կարևոր
3484 դիտում, 7 ամիս առաջ - 2024-03-25 11:04
Հասարակություն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Լիբանանի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Լիբանանի Ներկայացուցիչները

Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ներկայացուցիչները՝ Վանիկ Տագէսեան (ՍԴՀԿ), Յակոբ Բագրատունի (ՀՅԴ) եւ բժիշկ Աւետիս Տագէսեան (ՌԱԿ)։

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով քաղաքական երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք աշխատանքները ու ժողովրդային ձեռնարկները։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը, յատկապէս համահայկական ու համայնքային հարցերու ու նախաձեռնութիւններու գծով։ Ան շեշտեց լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ կայանալիք եկեղեցական ու ժողովրդային հաւաքներուն՝ ցոյց տալու մեր շրջապատին ու յատկապէս ցեղասպաններուն, մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքն ու պահանջատիրական աննկուն ոգին։