կարևոր
5170 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-20 14:41
Քաղաքական

Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Շուէտիոյ Կառոյցի

Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Շուէտիոյ Կառոյցի

Ազրպէյճանը Սեպտեմբեր 19ին, կրկին խուժեց լայնատարած Արցախի Հանրապետութեան սահմանի ամբողջ երկայնքը ու հրետանային հարուածներով կ’ուզէ իրականացնել իր տարիներու ցանկութիւնը որն է` Արցախի հայաթափման ցեղասպանական ծրագիրը։

Տեղի ունեցած յարձակումներու ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը մղէ յամառ ու պինդ դիմադրութիւն։ Օրուայ կացութեան համաձայն յարձակման հետեւանքով հայկական կողմն ունի զոհեր և վիրաւորներ, որոնց մէջ կան նաև անչափահաս փոքր երեխաներ։

Ազրպէյճանը փակեց Արցախը Հայաստանին կապող անցքը, խախտեց 2020 թուականի Նոյեմբեր 9ի եռակողմ հրադադարի մասին հռչակագիրը ու այս ձևով խոչընդոտեց այդ շրջանին մէջ ապրող հայերուն սնունդի և այլ նախնական պէտքերու հայթայթումն ու ժողովուրդին ազատ տեղաշարժը։ Այս բոլորը ի՞նչ են եթէ ոչ` ազգային դաւաճանութիւն, ի՞նչ են եթէ ոչ` նոր ցեղասպանութեան մը նախնական քայլերը։

Ու Հ.Հանրապետութեան իշխանութիւնները անտեսելով այս ողջ իրականութիւնը խաղաղութեան շինծու ճառերով և Արցախը ճանչնալով Ազրպէյճանի մաս մեր հայրենիքը կը մղեն նոր պատերազմի։ Այս կացութենէն օգտուելով Ազրպէյճանը կը դառնայ աւելի անզուսպ ու սանձերը ձգած։

Այս օրուան հրամայականը այն է որ`.-

– Փաշինեանը հրաժարի Պաքուի գերիշխանութիւնը ճանչցող ազգադաւ իր յայտարարութիւններէն։

– Պարտաւոր է ստանձնել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը և բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկել 120000 հայերու պաշտպանութեան համար։

– Պարտաւոր է նաև դիւանագիտական ջանքեր գործադրել ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։

Համաժողովրդային բողոքի յորձանքն ու տագնապը ընդարձակելու ժամը հասած է։

Շուէտիոյ Հ.Յ.Դ. Կառոյցը իր բոլոր ուղեկից միութիւններով զօրաշարժի ենթարկուած է։

ԿՈՋ կ’ուղղենք Շուէտահայութեան հետևելու Հ.Յ.Դ. Կառոյցի քարոզչական աշխատանքներուն ու նախաձեռնութիւններուն։

Պինդ մնանք ու զօրակցի’նք Արցախին ու արցախահայութեան։

Սա մեր վերջին ինքնապաշտպանութեան առիթն է։

ՏԷ’Ր ԿԱՆԳՆԻՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՐՑԱԽԻՆ։

Հ.Յ.Դ. Շուէտիոյ Կառոյց