կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-04 23:20
Քաղաքական

Մեր քաղաքական միտքին կողմնացոյցը

Մեր քաղաքական միտքին կողմնացոյցը

«Իսկական զինուորը կը կռուի ո՛չ թէ այն պատճառով, որ կ՛ատէ իր դիմացը եղողը, այլ որովհետեւ կը սիրէ այն՝ ինչ որ իր ետին կը գտնուի»:

Պղատոն

Եթէ բառ առ բառ կանգ առնենք եւ վերլուծենք յոյն փիլիսոփային այս խօսքը, մեր մտքի ենթապատկերին մէջ ունենալով աշխարհը վերջին օրերուն ելեկտրականացուցած եւ բոլորին ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնող՝ Ուքրայինա-Ռուսիա պատերազմը, կրնանք հեզասահ կերպով անցնիլ տրամաբանական եւ Լափալիսեան եզրակացութիւններու։ Պարզ խօսքով՝ ուքրայինացի զինուորը բնականաբար պիտի ատէ իր դիմացը գտնուող թշնամին եւ ետին նայելով՝ պիտի գուրգուրայ իր պաշտպանած դիրքը, այսինքն՝ հայրենիք դաւանած երկիրը, քաղաքները։ Պարագան նոյնն է ռուս զինուորին, որ բնականաբար պիտի ատէ իր դիմաց գտնուող թշնամին եւ ետ նայելով՝ պիտի պարծենայ իր գրաւած տարածաշրջաններով։

Սակայն այդքան ալ պարզ չէ Պղատոնի խորհրդածութեան հիմքը։ Շատ աւելի խորունկ է իմաստը։ Այս պատերազմին մէջ, իւրաքանչիւրին դիմացը գտնուողը լոկ թշնամի մը չէ, ետինն ալ հպարտանք ներշնչող սխրանք չէ։

Բնական այլ իրականութիւն է, որ նախայարձակը միշտ ալ յանցաւոր կը նկատուի եւ բուռն կերպով կը քննադատուի, իսկ յարձակման թիրախն ալ կը նկատուի անմեղ, օգտագործուող ու շահագործուող։

Այդպէս կը պատահի, կը կատարուի եւ կը մեկնաբանուի այս օրերուն։ Մանաւանդ, երբ… Արեւմուտքն ու անոր շահերն են հրապարակին տիրապետողը։

Լոկ Ուքրայինան չէ, որ կը պաշտպանուի կամ կը պայքարի իր հողատարածքին համար, այլ Արեւմուտքը եւ անոր ռազմական բազուկը՝ ՆԱԹՕ-ն է, որ կը պայքարի՝ իր սահմանները ի հեճուկս Ռուսիոյ տարածելու համար։ Սա անշուշտ գոհունակութիւն չի պատճառեր «մեծ արջ»ին՝ Ռուսիոյ։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ «անցումային» քանի մը տարիներէ ետք, Նէօ-Ռուսիան, յանձին նախագահ, ապա վարչապետ եւ այժմ կրկին նախագահ Փութինի (եւ հոս պէտք է տեսնել անձէն անդին տարածուող մտածողութիւնը, հաշիւները), իր կարգին փորձեց եւ կը փորձէ իր հաշիւներուն ու շահերուն համապատասխանող սահմաններ ստեղծել-վերստեղծել՝ կասեցնելու համար Արեւմուտքին եւ անոր զինուորական թեւին՝ ՆԱԹՕ-ին յառաջխաղացքը։ Փաստօրէն, Խորհրդային Միութեան՝ պատմութեան անցնելէն ետք, արբանեակ երկիրները մէկ առ մէկ փուլ եկած էին եւ զօրակայան փոխած: Պալթեան եռեակը, մինչեւ իսկ Խորհրդայիններու դաժան օրերուն, ամենէն աւելի «արեւմտացած»-ներն էին։

Արեւմուտքին համար ամէն իմաստով պտղաբեր հող է լայնատարած Ուքրայինան։ Նոյն կարծիքը ունի ՆԱԹՕ-ի հին-նոր ախոյեանին՝ Ռուսիոյ, որուն հովանաւորած Վարշաւայի ուխտը արդէն չքացած էր, աւելին, ուխտին իր անունը շնորհած քաղաքն ալ միացած էր ՆԱԹՕ-ին: Ռուսիա չէ մոռցած, որ Ուքրայինան իր տիրապետութեան տակ կը գտնուէր Կլասնոսթի եւ Փերեսթրոյքա-ի օրերուն։

Ուքրայինայի պատերազմը տեղի կ՛ունենար տարիներէ ի վեր, սակայն տարբեր բնոյթով, սուսիկ-փուսիկ ու լռիկ-մնջիկ. Տոնպասը իր ամբողջական հակակշիռին վերադարձնելու Քիեւի իշխանութեան քաղաքականութիւնը «տեղական պատերազմներու» շարք մը ստեղծած էր, որ սակայն ընդհանրապէս հեռու կը պահուէր արեւմտեան աշխարհի լուսարձակներէն եւ քարոզչական մեքենաներէն: Զուգահեռաբար, Արեւմուտքը շարունակ կը փորձէր իր տիրապետութեան տակ առնել ամբողջ Ուքրայինան. եւ գաղտնիք չէ թէ ինչպէ՛ս բռնկեցաւ, Փետրուար 2014-ին, «Մայտան» յեղափոխութիւնը («Արաբական գարուն»էն աւելի քան 10 տարի ետք), որ մեծ յաջողութիւն գտաւ, յետոյ ալ օրինակ դարձաւ այլոց, որոնց կարգին՝ Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութեան»։

Եւ այսպէս, Արեւմուտքի եւ ՆԱԹՕ-ի թափանցումը շարունակուեցաւ, մինչեւ որ հասաւ Փութինի մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող «կարմիր գիծ»-ին։ Ժամանակն էր, որ ան իր ցուցամատը բարձրացնելով գործի լծուէր, զօրաշարժի ենթարկելով իր ուժերը։ Խրիմը արդէն իջած է Ռուսիոյ ստամոքսին մէջ։ Տոնպասի երկու շրջաններուն՝ Տոնեցքի ու Լուկանսքի անկախութիւնը ճանչնալէ ետք, ան անցաւ լայնածիր ներխուժումի: Ռուսիա կը յայտարարէ, թէ նպատակը Ուքրայինան գրաւելը չէ, այլ՝ ՆԱԹՕ-ն կասեցնել ու հեռացնել Եւրոպայի արեւելեան շրջաններէն: Բացայայտ է, որ ան Քիեւի մէջ կ’ուզէ տեսնել իրեն գործակից մը, մինչդեռ բացայայտ է, թէ այժմու նախագահը որքա՛ն հակամէտ է մտնելու Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ծիրին մէջ:

Ասոնք են հիմնական դրդապատճառները՝ նման պայթուցիկ կացութեան մը ստեղծման։ Ասոնց կը հետեւին, բնականաբար, Ուքրայինայի բնական հարստութիւններուն պէս գրաւիչ պատառներ…

Եթէ Թիֆլիսի եւ մինչեւ իսկ Պաքուի մէջ ի նպաստ Ուքրայինայի հաւաքներ սկսած են կազմակերպուիլ, պարագան նոյնը չէ Հայաստանին, որ համեմատաբար աւելի չէզոք է։ Երեւանի վարիչները իսկապէս դժուարին խաչմերուկի մը առջեւ կը կանգնին: Չմոռնանք նաեւ միւս հարցումը: Ի՞նչ կարելի է սպասել ղեկավարութենէ մը եւ անոր հետեւորդներէն, որոնք դեռ իրենց յետ-պատերազմեան դժնդակ կացութիւնը չեն թօթափած։

Կացութիւնը չենք դիտեր այս կամ այն զօրակայանին հետ ըլլալու կամ չըլլալու անկիւնէն, այլ կ’ուզենք շեշտել, թէ ստեղծուած նուրբ ու բարդ կացութեան մէջ, աւելի քան կենսական է մեր կողմնացոյցը ճիշդ գործածելը, մանաւանդ որ քարոզչական մեքենաները բոլոր կողմերէն գործի լծուած են, առաւելագոյն չափով խառնաշփոթութիւն կը ստեղծեն։

Մեր կողմնացոյցը պէտք չէ բանի օրուան յարափոփոխ դէպքերուն ազդեցութեան տակ, այլ զայն պէտք է բանեցնել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին հեռահաս, ապագայատեսիլ շահերուն գիտակցութեամբ, նաեւ հաշուարկելով այս կամ միւս կողին դիրքերն ու ընթացքները: Սա կը պահանջէ իմաստութիւն, շրջահայեացութիւն եւ ճիշդ դատողութիւն: Հայ քաղաքական միտքը պէտք է յաջողի ընդառաջել այս մարտահրաւէրներուն…

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական

hairenikweekly.com