Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Կիրակի, 2 Մարտին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ հրապարակեց իր ընտրական ծրագիրը (Փլաթֆորմ)։ Հոն, քանի մը սեղմ էջերով, բնութագրուած են Հայաստանի ներքին ընկերային ու տնտեսական, ինչպէս նաեւ արտաքին խնդիրները՝ առաջադրուող լուծումներով (*)։
Ըսինք լուծում եւ ոչ թէ խոստում։ Որովհետեւ դասական առումով ընտրապայքարներու ընթացքին, թեկնածուները ընդհանրապէս խոստումներ կու տան քաղաքացիներուն, ակնկալելով անոնց քուէն։ Ընդհանրապէս այս խոստումները, իբրեւ կանոն, կ’ըլլան ականջին հաճելի, շատ յաճախ ալ՝ շլացուցիչ ու իբրեւ այդպիսին ալ՝ անիրագործելի։ Բայց որո՞ւն հոգը. կարեւորը այդ քաղաքացիներուն քուէն ստանալն է… Թէ այդ ընտրական խոստումներուն ճակատագիրը ի՛նչ կ’ըլլայ ընտրութիւններէն վերջ՝ ուրիշ խնդիր է անշուշտ եւ ամէն մարդ գիտէ։ Օրինակներ տալը անիմաստ է։ Նման «խոստումնառատ» ընտրութիւններուն վտանգը կը կայանայ հոն, որ շլացուցիչ ու փայլուն տեսքով առատօրէն տրուած անիրագործելի խոստումները, ընտրութիւններէն վերջ, ժողովուրդին մօտ կը ստեղծեն հիասթափութեան, յուսալքումի ու զայրոյթի մթնոլորտ մը. «Խոստացաւ, բայց չյարգեց խոստումը. խոստացաւ, բայց չ’իրագործեց»։ Բայց ի՛նչ օգուտ, մինչ այդ եղածը եղած է. տուեալ խաբեբայ թեկնածուները արդէն իսկ ընտրուած են ու պատրանաթափ ժողովուրդը չորս տարի եւս քաշելիք ունի. բայց… նաե՛ւ իր մեղքով, դժբախտաբար։
Այս իմաստով, բացառութիւն չէ Հայաստանի նախընտրական մթնոլորտը։
Բացառութիւն է սակայն… Հ.Յ.Դ.ի մօտեցումը։ Որովհետեւ հրապարակուած յայտարարագրին մէջ, ո՛չ մէկ տեղ կը տեսնենք «խոստում»։ Հոն կան առաջարկներ հայութեան պետական շէնքը կառուցելու, ամրապնդելու, ազատ քաղաքացի եւ ուժեղ հայրենիք ստեղծելու ճամբուն վրայ։ Դաշնակցութիւնը այս առաջարկները կը յանձնէ հայրենաբնակ հայութեան ուշադրութեան այն յոյսով, որ կ’արժանանայ անոր հաւանութեան ու քուէին։
Այսպէս, նախընտրական ծրագիրը սկիզբէն իսկ կը հաստատէ, որ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իբրեւ ազգային, ժողովրդավար, սոցիալիստական (Վ.Բ. ֊ Ընկերվարական) եւ յեղափոխական կուսակցութիւն, մշտապէս պայքարել է հայ մարդու եւ հայութեան քաղաքական, տնտեսական, սոցիալ ֊ մշակութային շահերի համար»։ Ապա կը շարունակէ ըսելով, որ «մեր նպատակն է կառուցել Ազատ քաղաքացիների Հզօր եւ Արդար երկիր»։
Ընդգծելով, որ այժմ երկրի կառավարման ձեւը վերափոխուած է խորհրդարանական դրութեան, անհրաժեշտ է ամրապնդել այս նորաստեղծ համակարգը, ուր (2018էն ետք) անհատ մը պիտի չ’ըլլայ ղեկավարողը, այլ՝ խորհրդարանը ու անկէ բխած գործադիր իշխանութիւնը։ Այս պատճառով ալ անհրաժեշտ է, որ նոր ընտրուելիք խորհրդարանին մէջ ըլլան «իրական քաղաքական ուժեր, ազգային ֊ պետական եւ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու շահերով առաջնորդուող քաղաքական գործիչներ»։
Նախընտրական ծրագիրի այս մուտքի բաժինէն նաեւ ի յայտ կու գայ, որ Դաշնակցութիւնը ընտրապայքարին մասնակցող միւս ուժերէն կը զանազանուի հետեւեալ կարեւոր կէտերով՝
Ա) Հ.Յ.Դ.ն միակն է, որ օժտուած է հաւաքական ղեկավարութեամբ. այսինքն՝ անձի մը, անհատի մը շուրջ կեդրոնացած կազմակերպութիւն չէ։ Չի ղեկավարուիր անհատի մը որոշումներով։ Կազմակերպութիւն մը, որ ունի գաղափարական սկզբունքներ, ու ատոնց վրայ հիմնուած ծրագիր, նպատակ։
Բ) Հ.Յ.Դ.ն հետեւողական եղած է այս սկզբունքներուն մէջ։ Թէ՛ իշխանութեան մաս կազմած օրերուն եւ թէ՛ իբրեւ ընդդիմադիր, Դաշնակցութիւնը միշտ արծարծած է միեւնոյն խնդիրները եւ լուծումներ առաջադրած է ատոնց։ Չէ պատահած, որ Հ.Յ.Դ.ն օր մը բան մը ըսէ, ուրիշ օր մը՝ ուրիշ բան։ Ան չէ դաւաճանած իր սկզբունքներուն։
Երկրի ներքին, ընկերային ֊ տնտեսական ներկայ կացութեան նուիրուած են յաջորդող՝ «Մարդը եւ պետութիւնը», «Պիզնեսը եւ պետութիւնը» եւ «Պետական կառավարում» գլուխները։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի խնդիրներու բնութագրումով, որոնց կը յաջորդեն լուծման առաջարկները։
Տարբեր խօսքով՝ կայ ախտաճանաչում եւ կան լուծումներ, դարմաններ։ Առանց «ոսկու սարեր»ու խոստումներու։
Օրինակի համար, «Մարդը եւ պետութիւնը» գլխուն տակ, կ’առաջարկուի տնտեսական աճի, եկամուտներու արդար բաշխումի համակարգի ստեղծում։ Քաղաքացիին արդար աշխատանքի արդիւնքը պէտք է հասցնել այնպիսի մակարդակի, որ ան ոչ թէ գոյութիւն մը քաշքշէ, այլ՝ արժանապատիւ կերպով կարենայ ապրիլ, ունենայ ուսումի, առողջապահութեան հնարավորութիւն։ Ամբողջ կեանքը աշխատած քաղաքացին, երբ հասնի հանգստեան տարիքի, չմատնուի աղքատութեան, այլ՝ վայելէ տասնամեակներու իր քրտինքին արժանի պտուղը։
Ստեղծել այնպիսի համակարգ մը, որ բանակէն տուն վերադարձող երիտասարդը ո՛չ աշխատանքի եւ ո՛չ ալ բնակարանի դժուարութիւն ունենայ՝ այս ձեւով նաեւ առաջքը առնելով արտագաղթին։
Նոյն այս գլուխին վերջին մասը կը խօսի հայրենադարձութեան մասին՝ համապատասխան քաղաքականութեան որդեգրումով, որպէսզի թէ՛ արտագաղթածները վերադառնան հայրենիք եւ թէ՛ Սփիւռք ծնող ու մեծցող հայորդիները։ Անոնք այս ձեւով իրենց մտաւոր, գիտական, արհստագիտական, հոգեւոր, մշակութային ու տնտեսական կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն հայրենիքի բարգաւաճումին։
Նոյն այս գլուխին տակ, կը խօսուի նաեւ կենսոլորտի նկատմամբ խելամիտ վարքագիծի անհրաժեշտութեան մասին. այսինքն՝ գուրգուրալ հայրենի օդին ու ջուրին մաքրութեան վրայ, որովհետեւ կենսոլորտը ոչ միայն ներկայիս ապրող, այլ գալիք ամբողջ սերունդներուն սեփականութիւնն է։ Նոյն վերաբերումը պիտի ցուցաբերուի նաեւ ընդերքի պաշարներու օգտագործման կապակցութեամբ։
Գալով «Պետական կառավարում» գլուխին, հոն կը խօսուի պետական մարմիններու աշխատանքի թափանցիկութեան մասին։ Պետական պաշտօնեային վարձատրութիւնը պիտի այնպիսի ըլլայ, որ ան կարենայ ապահովել իր ընտանիքին համար արժանապատիւ կեանք ու չդիմէ կողմնակի միջոցներու, այսինքն՝ պաշտօնի չարաշահումի։ Նոյն տրամաբանութեամբ, իրարմէ տարանջատել գործարարութիւնը եւ քաղաքական ֊ վարչական մարմինները։
Այս գլխուն տակ ամէնէն հնչեղ առաջարկը հետեւեալն է. ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական խաւերէն յառաջացնել «կոռուպցիայի» դէմ ԱՆԿԱԽ մարմին մը, որ խորքային իրաւասութիւններ ունենայ ու ոչ թէ ստեղծէ «աշխատանքային պատրանք»։
Պետական պաշտօնէութեան պարագային, վարել յատուկ քաղաքականութիւն, ուր լայն տեղ տրուի երիտասարդ մասնագէտներու, եւ այլն։
Մէկ խօսքով, ընկերվարական ներքին տրամաբանութեան վրայ յենած մօտեցումի արդիւնք են այս բոլորը, ուր Հայաստանը կը պատկերացուի իբրեւ այն երկիրը, որ կրնայ բարգաւաճիլ իր ազատ քաղաքացիներու կամքով ու ճիգերով։ Ձեւով մը, նոր «Ընկերային պայմանագիր» մը, որ պիտի երաշխաւորէ երկրին բարգաւաճումը եւ քաղաքացիին բարօրութիւնը։
Ինչպէս կը նշմարենք, այս ընտրական ծրագիրը զերծ է խոստումներէ, զերծ է ամբոխավար ու ամբոխահաճոյ յայտարարութիւններէ։
Հոն չկան «մեզի քուէ տուէք՝ մենք ձեր վերելակը կը նորոգենք, ձեր կաթող տանիքը կը նորոգենք, ձեր փողոցը ասֆալթ կը փռենք, ձեր հիւանդ հարազատին բժշկական ծախսերը կը հոգանք»ի նման խուժանավարութիւններ։ Հոն կան միայն առաջարկներ ու այդ առաջարկները իրականացնելու կոչուած վարքագիծ։ Վարքագիծը գաղափար է, քաղաքականութիւն է, որ կեանքի ու համակարգի կը վերածուի՝ համապատասխան օրէնքներու մշակումով։ Համակարգ մը, ուր շէնքին վերելակը օրէնքով ճշդուած որակը ունենայ, ուր քաղաքացին բժշկական ապահովագրութիւն ունենայ, ուր պետական մարմինները չթերանան իրենց հանրային ծառայութիւններուն մէջ։
Այս համակարգը կարելի չէ ունենալ Ապրիլի 3ին։ Բայց կարելի է զայն ունենալ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ու միայն այն պարագային, երբ այս տեսլականով առաջնորդուող խորհրդարան մը ունենանք։ Խորհրդարան մը, ուր տիրական խօսք ունենայ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։
Այնպէս որ, Դաշնակցութեան ընտրական ծրագիրը ամբողջ Հայաստանի համար ոչ թէ խոստումներու կոյտ, այլ՝ աշխատանքի հրաւէր է։
(*) Այս ընտրական ծրագիրը կարելի է կարդալ Հ.Յ.Դ. մամուլի բոլոր համացանցային էջերուն վրայ։ Երկար ալ չէ, ընդամէնը 8 էջ. կարճ, կտրուկ եւ մանաւանդ՝ տրամաբանական։ Իսկ ծրագրին միւս գլուխներուն մասին, յառաջիկայ օրերուն պիտի անդրադառնանք։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ