կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-03-24 11:30
Հասարակություն

Եռուն օրեր՝ Վաշինգտոնում․ «Հայրենիք»

Եռուն օրեր՝ Վաշինգտոնում․ «Հայրենիք»

Աղբյուրը՝ hairenikweekly.com

Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան Ուաշինկթըն այցելութիւնը լուսանցքի տակ ձգած էր հազիւ քանի մը օր առաջ մայրաքաղաքը այցելող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի հայ անդամներու պատուիրակութիւնը:

Այս պատուիրակութեան այցը նոյնքան կարեւոր էր, որքան Արցախի ներկայացուցիչներուն այցը: Արդարեւ, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանը, իր կողքին ունենալով Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արմէն Աշոտեանը, Նայիրա Զոհրապեանը, Էտմոն Մարուքեանը եւ Աղուան Վարդանեանը, մարաթոնային հանդիպումներ ունեցաւ։ Ասոնք ինքնաբերաբար կապ ունէին Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագրի ստորագրման հետ կապուած աշխատանքային խումբի նիստը՝ Մարտ 19-ին, զոր կը ղեկավարէին Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի պալատի ներկայացուցիչ Ռապըրթ Լայթիզըրը եւ հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեանը:

Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբը Ուաշինկթըն ժամանած էր լայնածաւալ եւ ընդարձակ թղթածրարով, որ կ՚ընդգրկէր զանազան բաժիններ՝ խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցումը, Հայաստան տիրող իրավիճակը, «Հազարամեակի մարտահրաւէր ընկերակցութեան» եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագրի մանրամասնութիւնները եւ, վերջապէս, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը: Աւելի՛ն. կարկինը լայն բանալով քննարկուեցան Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգն ու շրջանային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով կատարուող բարեփոխումներն ու դատական իշխանութեան անկախութեան ապահովման վերաբերող քայլերը, նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները:

Բնականաբար, Արցախի Հանրապետութեան այցելութեան սեմին արծարծուեցաւ նաեւ զինադադարի եւ կայունութեան գործընթացին մէջ հիմնահարցի խաղաղ լուծման հեռանկարներն ու յատկապէս Ամերիկայի կարեւոր դերակատարութիւնը այս բնագաւառին մէջ։

Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան հետ մօտէն գործակցեցաւ Քոնկրէսի հայկական հարցերով զբաղուող յանձնախումբը, որ յանձին Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոնի` կոչ ուղղեց աջակցելու Արցախի եւ Հայաստանի համար 2019 ելեւմտական տարուան ընթացքին եօթանասուն միլիոն տոլարի օժանդակութեան թղթածրարին:

Հոս տեղին է մանրամասնել, որ յանձնախումբը մասնաւորաբար կ՚առաջարկէ վեց միլիոն տոլար տրամադրել Արցախին` ականազերծման եւ հաշմանդամներու օժանդակութեան համար, եւ չորս միլիոն տոլար` խաղաղութեան աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ երեսուն միլիոն տոլար Հայաստանի` իբրեւ տնտեսական օժանդակութիւն, տասը միլիոն տոլար` իբրեւ զինուորական օժանդակութիւն, քսան միլիոն տոլար` իբրեւ Միջին Արեւելքէն գաղթականներու ընդունման օժանդակութիւն:

Այս եռուն հանդիպումներէն ետք, կը սպասուի առաջարկներու շուտափոյթ գործադրութիւնն ու անկէ բխելիք արդիւնքը։