Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ծանր էր Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հիւսիսային գօտիին, նաեւ Թուրքիոյ հարաւին հասած հարուածը, որ եկաւ բնութենէն։
Անսպասելի եւ անբնական հարուած մը՝ բնութենէն։ Այո՛, այս անգամ անգամ բնութիւնն էր որ զայրացած էր։ Ո՛չ Արեւմուտքը, ո՛չ ալ Արեւելքը։
Զէնքի եւ զինամթերքի կարիք չկար։ Ո՛չ ալ երկար ժամանակի վրայ՝ շաբաթներու կամ օրերու պատրաստութեան։ Անօդաչու սաւառնակ ալ պէտք չեղաւ։
Պատմական Կիլիկիան ցնցուեցաւ Փետրուար 6-ի վաղ առաւօտուն։ Արեւմտեան լրատուական քարոզչութեան համար, կիզակէտը առաւելապէս Թուրքիան էր։
Միայն Կիլիկիան չէր ցնցուողը, այլ նաեւ ընդհանդարպէս Միջին Արեւելքը՝ Թուրքիոյ հարաւային գօտիէն մինչեւ Լիբանան, Իսրայէլ, Իրաք. շարժը զգալի եղաւ նաեւ Հայաստանի մէջ, սակայն Թուրքիոյ դրացիներէն ամէնէն ծանր հարուածը կրեց Սուրիան, որ մօտաւորապէս տասը տարի ցնցուեցաւ քաղաքական-ռազմական միջամտութիւններու հետեւանքով, իսկ անկէ ետք ալ, տնտեսական-ընկերային ցնցումները կը շարունակեն ահաւոր տագնապի մը պատանդը պահել երկիրը:
Քանի մը ակնթարթ, հազիւ 40-45 երկվայրկեան, եւ արդէն փուլ եկած էին կառոյցներ, իսկ փլատակներուն տակ ալ անշնչացած էին դեռ քիչ առաջ շնչող էակներ։
Հարուած մը, երկրաշարժ մը, որ միայն չթօթուեց կամ չցնցեց, այլ նաեւ ահաւոր տարողութեամբ քանդեց։
«Բնական քանդիչ»-ը՝ երկրաշարժը անխնայ եղաւ եւ քանդեց արդէն իսկ ռումբերէն քանդուածն ու խարխլածը, քաղաք մը՝ որ հազիւ հազ սկսած էր վերակառուցուիլ, վերաշինուիլ եւ վերստին շնչել, հոգ չէ թէ տնտեսական այլապէս ճնշիչ պայմաններու մէջ:
«Քաղաքացիական պատերազմ»ին հետեւանքով ծանրօրէն վնասուած՝ սփիւռքահայութեան կեդրոններէն Հալէպը կրկին քանդում ապրեցաւ։
Հազար ու մէկ գիշերներու հեքիաթ չէ պատահածը, այլ զարհուրելի եւ սարսռազդեցիկ պատահար մը՝ հեքիաթներու այդ քաղաքին մէջ։
Վտանգաւոր այլ պատահարի մը պարագային, եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջը կրնար կանուխէն տեղեակ պահել, ազդարարել եւ նախազգուշացնել, թէ վատ բան մը պիտի պատահէր։ Երկրաշարժը այնպիսի պատուհաս մըն է, որ զանգերը զրկեց նման պարտականութենէ:
Յատկապէս ամրան շոգին, հալէպահայը կամ հիւրաբար այդ քաղաքը հասած հայորդին, բնակարանէն դուրս՝ տանիք կը բարձրանար, բնութեան (երկնային) գիրկին մէջ քնանալու եւ աստղերու կամ լուսնին լոյսին տակ երազելու։ Դժբախտաբար, այսօր սաստիկ ցուրտ ձմեռ է, հետեւաբար, աղէտահարները ստիպուած են իրենց բնակարանէն հեռու գիշերելու, աւելի ապահով երդիքի տակ, կամ մինչեւ իսկ ողջ մնացած ինքնաշարժներու մէջ։
Գրեթէ երկու ամիսէ ի վեր Բերձորի միջանցքի շրջափակումով տառապող եւ Արցախի հայութեան ապագայով մտահոգուող հայորդիին համար, անսպասելի եւ աներեւակայելի էր պատահածը։
Արդեօք բնութի՞ւնն ալ կը շնչէ, կը դիտէ եւ կը զգայ։ Անիկա տեղեակ չէ՞, թէ ո՞վ է իր իսկական պաշտպանը, եւ ո՛չ թէ միջանցքներ շրջափակող կեղծաւոր «բնութենապաշտ»-ը։
Արցախը շրջափակուած է, Հալէպն ալ՝ ծանրօրէն քանդուած։
Ահաւասիկ վիթխարի պարտականութիւն մը եւս՝ արդէն իսկ զանազան առաջնահերթութիւններով կլանուած Սփիւռքին եւ սփիւռքահայութեան համար։ Մեր նորագոյն պատմութիւնը վկան է, որ հայութիւնը մի՛շտ ալ միասնական է, համեմատաբար խաղաղ ու ապահով շրջանի մէջ եղողը՝ մի՛շտ ալ փութացած է օգնութեան ձեռք երկարելու աղէտեալին, պատուհասներու ենթարկուողներուն: Այս ճշմարտութիւնը փաստագրուած է Գիւմրի-Սպիտակ երկրաշարժի օրերուն, Լիբանանը հարուածած բազմահանգրուան աղէտներուն, նոյնինքն Հայաստանն ու Արցախը վտանգած՝ թշնամիի յարձակումներուն ատեն:
Այսօր տարբեր պիտի չըլլայ: Հայութիւնը դարձեալ կոչուած է օգնութեան ձեռք երկարելու Հալէպի մեր հարազատներուն եւ գործնապէս ըսելու, որ անոնք մինակ չեն, ինչպէս որ մինակ չէ պաշարուած Արցախը:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական