կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-22 11:58
Քաղաքական

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցլեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու յատկապէս Արցախի պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն Արցախի ու Հայաստաանի մէջ՝ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական մարզերէն ներս։

Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Սփիւռքի գաղութներուն եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ։