Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը մօտէն կը հետեւի հայրենի ներքաղաքական նորագոյն իրադարձութեանց։ Ի տես վերջին օրերուն Նիկոլ Փաշինեաի եւ իր վարչախումբի կողմէ բանակի հրամանատարական կազմին հանդէպ առնուած կամայական քայլերուն եւ անհիմն մեղադրանքներուն, կու գանք այսու յայտարարելու որ մեր բովանդակ շարքերով՝ Հայոց Բանակին եւ անոր հրամանատարութեան կողքին ենք։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն իր զօրակցութիւնը նաեւ կը յայտնէ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման եւ կոչ կ՛ուղէ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան, որ բացարձակապէս զերծ մնայ ժողովուրդին հանդէպ բռնութեան արարքներէ։ Ինչպէս նախորդիւ յայտարարած էինք, այս պահուս՝ վերստի’ն կը պահանջենք անձնատուութիւն, ապազգայնութիւն եւ պարտութիւն մարմնացնող իշխանութիւններու անյապաղ եւ անցնցում հրաժարականը։
Միաժամանակ, կոչ կ՚ուղղենք որ անյետաձգելի իշխանափոխութեան այս գործընթացը առաջնորդուի քաղաքական զգօնութեամբ եւ երկրի անվտանգութիւնը չխախտելու հրամայականով։ Վստահ ենք, որ հայրենի մեր ժողովուրդը՝ Հայրենիքի վերականգնման ու պաշտպանութեան ի խնդիր, միանալով Հայոց բանակի հրամանատարութեան արժանապատիւ կեցուածքին՝ կը բարձրացնէ ճնշման այնպիսի ալիք՝ որմով ի վերջոյ կը հեռացնէ Հայաստանը անդունդի եզրին հասցուցած փաշինեանական վարչախումբը եւ կը բանայ հայրենիքի փրկութեան ուղին:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ