միջեւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան, Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ներս ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ երկու եկեղեցիներու յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր։ 

Հանդիպման աւարտին Պատրիարքը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Միջին Արեւելքի մէջ կայք հաստատած արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումին։ 

Յայտնենք, որ հանդիպումին ներկայ էին Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, միջ-եկեղեցական յարաբերուեանց վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչի օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան։