կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-08-03 16:20
Հասարակություն

Թե ինչպես են ձեռք բերվել 1915-ի ջարդերը ներկայացնող ժապավենները

Թե ինչպես են ձեռք բերվել 1915-ի ջարդերը ներկայացնող ժապավենները

Վահրամ Փափազյանի պատմությունը

Կոստանդնուպոլիս

Ներկայացվող հոդվածը լույս է տեսել ավելի քան կես դար առաջ: Այն  հաստատում է Հայոց կոտորածների մասին վավերագրական ժապավենների գոյությունը: Վահրամ Ս. Փափազեան անունով հայ մարզիկ (ներկայանում է հայ մեծ դերասան անուն-ազգանունով), Կոստանդնուպոլսում, ամերիկացի լրագրող Հերթիենից պատահմամբ լսում է, թե գերմանացի զինվորականները նկարահանել են  կոտորածների բազմաթիվ տեսարաններ, որոնց ժապավենները գտնվում են «Բայազետ» ռազմական մթերանոցում: Պատմությունը ներկայացված է Վահրամ Ս. Փափազյանի «Սէր, սէր, սէր» ինքնակենսագրական գրքում, որ լույս է տեսել 1962-ին, Բեյրությում:

 

«Տեսարանը հազիւ երկու տարեկան եւ մօրը ձեռքէն խլուած աղջիկ-երեխայի մը բռնաբարումը կը ներկայացնէր` միաժամանակ երկու ոճրագործ թուրքերու կողմէ»:

 

Առաջին Աշխարհամարտի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ մէջ կազմուեցաւ բարձրագոյն դաստիարակութիւն ստացած երիտասարդական անկախ միութիւն մը, որուն ես եւս կ՛անդամակցէի: Միութեան նպատակն էր ամէն միջոցով աջակցիլ Հայ Դատի հետապնդման` օտար շրջանակներու մօտ ընելով մասնաւոր դիմումներ եւ լուսաբանելով Հայկական Հարցով հետաքրքրուող դիւանագէտներն ու լրագրողները:

 

Այդ օրերուն յիշեալ միութիւնը կապ հաստատած էր նաեւ անգլիացի Լորտ Ճէյմս Պրայսի հետ, Հայ Դատի առնչութեամբ: Լորտը, հայ ազգին իր կարելի օժանդակութիւնը ընելու համար, Հայոց Կոտորածին շուրջ փաստացի վաւերաթուղթերը կ’ուզէր ունենալ` խնդրելով միաժամանակ, որ անոնք անմիջապէս իրեն ղրկուէին:

 

Այդ շրջանին Պոլիս կը գտնուէր ամերիկացի լրագրող մը` Հերթի անունով: Լրագրողի իր հանգամանքով եւ հետաքրքրութեամբ` Պոլսոյ մէջ ան կապ հաստատած էր կարգ մը թուրք շրջանակներու հետ, մանաւանդ` զինուորական: Մենք առաջին անգամ ըլլալով իրմէ՛ տեղեկացանք, թէ Հայոց Կոտորածի ընթացքին գերման զինուորական իշխանութիւնները ջարդի բազմաթիւ ժապաւէններ առած էին, եւ որոնք ներկայիս կը գտնուէին Պայազիտի զինուորական մթերանոցներուն մէջ: Գերմանացիները կա՛մ մոռցած էին զանոնք իրենց հետ տանիլ եւ կա՛մ ալ այլեւս անոնց անհրաժեշտութիւնը չէին զգացած… Պր. Հերթի մեզի բացատրեց, թէ ինք ինչպէ՛ս բարեկամութիւն հաստատած էր Վոսփորի նեղուցները պաշտպանող մէկ բերդի բարձրաստիճան թուրք հրամանատարին հետ, որ իրեն խոստացած էր – վերադարձնելու պայմանով – հայթայթել կարգ մը ժապաւէններ` թուրքերու հանդէպ հայերու կողմէ գործուած խժդժութիւնները փաստող… Ամերիկացին իր արտայայտութիւններուն մէջ տեսակ մը չափազանցեալ հայասէր կը թուէր մեզի, եւ պահ մը սկսանք տարակուսիլ անոր անկեղծութեան վրայ` վախնալով, որ լարուած ծուղակի մը մէջ կ’իյնանք:

 

Դիւանագիտութիւնը ո՞ւր, մենք ո՛ւր… Սկսնակներ էինք եւ պարզապէ՛ս հրապարակ նետուած` մեր ազգին օգտակար ըլլալու միակ մտադրութեամբ: Բարեբախտաբար մեր ատենապետը ժամանակին Ատանայի մէջ գտնուած ըլլալով` բաւական նպաստաւոր տեղեկութիւններ ունէր «հայու բարեկամ» ներկայացող օտարականին մասին եւ յանուն մեր նպատակին անհրաժեշտութեան եւ սրբութեան` որոշեցինք նոյնիսկ հակառակ պարագային մեր անձերը զոհել եւ սկսանք լուրջ խորհրդակցութիւններու: Մենք այն հաստատ համոզումը ունէինք, որ նո՛յն այդ շարժապատկերները ոչ թէ հայկական, այլ թրքական խժդժութիւնները կը ներկայացնէին` գործուած հայ անտէր ազգին հանդէպ: Մենք ամերիկացիին բացատրեցինք, թէ այն պարագային, որ մեզի պէս կոտորակուած ազգի մը իրական ծառայութիւն մը ընել կ՛ուզէ, լաւագոյնը պիտի ըլլար, որ այդ ժապաւէնները զատուէին մե՛ր ընտրութեամբը եւ ոչ թէ թուրք սպայինը: Ան թերեւս նախընտրէր տալ անորոշ, տարտամ ժապաւէններ, ուր հաւանաբար դժուար պիտի ըլլար հայ կամ թուրք չարագործը զանազանել եւ թուրք ոճրագործը իբրեւ հայ ներկայացուէր: Լրագրողը մեր տեսակէտին համաձայն գտնուեցաւ, եւ մեր ծրագրին գործադրութեան ու յաջողութեան շուրջ սկսանք ծրագիր մը կազմել: Համոզուած` թէ ինքը թուրք հոգեբանութեան բացարձակապէս անծանօթ էր, ամերիկացին այդ ծրագրին կազմութիւնը մեզի յանձնեց եւ խոստացաւ զայն տառացիօրէն գործադրել:

 

Լրագրողը թուրք սպային կերպով մը ծանօթանալէ ետք, անոր յայտնած էր իր հանգամանքը` իբրեւ ամերիկացի լրագրող, եւ թէ` կ՛ուզէր թուրքերուն օգտակար ըլլալ` անոնցմէ ստանալով փաստաթուղթեր հայերու կողմէ թուրքերուն դէմ գործուած հալածանքներուն, ջարդերուն շուրջ: Ահա՛ թէ ինչո՛ւ սպան խոստացած էր տալ կարգ մը ժապաւէններ: Մեր որոշած ծրագիրը սա էր.-

 

Ամերիկացին ժապաւէնները առնելու համար առանձին պիտի չերթար, այլ պիտի ընկերանար անգլիագէտ անբարոյ կնոջ մը, ան ալ` օտարական: Երբ ամերիկացին ներկայանար պաշտօնատուն ժապաւէնները առնելու համար, իր թարգմանի պաշտօնին հետ` այդ կինը իր միւս պաշտօնն ալ պիտի գործադրէր` կերպով մը հմայելով դիւրագրգիռ թուրք պաշտօնեան:

Եւ երբ այս երկուքը առանձնանային, ամերիկացին ի՛ր ընտրածները պիտի զատէր դարակներուն մէջէն եւ պիտի վերադարձնէր իրեն պէտք չեղածները: Ամերիկացին իր ճանչցած թուրք սպայէն յանձնարարագիր մը առաւ, որուն մէջ կը հրահանգուէր, որ լրագրողին յանձնուին 24 ժամուան համար միա՛յն, կարգ մը ժապաւէններ` քննութեանց արդիւնքը ամերիկեան թերթերու հաղորդուելու նպատակով:Ուրբաթ օր մըն ալ, Պոլիսէն ձիով քաշուող կառք մը առնելով, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին ես, ամերիկացին, «թարգմանչուհի»ն եւ բարեկամ մը Պայազիտի մթերանոցը գացինք:Լրագրողը` ձեռքը ճամբորդական պայուսակ մը բռնած, եւ «թարգմանչուհի»ն ալ իր անուշահոտութիւնները չորս հովերուն սփռած` մեծ շէնքէն ներս մտան, մինչ մենք` երկուքս, դուրսի հրապարակին վրայ սկսանք վեր վար ճեմել, մինչեւ միւս երկուքին վերադարձը:

 

Դուրսը գրեթէ սկսած էր մթնիլ, երբ ահա մեր զոյգը հոյակապ շէնքէն դուրս եկաւ. լրագրողը ծանրաբեռնուած կ’երեւէր. գործը յաջողած էր, կեցցէ՛ «թարգմանչուհին»… Հրապարակը յաճախորդի սպասող կառք մը նստելով` ուղղուեցանք դէպի Բերայի կողմը, ուր, կանխաւ եղած կարգադրութեամբ մը, հայ ծանօթ լուսանկարիչ մը մեր վերցուցած ժապաւէններուն մէկ օրինակը պիտի լուսանկարէր, որպէսզի բուն ժապաւէնները կարենայինք, ըստ մեր խոստման, վերադարձնել մեր առած տեղը: Երկու հազար մեթրէ աւելի եղող սոյն շարժապատկերին մէկ օրինակը մեր ձեռքը յանձնուեցաւ յաջորդ օրուան երեկոյեան եւ 24 ժամ ետք, ամերիկացի մեր հայասէր բարեկամը Պոլսոյ նաւահանգիստէն հեռացաւ յունական փոքր նաւով մը: Մինչեւ նաւ ես եւ ընկերս լրագրողին հետեւեցանք: Անշո՛ւշտ որ ժապաւէնը տեսանք, սեղմ շրջանակի մը մէջ, անոր արտասահման առաքումէն առաջ:

 

Այս ժապաւէնին մէջ կար տեսարան մը, որ մարդկային ո՛չ մէկ հրէշածին էակ սիրտ եւ քաջութիւն պիտի ունենար նկարելու: Բայց գերման զինուորը կրցած էր գործադրել իր ստացած հրամանը կէտ առ կէտ` անտեսելով մարդկային որեւէ նախնական խիղճ: Տեսարանը հազիւ երկու տարեկան եւ մօրը ձեռքէն խլուած աղջիկ-երեխայի մը բռնաբարումը կը ներկայացնէր` միաժամանակ երկու ոճրագործ թուրքերու կողմէ, հրացանը ուսերնէն կախուած, պատառոտուն ցնցոտիներո՜վ: Աթէնքի վրայով ամերիկացի լրագրողը այս ժապաւէնները ուղղակի Լոնտոն տարաւ եւ յանձնեց Լ. Ճէյմս Պրայսի: Յետոյ ինք Ամերիկա անցնելով` այս ժապաւէններուն մասին երկար ու մանրամասն յօդուածներ գրեց ամերիկեան զանազան թերթերու մէջ, զորս այդ թուականին (1919-1920) թարգմանեցի Պոլիս հրատարակուող «ճակատամարտ»ին մէջ: Անգլիական «Թայմզ» եւ մասնաւորաբար «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթերը մէկէ աւելի յօդուածներ գրեցին այս ժապաւէններուն շուրջ, նոյնիսկ ժողովրդային բուռն բողոքներ գրուեցան նո՛յն թերթերուն մէջ` դժգոհութիւն յայտնելով, որ վերոյիշեալ ժապաւէնները սինեմաներու մէջ հանրութեան ցոյց տուած էին` առանց կանխաւ ազդարարելու, թէ զանոնք տեսնելը արգիլուած է հիւանդներու, դիւրազգացներու եւ երիտասարդ տարրին:

 

Սոյն ժապաւէնները ցոյց տրուեցան նաեւ անգլիական արքունի պալատին, Համայնքներու եւ Լորտերու Տան մէջ` բոլորի՜ն պատճառելով նողկանք եւ (թերեւս) խղճահարութիւն… 1927ին կամ 28ին, լաւ չեմ յիշեր, վերոյիշեալ ժապաւէնը հանրութեան ցոյց տրուեցաւ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ, ճարտարարուեստական միջազգային ցուցահանդէսի մը ընթացքին, թրքական տաղաւարին ճիշդ մօտը գտնուող շէնքի մը մէջ: Պոլսոյ թերթերը, ատենին, բողոքի բուռն ձայներ բարձրացուցին` առարկելով, որ կոտորածի այս դրուագները… շինծու էին: (Այսինքն` հայերը շինծու հայեր, հայուհիներ, երեխաներ են մեռցուցեր, խողխողեր են միմիայն Թուրքիոյ դէմ «բան» մը ըրած ըլլալու համար): Ի՜նչ ծիծաղելի փաստարկութիւն…

 

Մեզի` հայերուս համար, հարցին կարեւորագոյն երեսը ա՛յն է, թէ ներկայիս ո՞ւր կը գտնուին անոնք: Անձնական համոզումս այն է, որ այս ժապաւէնները տակաւին կը գտնուին Հոլիվուտի դարակներուն մէջ: Հայ թերթերու մէջ, անգամ մը` ամերիկահայ, այս հարցին մասին գրած եմ, բայց դժբախտաբար ո՛չ ոք զբաղեցաւ այս շա՜տ կարեւոր հարցով: Այս ազգային ժապաւէնները մե՛ր ցեղին սեփականութիւնն են. փոխ էինք տուած եւ հարկ է, որ անոնք վերադարձուին:

 

ՎԱՀՐԱՄ Ս. ՓԱՓԱԶԵԱՆ