կարևոր
4528 դիտում, 6 ամիս առաջ - 2024-05-10 15:15
Քաղաքական

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Արծուիկ Մինասեանը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Արծուիկ Մինասեանը

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեանի։

Հանդիպման նպատակը եւ քննարկումներուն առանցքը Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին եւ յատկապէս Երեւանի մէջ այսօր կայացող ժողովրդային հաւաքը։ Այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակէտներու փոխանակում եւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ ժողովուրդին ձայնը լսելու ու անոր կամքին ընդառաջելու հրամայականը։