|
Փոխարժեքներ
08 10 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 361.97 |
| EUR | ⚊ | € 404.72 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.2413 |
| GBP | ⚊ | £ 477.76 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.19 |
Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսության և «Նարեկացի» հայագիտական ինստիտուտի համագործակցության հեռանկարները․
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս ժամանեցին նախկին «Անիւ» հիմնադրամի, այժմ «Նարեկացի» հայագիտական ինստիտուտի ներկայացուցիչները, գործնապէս ծանօթանալու Սուրբ Աթոռի ծաւալուն գործունէութեան, եւ ծանօթացնելու իրենց իրագործած ու իրագործելի ծրագիրները, ապա քննարկելու հաւանական գործակցութեան կարելիութիւնները:
Արդարեւ, 2026 Հոկտեմբեր 1-8-ի ժամանակամիջոցին, հայ մշակոյթի եւ սրբոց թարգմանչաց յիշատակի ամսուան առաջին նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մէջ, երբ «Նարեկացի» հայագիտական ինստիտուտի ներկայացուցիչները պաշտօնական առաջին այցելութեամբ, բաղկացած տիարք Արմէն Խեչոյեանէ, Արթուր Սողոմոնեանէ, Ռուբէն Աթոյեանէ եւ տիկին Գոհար Աւագեանէ ժամանեցին ու հիւրընկալուեցան Կաթողիկոսարանէս ներս:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ ունեցան երկու հանդիպում, ուր լսեցին Հայրապետին լայն փորձառութեամբ լեցուն միտքերն ու պատկերացումները, քննարկուեցան գործակցութեանց ոլորտները եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:
Մեր յարգելի հիւրերը վայելեցին Մայրավանքիս բարիքները, ստացան Կաթողիկոսարանիս հրատարակութիւններէն, «Կիլիկիա» Մատենադարանի ընդհանուր պատասխանատու Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի առաջնորդութեամբ նախ շրջայց կատարեցին Մայր Տաճար, Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձան, Գանձատուն, «Կիլիկիա» Մատենադարան, «Կիլիկիա» Թանգարան, Արխիւատուն, Միջ-Եկեղեցական, Տեղեկատուական, Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն, նորակառոյց Պէզիքեան կեդրոն: Տեսակցեցան Կաթողիկոսրանիս բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ: Յաջորդաբար այցելեցին Թռչնոց Բոյն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան, Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան, Այնճար, Լէյլաւան եւ «Խորէն Ա.» կեդրոն, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի եւ Ազգային Առաջնորդարան, յատուկ հանդիպում ունեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի հետ, Ազգային Միացեալ Վարժարան՝ տնօրէնութիւն եւ աշակերտներ, Այնթուրա՝ հայ որբանոցի հետքերով, Սուրբ Աստուածածին Վանք՝ Պիքֆայա եւ Դպրեվանք՝ տեսչութիւն եւ ուսանողութիւն:
Մեկնելէ առաջ պատուիրակութիւնը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սուրբ Օծութեան, միաժամանակ իր հիացումն ու գնահատանքը արտայայտեց այն հսկայ մշակութային ու կրթական առաքելութեան համար, որ կազմակերպ ու հետեւողական կերպով կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:
«Նարեկացի» ինստիտուտի պատասխանատուները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին գործակցելու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ հայագիտութեան հետ աղերս ունեցող զանազան մարզերէ ներս: