կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-07-20 21:30
Քաղաքական

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Պատմութեան ընթացքին եւ կեանքի զարգացման զուգընթաց՝ բառարան հասկացողութիւնն եւս աստիճանաբար աւելի ընդարձակ իմաստ ու բովանդակութիւն ստացաւ: Բառարանը, սոսկ բառի բացատրական կամ թարգմանական սահմանափակումէն դուրս գալով, տարածուեցաւ տարբեր յատկանիշներու վրայ, եւ ստեղծուեցան զանազան բնագաւառներու յատուկ մասնագիտական բառարաններ` հասնելով նոյնիսկ հանրագիտարանային բառարաններու:

Բառարանագիտութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն կենսագրական բառարանները: Անոնց նախահայրը կարելի է համարել ֆրանսիական «Լարուս» հրատարակութիւնները, որոնք աստիճանաբար ընդարձակուեցան ու կատարելագործուեցան:

Հայ բառարանագիտութեան մէջ կենսագրական տեսակի մեծագոյն նուաճումներէն են Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»-ը, Գառնիկ Ստեփանեանի կազմած եռահատոր «Կենսագրական բառարան»-ը: Ճիշդ է, որ այս բառարանները լիարժէք են, բայց բառարանագիտութիւնը եւ մասնաւորաբար կենսագրական բառարանի տեսակը կը թելադրեն աստիճանական զարգացում, նորացում, որպէսզի բառարանը միշտ հասնի զարգացման նոր շրջաններու` լրացվելով ներկայ եւ կենդանի բառայօդուածներով ու անուններով:

Կենսագրական բառարանները գիտական արժէքներ են, եւ աւելի կը զգացուի անոնց պահանջը` սկսած առօրեայ գործունէութենէն մինչեւ գիտական ուսումնասիրութիւններ: Մտաւորական, գիտական աշխատող, ուսուցիչ թէ ուսանող կամ պարզ ընթերցող, ամէնօրեայ իր աշխատանքին մէջ կարիք ունի ստուգելու, ճշդելու եւ իմանալու այս կամ այն գրողի, գործիչի մասին: Բայց երբեմն եւ շատ յաճախ դժուարութիւններու կը հանդիպինք անցեալին կամ թէկուզեւ ներկայիս՝ որեւէ ծածկանունի հանդիպելով:

Պէտք է նշել, որ լոյս տեսած են զանազան ծածկանուններու բառարաններ կամ այլ աշխատութիւններ։ Այս առնչութեամբ կարելի է նշել Գարեգին Լեւոնեանի շուրջ 3000 ծածկանուններու «Բառարան հայ ծածկանունների» գիրքը (Երեւան, 1963 թ․): Կազմուած է «Մշակի» (Գ. Արծրունի) աշխատակիցներու ծածկանուններու բառարանը: Նշենք նաեւ Հրանդ Պետրոսեանի «Հայերէնագիտական բառարան»-ը («Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1987 թ․), Խիկար Բարսեղեանի, Բախտիար Յովակիմեանի, Ներսէս Գասապեանի, Հայկ Պարիկեանի եւ ուրիշներու աշխատութիւնները:

Հայ բառարանային գրականութեան մէջ, սակայն, գոյութիւն չունի ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամներու կրած ծածկանուններու կամ զանազան ծածկանուններու բառարան, որ կարողանայ բաւարարել ընթերցող ուսումնասիրողին բոլոր պահանջները, թէեւ յեղափոխական գրականութեան կամ կարգ մը հրատարակուած գիրքերու վերջին բաժիններուն մէջ, յատկապէս` անձնանուններու ցանկերու շարքին, տեղ տրուած են ծածկանուններու եւ անոնց կողքին իսկական անուն-ազգանունի բացատրութիւններ:

Այս պատճառով ընթացք առած է մեր «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» կազմելու աշխատանքը, որը նպատակ ունի մտաւորականին, գիտական աշխատակիցին, ընթերցողին ու մանաւանդ նորահաս սերունդին` պարզաբանելու իւրաքանչիւր ծածկանունի ետին թաքնուած դաշնակցականի իսկական անունը: Ուստի ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին` նպատակ ունենալով դիւրացնել փնտրտուքի գործընթացը` պատրաստելով ծածկանուններու տարբեր բնագաւառներու ցանկ մը՝ կամրջելու համար անցեալն ու ներկան:

Այստեղ, առաջին հերթին, լուսարձակի տակ կ’առնենք ծածկանուն, կեղծանուն կամ ծածկագրութիւն եւ գաղտնագրութիւն բառերու հոլովոյթն ընդհանրապէս:

Անձնանուններու մէջ ուրոյն շերտ կը կազմեն կեղծանունները, ծածկանունները, մականունները, ազգանունները:

Կեղծանունը կամ ծածկանունը հնարուած անձնանուն է, որ այս կամ այն հանգամանքով պայմանաւորուած` փոխարինած է անձի անունին (բուն` հիմնական անունին զուգահեռ կամ լիակատար փոխարինումով): Այսպիսի անուանումներու յաճախ կը դիմեն գրողները, արուեստի բնագաւառի գործիչները, ծածուկ գործունէութիւն նախաձեռնող անձեր:

Անձնանուններու կամ ազգանուններու ծածկանունները կամ կեղծանունները կը բաժնուին հետեւեալ բնագաւառներու մէջ.

• գրական կեղծանուններ,
• գեղարուեստական կեղծանուններ,
• հաւաքական կեղծանուններ,
• քաղաքական կեղծանուններ,
• յեղափոխական կեղծանուններ,
• կուսակցական կեղծանուններ։

Յատկապէս վերջին երեք բնագաւառներու անձնաւորութիւններէն շատեր երբեմն իրենք ընտրած են ծածկանունը, կեղծանունը, ստորագրութիւնը կամ անունն՝ իրենց իսկ անունի փոխարէն: Անոնք ծածկանունի դիմած են զանազան նկատառումներով` խուսափելու համար գրաքննչական հետապնդումներէ, ընդգծելու համար հեղինակի անհատականութիւնը կամ վաստակը, ազատուելու համար ոչ բարեհունչ ազգանունէն:

Վերը նշուած բոլոր բնագաւառներու մէջ ներառուած անձնաւորութիւններու կարգ մը ծածկանուններ թէեւ կրնան ուրիշներու կողմէ յօրինուած ու նշանակուած ըլլալ, սակայն մեծ բաժինը, բնականաբար, եղած է, որ անձնաւորութիւններ իրենք ընտրած են իրենց ծածկանուններն ու կեղծանունները:

Գրողներու կեղծանունները յաճախ կը կոչեն նաեւ գրական անուն (յուն.` ψευδώνυμος, լատ.` pseudցnymos – «սխալ անուն», ψεύδος «փսեուդոս» – «այլ» եւ ὄνομα «օնոմա» – «անուն»), որ կ’օգտագործուի մարդու կողմէ անոր հասարակական գործունէութեան (յատկապէս արուեստի բնագաւառին մէջ) մէջ` իրական անունին փոխարէն: Իրական անունին տակ կը հասկնան այդ անունը, որ մարդը ստացած է իր ծննդեան ժամանակ եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է, գրական անունին առկայութեան պարագային կը կոչուի աւտոնիմ (յունարէնէ):

Արեւելեան մշակոյթի մէջ (օրինակ` ճափոնականի եւ չինականի մէջ) գրական անուան ընդունումն ընկերային կարգավիճակի փոփոխման հետ միաժամանակ ինչ-որ ժամանակաշրջանի պարտադիր եղած է:

Գրական անունին նպատակներէն կարելի է դասել շատ երկար անունն աւելի կարճով փոխարինելու ձգտումը, աւելի հնչեղ անուն ստանալու նպատակը, մարդու ազգութիւնը գաղտնի պահելու ցանկութիւնը եւ այլն:

Հայ գրողներէն կարելի է նշել` Րաֆֆի (իսկական անունը` Յակոբ Մելիք-Յակոբեան), Մուրացան (Գրիգոր Տէր-Յովհաննիսեան), Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան), Նար-Դոս (Միքայէլ Յովհաննիսեան), Պերճ Պռօշեան (Յովհաննէս Տէր-Առաքելեան), Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան), Պարոյր Սեւակ (Ղազարեան): Ինչպէս նկատելի է, ծածկանունը կարող է փոխարինել բուն անունին ամբողջութեամբ կամ միայն ազգանունին: Կան նաեւ խմբային ծածկանուններ, ինչպէս` Գամառ-Քաթիպա, որ կազմուած է երեք գրական գործիչներու (Գէորգ Քանանեանի, Մնացական Թիմուրեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի) անուններու սկզբնամասերով (որոշ փոփոխութեամբ):

Մականունն անձին տրուած է իբրեւ լրացուցիչ, յաւելեալ անուն` անոր անհատականութեան բնորոշ որեւէ յատկանիշ, աչքի զարնող գիծ նկատի ունենալով։ Շատ տարածուած է բարբառներու, ժողովրդախօսակցական լեզուի մէջ եւ ունի խիստ ընդգծուած արտայայտչականութիւն: Այսպէս՝ որոշակի իրադրութեան մէջ, օրինակ՝ խօսակցական բնագաւառի մէջ գլուխի մազերը թափած, ճաղատ մարդուն (անոր բացակայութեամբ) Քաչալ անունով կը կոչեն: Ժողովրդախօսակցական լեզուի մէջ այսպիսի անուանումները կը կոչուին փուտանուն (փոտանուն), փոթ անուն: Յաճախ ասոնք հիմք դարձած են ազգանուններու կազմութեան, օրինակ` Ձուակերեան, Աճառեան եւ այլն:

Եղած է նաեւ, որ գրական, գեղարուեստական ու հաւաքական կեղծանուններու կողքին, յեղափոխական, ռազմական, քաղաքական եւ կուսակցական բազմաթիւ գործիչներու ծածկանուններ եւս դարձած են իսկական անուն, ինչպէս` Արամ Մանուկեան, Վարանդեան…

Անձնանուններու տրուած ծածկանուններուն կամ կեղծանուններուն կը յաջորդէ ծածկագրութիւնը կամ գաղտնագրութիւնը (համեմատել՝ ծածկագիր, գաղտնագիր՝ գրութեան համակարգը կամ համակարգի առանձին տեսակներն ու տարրերը նշելու համար, վերջին նշանակութեամբ առաւել յոգնակի ձեւերը` ծածկագրեր, գաղտնագրեր): նպատակն է գրածը հասկնալի դարձնել միայն այն մարդոց, որոնք գիտեն վերծանման բանալին:

Ծածկագրութեան գրութեան եղանակը գրութեան ինքնատիպ համակարգն է, որուն մէջ տառերը (կամ թիւերը, կէտերը եւ այլ պայմանական նշաններ) կ’արժեւորուին ոչ ուղղակի նշանակութիւններով եւ յաճախ պայմանական նշաններու այլեւայլ համակցումներով այս կամ այն միտքը կը հաղորդեն: Ծածկագրութիւնը վերծանելու, ըմբռնելու բանալին (սկզբունքը) սովորաբար յայտնի կ’ըլլայ սահմանափակ թիւով մարդոց:

Գաղտնագիրը կամ գրիփթոկրամման (gryptogram: յունարէն κρυπτός- գաղտնի եւ γράμμα- գիր բառերէն) նոյնպէս գրութեան ձեւ է, որ նպատակ ունի գրուածը հասկանալի դարձնել միայն որոշակի անձնաւորութիւններու:

Գաղտնագիրն օգտագործուած է հին եւ միջին դարերէն` քաղաքական, ռազմական, առեւտրական, արհեստակցական եւ այլ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար: Առաջին գաղտնագրերէն մէկը գաւազանագիրն է (յուն. σκυτάλη- գաւազան), որ օգտագործած են հին Սպարտայի մէջ, հիմնականին մէջ՝ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ: Ան պարզագոյն փոխարինագիր է: Մագաղաթի ժապաւէնը կը փաթթէին որոշակի հաստութեան ձողի վրայ եւ երկարութեամբ կը գրէին: Յետոյ գրուածը կարդալու համար հարկաւոր էր ժապաւէնը փաթթել նոյն հաստութեան ձողի վրայ:

Հին Հայաստանի գաղտնագրերու մասին կարելի է ըսել, որ հայկական գաղտնագրերու մաս մը կը պարունակեն քաղաքական տեղեկութիւններ, ծածկագրեր, միւսը` յիշատակարաններ, ուր գրիչները տեղեկութիւններ կը հաղորդեն իրենց մասին:

Անոնք կը բաժնուին քանի մը խումբերու.

• սիւնակէտագիր,
• կէտագիր,
• օղակէտագիր,
• գաւազանագիր,
• փոխարինագիր,
• եղբայրագիր,
• աղաւնագիր,
• գումարագիր,
• թուանշագիր եւ այլն:

Ծածկագրութեան բազմաթիւ եղանակներ յայտնի են հին ժամանակներէ (յիշատակելի են Հերոդոտոսը եւ Պլուտարքոսը):

Ծածկագրութիւնը օգտագործուած է ռազմական, դիւանագիտական, անօրինական քաղաքական, կրօնա-աղանդաւորական եւ այլ նպատակներով: Հայերը որոշ տեսակներ գործածած են 12-րդ դարէն:

Հայ միջնադարեան գրչութեան մէջ քաղաքական, ռազմական, առեւտրանիւթական, կրօնա-աղանդաւորական, արհեստագործական եւ այլ բնոյթի տեղեկութիւններ հաղորդելու համար գրիչներն երբեմն դիմած են գրութեան այս համակարգին:

Յիշատակարաններու մէջ անոնք ծածկագրութեամբ տեղեկութիւններ ձգած են նաեւ իրենց մասին: Հայ ծածկագրութիւնը կը ներկայանայ շարք մը տարբերակներով (տարատեսակներով). որոշ տարբերակներ գործածուած են տակաւին 12-րդ դարէն:
Յայտնի են ծածկագրութեան հետեւեալ hիմնական սկզբունքներն ու միջոցները։

1. Սիւնակէտագիր ծածկագիր: Տառերու այբբենական արժէքի արտայայտումը սիւնիկներու ու կողքին դրուած կէտերու համակցումով, միացումով:

Սիւնակէտագիր կը կոչուի այն պատճառով, որ կը կազմուի սիւներէ եւ անոր կողքը դրուած կէտերէ: Որոշ բանասէրներ այս ծածկագրութիւնը կ’անուանեն Սիւնագիր կամ Կէտագիր: Ծածկագրութեան այս տեսակը հայ մատենագրութեան մէջ ամէնէն շատ գործածուող գաղտնագրութիւնն է:

Հայագէտ Ֆրետերիք Միւլլերն որոշ նմանութիւն կը տեսնէ հայկական սիւնակէտագիր ծածկագրութեան եւ կելտական ogham կոչուող գրութեան մէջ, որ կազմուած է հինգ գծիկներու զանազան ձեւափոխութիւններէ, եւ կը կարծէ, որ սիւնակէտագիրը վերցուած է անոնցմէ: Սիւնակէտագիրը յօրինուած է օղակէտագիրի սկզբունքով, ուր կլոր օղակներուն կը փոխարինեն ուղղահայաց կամ քիչ թեքութեամբ գրուած գծիկները, իսկ կէտերը կը մնան անփոփոխ:

2. Կէտագիր ծածկագիր:

Նախորդին համակարգն է. սիւնիկները փոխարինուած են հայկական այբուբենի տառերով:
3. Օղակէտագիր ծածկագիր՝ օղերու եւ կէտերու համակցումով, միացումով:
Ծածկագրաթեան այս ձեւի համար հայերէն այբուբենի միաւոր տառերը (Ա-Թ) կ’արտայայտուին մէկ կլոր օղակով (օ), տասնաւորները (Ժ-Ղ)` երկու (օօ), հարիւրաւորները (Ճ-Ջ)` երեք (օօօ), հազարաւորները (Ռ-Ք)` չորս (օօօօ), որոնց մօտ հորիզոնական դիրքով կամ խառն շարուած կէտերն իրենց քանակով ցոյց կու տան ծածկագրուած տառին տեղն իր համակարգին մէջ, որմէ եւ կը ներկայանայ օղակէտագիր ծածկագիրներու հետեւալ այբբենական շարքը.

Օ. Օ.. Օ… Օ:: Օ::. Օ::: Օ:::. Օ:::: Օ::::.
Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ
ՕՕ. ՕՕ.. ՕՕ… ՕՕ:: ՕՕ::. ՕՕ::: ՕՕ:::. ՕՕ:::: ՕՕ::::.
Ժ Ի Լ Խ Ծ Կ Հ Ձ Ղ
ՕՕՕ. ՕՕՕ.. ՕՕՕ… ՕՕՕ:: ՕՕՕ::. ՕՕՕ::: ՕՕՕ:::. ՕՕՕ:::: ՕՕՕ::::.
Ճ Մ Յ Ն Շ Ո Չ Պ Ջ
ՕՕՕՕ. ՕՕՕՕ.. ՕՕՕՕ… ՕՕՕՕ:: ՕՕՕՕ::. ՕՕՕՕ::: ՕՕՕՕ:::. ՕՕՕՕ:::: ՕՕՕՕ::::.
Ռ Ս Վ Տ Ր Ց Ւ Փ Ք
4. Գաւազանագիր ծածկագիր. գաւազանանման պայմանական նշան` կէտերու համակցումով, միացումով:

5. Փոխարինագիր ծածկագիր. Այբուբենի տառերու արժէքներու փոխարինում` որոշակի սկզբունքով:
Փոխարինագիր ծածկագրութիւնը գաղտնագրութեան հին ձեւերէն մէկն է, ըստ էութեան՝ ամենապարզը, որովհետեւ անով կը կատարուի հայերէն տառերու պարզ փոխակարգում, որուն համար ալ ան ստացած է փոխարինագիր անունը: Ծածկագրութեան այս եղանակի դէպքի մը մէջ ծածկագրուող բառի մէջ հանդիպող միաւորները (Ա-Թ) կը փոխարինեն հազարաւորներու շարքին (Ռ-Ք)` համապատասխան տեղեր գրաւող տառերով, տասնաւորները (Ժ-Ղ)` հարիւրաւորներով (Ճ-Ջ), իսկ միւս պարագային՝ միաւորները (Ա-Թ) կը փոխարինեն հարիւրաւորներով (Ճ-Ջ), տասնաւորները (Ժ-Ղ)` հազարաւորներով (Ռ-Ք): Նոյն սկզբունքով յօրինուած է նաեւ փոխարինագիրի երրորդ տարբերակը, երբ միաւորները (Ա-Թ) կ’արտայայտուին տասնաւորներով (Ժ-Ղ), հարիւրաւորները (Ճ-Ջ)` հազարաւորներով (Ռ-Ք):

Ծածկագրութեան այս երեք ձեւերն ունին հետեւեալ պատկերը.

Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ,
Ռ Ս Վ Տ Ր Ց Ւ Փ Ք,
Ժ Ի Լ Խ Ծ Կ Հ Ձ Ղ,
Ճ Մ Յ Ն Շ Ո Չ Պ Ջ,

Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ,
Ճ Մ Յ Ն Շ Ո Չ Պ Ջ,
Ժ Ի Լ Խ Ծ Կ Հ Ձ Ղ,
Ռ Ս Վ Տ Ր Ց Ւ Փ Ք,

Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ,
Ժ Ի Լ Խ Ծ Կ Հ Ձ Ղ,
Ճ Մ Յ Ն Շ Ո Չ Պ Ջ,
Ռ Ս Վ Տ Ր Ց Ւ Փ Ք։

Այս աղիւսակները կ’օգնեն անհրաժեշտութեան պարագային հեշտութեամբ վերծանելու փոխարինագիր ծածկագիրները, եթէ անոնցմով այլեւայլ հնարանքներ չեն կիրարկուած: Ծածկագրութեան այս տեսակի հնագոյն նմուշը 7-րդ դարի Աւանի արձանագրութիւնն է: Հետագային հայերէն ձեռագիրներու մէջ կը հանդիպինք աւելի շատ թիւով փոխարինագիր ծածկագիրներու:
6. Եղբայրագիր ծածկագիր. փոխարինել ըստ յաջորդականութեան:
Ծածկագրութեան այս եղանակը նոյնպէս առանձին բարդութիւններ չունի: Անուանումն իսկ կը նշէ, որ ծածկագրուած բառի իւրաքանչիւր տառը կ’արտայայտուի իր համակարգի յաջորդ տառով, այսինքն` «Ա»-ի փոխարէն կը գրուի «Բ», «Լ»-ի փոխարէն` «Խ», «Ռ»-ի փոխարէն` «Ս», իսկ «Ք»-ի փոխարէն` «Ա» եւ այլն: Կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.

Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ,
բ գ դ ե զ է ը թ ժ,

Ժ Ի Լ Խ Ծ Կ Հ Ձ Ղ,
ի լ խ ծ կ հ ձ ղ ճ,

Ճ Մ Յ Ն Շ Ո Չ Պ Ջ,
մ յ ն շ ո չ պ ջ ռ,

Ռ Ս Վ Տ Ր Ց Ւ Փ Ք,
ս վ տ ր ց ւ փ ք ա։

Այս աղիւսակով արդէն հեշտ է կարդալ եղբայրագիր ծածկագրութիւնները, եթէ գրութիւններու հեղինակներն անոնց մէջ մտածուած խախտումներ չեն կատարած, որոնք երբեմն կը պատահին: Ծածկագրողներն, ընթերցողները շփոթեցնելու համար, երբեմն կը խառնեն տառերու հերթականութիւնը եւ յաջորդ տառի փոխարէն` կը դնեն նախորդը կամ կամայականօրէն կ’ընտրեն նոյն տառաշարքի (օրինակ` տասնաւորներու) որեւէ մէկ տառ, որ իր գրաւած տեղով շատ հեռու է ծածկագրուող տառէն:

7. Գումարգիր ծածկագիր. տառը՝ թուական նշանակութեան ուրոյն վերարժէքաւորումով:
Ծածկագրութեան այս տեսակի սկզբունքը շատ պարզ է: Ծածկագրուող տառերը ոչ թէ կը փոխարինեն մէկը միւսը, ինչպէս փոխարինագրերուն մէջ կը կատարուէր, այլ կը բաժնուին երկու եւ աւելի մասերու ու կը գրուին բաժնուած մասերու տառերով, այսինքն՝ «Դ»-ի փոխարէն գրուած է «ԲԲ», «Խ»-ի փոխարէն` «ԻԻ», «Պ»-ի փոխարէն` «ՆՆ» եւ այլն: Իսկ եթէ տառն իր թուական համարժէքով երկու հաւասար մասերու չէ բաժնուած, հետեւաբար նաեւ բաժնուած կէսերը հնարաւոր չեն ըլլար երկու նոյնանման տառերով նշանակել, կ’օգտագործեն տարբեր տառեր: Օրինակ` «Հ» տառը կրնայ արտայայտուիլ եւ՛ «ԼԵԼԵ» եւ՛ «ԼԽ» ձեւերով: Երկու պարագային ալ ընդհանուր թուագումարը 70 է, այսինքն` «Հ»: Գումարագիրներու մէջ «Ա» տառը կամ չի ծածկագրուիր, կամ կը նշանակուի լատիներէն «C»-ի, զերոյի («0») եւ նոյնիսկ ստորակէտի նշաններով: Երբեմն «Ա»-ն կ’արտայայտուի «00» ձեւով, երբ 0-ին փաստօրէն կը տրուի կէսի իմաստը եւ երկու կէսերու գումարով կը հասցուի «Ա»-ն: «Օ»-ն կրնայ օգտագործուիլ նաեւ, օրինակ, «Թ» տառը գաղտնագրելով, որ տուեալ պարագային մէջ կը գրուի «Դ0Դ0», այսինքն 4 1/2 + 4 1/2 = 9, այսինքն` «Թ»:
8. Երկբանալի ծածկագիր՝ տարբեր սկզբունքներու համակցուած, միացուած գործադրումով, երկու բանալի` վերծանման երկու եղանակ ունեցող:
9. Աքրոստիքոս (acrostic) սկզբունքի գործադրում:

Աքրոստիքոս, հին ժամանակներուն ոտանաւորներէ սկիզբ առած բանաստեղծական ձեւ է, որուն տողերու առաջին տառերը, վերէն վար կարդալով, կը կազմեն որեւէ բառ կամ արտայայտութիւն: Ան ունի հազարամեակներու պատմութիւն: Բառաեզրի ծագումը յունարէն «άκρος»–«եզր» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէն է: Հետեւաբար աքրոստիքոս կը համարուի բացառապէս առաջին եզրային տառերով կապակցուած ուղղահայեաց տողը: Յաճախ սկզբնատառերէն կը կազմուի այն անձին անուն-մականունը, որուն ձօնուած է բանաստեղծութիւնը: Անցեալին աքրոստիքոսի ձեւն օգտագործուած է՝ գրաքննութիւնը շրջանցելու կամ երկի հեղինակին անունը թաքուն տարածելու համար: Կիրարկուած է նաեւ չափածոյ հանելուկներու մէջ, որուն առաջին տառերէն կազմուած է պատասխանը:

Հայ գրականութեան մէջ աքրոստիքոսի ձեւը գործածած են Ներսէս Շնորհալին, Գրիգորիս Աղթամարցին, Եղիշէ Չարենցը եւ ուրիշներ: Եղիշէ Չարենցն իր «Գիրք ճանապարհի» ժողովածուի մէջ չորս աքրոստիքոս նուիրած է դստեր` Արփենիկ Չարենցին:

10. Մեզոսթիքոս (mesostic), լաբիւրինթոս (lapurintos) եւ թելեսթիքոս (тelestico) սկզբունքի գործադրում:
Երկլեզու եւ գրականագիտական որոշ բառարաններուն մէջ, գրականութեան տեսութեան եւ տաղաչափութեան վերաբերող քիչ թիւով աշխատանքներուն մէջ աքրոստիքոսէն որոշակիօրէն կը տարբերի տողերու մէջտեղի որեւէ տառով կազմուող ուղղահայեաց տողը: Ան կը կոչուի «մեզոսթիքոս» (առանձին պարագաներու մէջ` «մեսոստիքոս»): Այս բառին ծագումը նոյնպէս կազմուած է յունարէն` «μέσος»- «միջին» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէն:

Եթէ մէջտեղը թաքնուած տողը ոչ թէ ուղղահայեաց է, այլ ունի անկանոն դասաւորութիւն, բանաստեղծութիւնը (կամ ժանրը) կը կոչուի Լաբիւրինթոս: Ասոր մէկ տարատեսակ ալ կը համարուի այն ձեւը, երբ յաւելեալ տողը կը կազմուի թեքութեամբ, այսինքն` տողերու անկիւնագիծով: Անիկա առաւել յաճախ կ’անուանեն Անկիւնագծային լաբիւրինթոս:

Վերջապէս, կը պատահին նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնց ուղղահայեաց տողը կը բաղկանայ եզրային, բայց` տողավերջի տառերէն: Անոնք ալ կը կոչուին Թելեսթիքոս (յունարէն «τέλος»-«հեռու» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէն):

Շատ հազուադէպ եղած են նաեւ դէպքեր, երբ նշուած ձեւերէն երկուքը կամ քանի մը հատը հանդէս եկած են միեւնոյն բնագրին մէջ: Բարդացուած այդ ձեւը որոշ ուսումնասիրողներ, մասնաւորապէս ժամանակակից ռուս բանաստեղծ եւ գրականագէտ Իւան Չուտասովը, կը բնութագրեն որպէս աքրոկառուցուածք:

Մեզոսթիքոսի ձեւին հայ բանաստեղծներէն դիմած է Եղիշէ Չարենցն իր «Գիրք ճանապարհի» ժողովածուի «Պատգամ» բանաստեղծութեան մէջ գաղտնագիրներով. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

11. Բառերու հակառակ գրութիւն (զէնք – քնէզ):
12. Տառերու միտումնաւոր ձեւափոխութիւն` մասնիկներ աւելցնելով կամ պակսեցնելով:
13. Այբուբենի փոխարինում մէկ այլ, սակաւ գործածական այբուբենով եւ այլն:

Հայկական որոշ ծածկագրութիւններու մէջ գործածուած են նաեւ այլագիր (օրինակ` յունարէն) տառեր, արաբական թուանշաններ եւ այլն: Այլ տեսակներէն են` արաբական թուանշանագիր, ճիրանաւոր, շրջագիր, վանկագիր, յունատառ, ներսիսեան, բժշկական, թալիսմանագիր ծածկագրութիւնները:

Կան ծածկագրութեան աւելի բարդ ու խրթին ձեւեր, զորս կիրարկած են մասնագիտացած յեղափոխականները, հետախոյզները, լրտեսները եւ ուրիշներ: Այսպիսի ծածկագրութիւններու բանալին յայտնի է միայն պայմանաւորուած երկու կողմերուն:
Նկատի ունենալով «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» ծնունդին հիմնական պատճառը, որ ի սկիզբէ եղած է հայութեան գերագոյն շահերը պաշտպանելը, Հայ դատի լուծման համար պայքարիլը եւ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական հայրենիք կերտելը, կուսակցութիւնը բազմատեսակ գործունէութիւն ծաւալած է, հազարաւոր գաղափարական նուիրեալներ սուրբ գաղափարի տեսլականով գործած են այս բոլորին իրագործման ի խնդիր:

Անձնազոհ ու նուիրեալ դաշնակցականներ իրենց աննկուն կամքի զօրութեամբ հզօրացուցին եռախորհուրդ սիւներու վրայ հանգչող կուսակցութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Երեք դարերու ընթացքին վստահաբար անապահով ու տագնապալից կեանք մը պիտի հալածէր կուսակցութեան գործունէութիւնը ծաւալող շարքայիններուն` սուլթանին, քիւրտին, թուրքին, ցարին, պոլշեւիկեան եւ այլ իշխանութիւններու տիրապետութեան տակ ապրող հայ անհատին, յատկապէս` դաշնակցական շարքայինին:
Վարձկաններով ու լրտեսներով շրջապատուած, մարտի ընթացքին բազմաթիւ խոչընդոտներու հանդիպելով, յեղափոխականը, սակայն, ամենայն զգուշութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը` զերծ պահելու իր ազգը նման խոչընդոտներէ:
Գործադրելով գործունէութեան զանազան ձեւեր՝ անոնց գործունէութիւնն արմատապէս իմաստաւորուեցաւ ծածկանուններու, կեղծանուններու, ծածկագիրներու, գաղտնագիրներու կամ ծածկագրութիւններու, գաղտնագրութիւններու գործածութեամբ:

Ծածկանուններու մասին այսպէս կը նկարագրէ Ռուբէն Տէր-Մինասեան (*). «Նկատած եմ, որ մեծ մասով յեղափոխական ընկերները երեք տեսակի կեղծանուններ որդեգրած են: Կենդանական եւ բնութեան անուններ` Առիւծ, Ասլան, Վիշապ, Մասիս, Սիփան, վերջապէս` Չաքիրկայ, Քոթոթ եւ այլն: Այս անունները բնազդօրէն կամ գիտակցօրէն ցոյց կու տան անուանափոխումներու ներքին ձգտումները: Տիտղոսներ` Կընեազ, Կոմս, Իշխան, Խան, Պարոն եւ այլն, որոնք կը հիմնաւորեն անուանափոխներու ձգտումները, որոնք երբեմն կը յարմարին, երբեմն ալ բնաւ չէին յարմարեր: Երրորդ տեսակն ալ պատմական անուններն են` Արամ, Տիգրան, Վարդան, Վաչէ, Ճափոն եւ այլն, որով անուանափոխը գիտակցօրէն կամ անգիտակցօրէն կ’ուզէ նմանիլ պատմական իր ճաշակին համապատասխան հերոսներուն: Ասոնք կամովին եղած անուանափոխութիւններ են: Բայց չորրորդ տեսակի կեղծանուններ ալ կան, որոնք ակամայ են եւ չեն ընդունուիր անոնց տէրերուն կողմէ. հարազատը կամ թշնամի շրջապատը անուն մը կը փակցնէ, եւ այդ անունը պոկել կարելի չէ, օրինակ` Քեաչալ, Փաշա, Չաւուշ, Դահիճ, Թանաքճի, Զուռնաճի եւ այլն: Այս ակամայ կեղծանուններն արտաքին աշխարհին կը պատկանին. անոնք կը բնորոշեն անձը, դէպքերու անցեալը եւ ներկան»:

Մեր ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնուեցաւ, որ կան այլ տեսակի կեղծանուններ եւս, որոնք կը յիշուին անձերու ծննդավայրի եւ կամ գործած շրջանի անունով, օրինակ` Սեւքարեցի Սագօ, Կիւմիւշխանեցի Աւօ, Սեբաստացի Մուրատ, եւ այլն:

Ինչպէս նշուեցաւ, թէ կան կեղծանուններ, որոնք արտաքին աշխարհին կը պատկանին` հարազատը կամ թշնամի շրջապատն անուն փակցուցած է: Շատ են այն մակդիրները, որոնք յատկապէս թուրքը եւ քիւրտը տուած են, ինչպէս` Դուման, Ղըրէ Ղոլ եւ այլն:

Այս խիստ կարեւոր գործին համար աւելի քան 25 տարի երկարատեւ աշխատանք տարած ենք, հաւաքագրած ու դասակարգած ենք դաշնակցական գործիչներու մեծ թիւով ծածկանուններ: Հաւաքած ու կազմած ենք հազարներու հասնող ծածկանուններ` օգտուելով գրաւոր եւ բանաւոր տեղեկութիւններէ ու աղբիւրներէ: Տարիներու սպառիչ, դժուարին աշխատանք, որ կը պահանջէ տքնաջան աշխատասիրութիւն, համբերութիւն ու բծախնդրութիւն: Առ այժմ դժուար է ստոյգ տալ թիւն ընդգրկուած ծածկանուններու, բայց ստուար այս բառարանն իր ծիրին մէջ ներառած է ֆետայիներու, ազատամարտիկներու, յեղափոխական գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի, պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ զանազան մարզերու մէջ գործած դաշնակցականներու ծածկանուններ:

Հետազօտական այս աշխատութիւնն առանձնայատուկ կերպով կը ներկայացնէ ՀՅԴ-ի ֆետայական, հայդուկային, յեղափոխական, ազգային-ազատագրական, գրական, մարտական, պետական ու տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող նուիրեալներու փաղանգը:

Այս բառարանը, բնականաբար, կ’ընդգրկէ արեւելահայ եւ արեւմտահայ, անցեալի ու ներկայի բոլոր դաշնակցականներու ծածկանունները:

««Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատասիրութիւնը Դաշնակցութեան գործունէութեան ամբողջ ժամանակահատուածն ընդգրկած է` ծնունդէն մինչեւ օրս: Աշխատութիւնը պատմութեան մէջ եզակի է իր տեսակով` նկատի առնելով պատմութիւն դարձած կուսակցութիւնն ու իր զօրագունդի թիւը:

Դաշնակցականներու ծածկանունները հաւաքածոյի վերածելու այս աշխատանքը վստահաբար պիտի դիմագրաւէր շատ մը դժուարութիւններ ու բարդութիւններ: Ուստի կարելի եղած սահմաններուն մէջ փորձած ենք հարթել բոլոր այդ հարցերը:
Սակայն կրնան վրիպած ըլլալ կարգ մը անուններ: Անթերի կամ կատարեալ գործ մը կատարած ըլլալու յաւակնութիւնը չունինք բնաւ: Կը գիտակցինք, որ մեր հասողութենէն վրիպեցան հայոց գոյամարտը կերտողներէն կարգ մը անուններ, արժանաւոր դէմքեր, որոնք, անտարակոյս, յաւելեալ արժէք մը պիտի տային այս աշխատութեան, եթէ իրենք ալ ներառուէին:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատասիրութեան մէջ նկատի առնուած են հետեւեալ բնագաւառները.
– ցուցակ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութեան շարքայիններու ծածկանուններուն, կեղծանուններուն,
– ցուցակ ՀՅԴ մարմիններու եւ դաշնակցականներու կողմէ տարբեր շրջաններու եւ վայրերու տրուած ծածկանուններուն, կեղծանուններուն,
– ցուցակ ՀՅԴ մարմիններու ծածկանուններուն,
– ցուցակ ՀՅ Դաշնակցութեան մարմիններու կողմէ կազմակերպուած գործողութիւններու ծածկանուններուն,
– ցուցակ կարեւոր ծածկագրութիւններու եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններու:

Նշուած դաշնակցականներու ծածկանունին կողքին տրուած է բուն անունն ու ազգանունն ամբողջութեամբ: Սիւնակները նկատի առած ենք այբբենական շարքով:

Անուններու շարքին անոնց կցուած են ծննդեան եւ նահատակութեան, մահուան կամ ալ առեւանգումի թուականները: Մէկէ աւելի թուականներ գտնուելու եւ շփոթ ստեղծելու պարագային՝ արձանագրած ենք երկուքն ալ (նկատի առած, որ երկու աղբիւրներու ալ հեղինակները լաւատեղեակ են անձի կենսագրութեան): Իսկ թուականը չգտնուելու պարագային, հարցման նշանով ճշդած ենք անոր չգոյութիւնը կամ անգտանելի ըլլալը: Արձանագրած ենք նաեւ մէկէ աւելի ծածկանուններ կրողներու շարքը: Այստեղ կարեւորութեամբ կ’ընդգծենք, որ կարգ մը ծածկանուններու կողքին, ըստ հնարաւորութեան, յղում կատարուած է ծածկանունի ծագման եւ յառաջացման շարժառիթի համառօտ պատմութիւնը, որ ա՛լ աւելի կը հարստացնէ եւ կ’արժեւորէ բառարանը:

Այս աշխատասիրութեան մաս կը կազմեն նաեւ այն դաշնակցականները, որոնք հետագային հեռացուած են կուսակցութեան շարքերէն եւ կամ սպաննուած` իբրեւ պատիժ: Ինչպիսիք են Միհրան (ծանօթ` «Միհրանական շարժում»), Շահան Նաթալի, Ակսել Բակունց, Սաֆօ, Վազգէն Շուշանեան եւ ուրիշներ:

(*) Տէր-Մինասեան Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 6-րդ հատոր, էջ 250:

««Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատութեան մէջ տրուած հիմնական հինգ բնագաւառներն, իրենց ենթագլուխներով, ստորեւ կը ներկայացնենք առանձին-առանձին, հակիրճ տեղեկութիւններով եւ անոնց հետ միասին կու տանք քանի մը օրինակ:

Ա. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան շարաքայիններու ծածկանուններ, կեղծանուններ:
– Աբրօ, Ռ. Սեւեան, Շտաբի Աբրամ*, Աբրամ, Աբրամովիչ, Ա. Սեւեան 1875-1946, Աբրահամ Գիւլխանդանեան:
*Գանձակի մէջ Շտաբի (Զինուորական մարմինի) պետը եղած է, եւ անոր համար ալ ժողովուրդը զինք կոչած է Շտաբի Աբրամ անունով:
Տե´ս «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթըն, ԻԴ տարի, թիւ 4, յուլիս-օգոստ., 1946, էջ 85:
– Անտոն*, Սմբատ Օհանեան*, Սիմոն Զաւարօֆ** կամ Զաւարով, Սարգիս Անտոնեան***, 1866-1913, Սիմոն Զաւարեան:
*Սիմոն Զաւարեանի կուսակցական անուններն են` Անտոն եւ Սմբատ Օհանեան ծածկանունները:
Տե´ս «Ազդակ-շաբաթօրեակ», Պէյրութ, 30 սեպտեմբեր, 1949, էջ 30:
Տե´ս նաեւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Բ հատոր, էջ 34 ա:
** Սիմոն Զաւարօֆ ծածկանունով 1903 թուականին կ’այցելէ Կիլիկիա` իբրեւ ռուս գիւղատնտես:
Տե´ս «Ազդակ-շաբաթօրեակ», Պէյրութ, 30 սեպտեմբեր, 1949, էջ 30:
Տե´ս նաեւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Բ հատոր, էջ 34 ա:
*** Սիմոն Զաւարեանի յեղափոխական անուններէն է Սարգիս Անտոնեանը:
Տե´ս «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 113:
– Արշակ Վռամեան*, Վարազ, Վահապ[բ]**, Փալթոսըզ***, Նեռ****, Ա. Բակուր****, Օգիմդա****, 1871-1915, Օննիկ Դերձակեան:
* Օննիկ Դերձակեան. գրական ծածկանունով` Արշակ Վռամեան:
Տե´ս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա հատոր, էջ 43 բ:
** Կուսակցական ծածկանունով` Վահապ:
Տե´ս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա հատոր, էջ 43 բ:
***Օննիկ Դերձակեան տեւական, առանց բաճկոնի ըլլալուն համար, Պոլսոյ մէջ ստացած էր Փալթոսըզ մակդիրը:
Տե´ս «Անմահներուն հետ Վասպուրական մեր աշխարհի մէջ», Խոսրով Թիւթիւնճեան, 1974, Պէյրութ, էջ 80:

**** Օննիկ Դերձակեան առաջին անգամ սկսած է գրել Արփիար-Շահնազարի «Հայրենիք»-ին (Պոլիս) մէջ «Օգիմդա» կեղծանունով (ՕԳԴ, սկզբնատառերն իր բուն անուն-ազգանունին` Օննիկ Գէորգեան-Դերձակեան):
«Ազատամարտ»-ի «Առտուան տոմսեր»-ուն մէջ` «Նեռ» ստորագրութեամբ: «Ազատամարտ»-ի մէջ եւս յօդուածներ գրած է «Ա. Բակուր» ստորագրութեամբ:
Տե´ս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 43 բ:
– Արամ Մանուկեան*, Արամ փաշա**, 1879-1919, Սարգիս (Սերգէյ) Յովհաննիսեան:
* Սարգիս կամ Սերգէյ Յովհաննիսեանը Վանի մէջ դարձաւ Արամ Մանուկեան:
Տե´ս «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, էջ 146:
** Յովհաննիսեան Վանի նահանգապետ եղած շրջանին Վանի ժողովուրդը` հայ, քիւրտ եւ տաճիկ, բոլորն ալ զինք կը կոչէին «Արամ փաշա»:
Տե´ս «Ասլան Ստեփանեանի յուշերը», գրի առաւ Հայկ Աճեմեան, Թեհրան, տպ. Մոդերն, 1966, էջ 177:
– Գարեգին Խաժակ*, Բաբա-Գասպար կամ Պապա-Գասպար**, Բաբայեան***, Ա. Արծիւեան****, 1876-1915, Գարեգին Չագալեան:
*Գարեգին Չագալեանի գրական ծածկանունը Գարեգին Խաժակ է:
Տե´ս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա հատոր, էջ 47 բ:

**1897 թուականին (ըստ հեղինակին- Ա.Գ.) եկած է Պոլիս` իբրեւ յեղափոխական գաղտնի գործիչ Պապա Գասպար ծածկանունով:
Տե´ս «Իմ յուշերը», Վահան Փափազեան, հատոր երկրորդ, Պէյրութ, 1952, էջ 133:
***Կուսակցական ծածկանունով` Բաբա, Բաբայեան:
Տե´ս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա հատոր, էջ 47 բ:
****Դաշնակցական մամուլին մէջ գրած է Ա. Արծիւեան եւ Բաբա Գասպար կեղծանուններով:
Տե´ս «Յեղափոխական ալպոմ», 1965, թիւ 11, էջ 301:
– Էլլէն*, Թոփալ (Թոփալեան), Նաֆաթ, Սամուէլ Ֆայն, Միխայլով, Միխայիվօ, Էլլէն Լայլ*, 1859-1905, Քրիստափոր Միքայէլեան։
*Քրիստափոր Միքայէլեանի կուսակցական ծածկանունը գիտենք, որ Էլլէն է, սակայն ան իր գրած նամակներուն տակ ստորագրած է նաեւ Էլլէն Լայլ: Այդ նամակներէն մէկը Քրիստափոր ուղղած է Յոնան Դաւթեանին (23 յունիս 1896-ին):
Տե´ս «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 392:
– Ռոստոմ, Քոթոթ*, Աբրահամեան**, Արտաշէս Ռոստոմեան***, Միքայէլ****, Ն.Ս.*****, Արիստակէս Ղարախանեան, Արմէն Կասբարեան, 1867-1919, Ստեփան Զօրեան:
*Ուսանողական շրջանէն սկսեալ՝ իր յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերները զինք Քոթոթ անուանած են, այդ անունը կը մնայ վրան մինչեւ վերջ:
Տե´ս «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-1950», Պոսթըն, 1950, էջ 106:
**Ստեփան Զօրեան 1886 թուականին իր բուն անունով մուտք գործած էր Վարշաւայի մօտակայքը գտնուող Ալեքսանդրեան գիւղատնտեսական ուսումնարանը, ուր քանի մը ամիս բանտարկուած ու ապա աքսորուած էր Կովկաս: Հետեւաբար, 1887 թուականին ան կու գայ Պաքու, աւարտական քննութիւն կու տայ եւ կը մտնէ Պետրովսկայա ակադեմիան: Ստեփան ստիպուած կ’ըլլայ Ստեփան Աբրահամեան անունով քննութիւն յանձնել, որովհետեւ Զօրեանը զրկուած էր արդէն ուսումը շարունակելու իրաւունքէն:
Տե´ս «Հայրենիք» ամսագիր, ԺԲ տարի, թիւ 1, նոյեմբեր, 1933, էջ 75:
***Օգոստոս 1885-ին, Արտաշէս Ռոստոմեան կեղծանունով կ’անցնի Կարին` որպէս ծպտեալ վաճառական, որ, իբրեւ պարսկահպատակ, ռուսական սամովարներ պիտի ծախէր այնտեղ:
Տե´ս «Հայրենիք» ամսագիր, ԽԲ տարի, թիւ 7, յուլիս, 1964, էջ 47:
****Ստեփան Զօրեան Ժընեւ ապրած է Միքայէլ անունով:
Տե´ս «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 111:
*****ՀՅ Դաշնակցութեան 10-ամեակին առիթով «Դրօշակ»-ի տասնամեակի համարին մէջ գրած է «Հայկական կարմիր խաչ» վերնագրով յօդուած մը եւ «ՆՍ» ստորագրութեամբ («ՆՍ», հաւանօրէն, «Նոր Սանասարեան» վարժարանի անունով- Ա.Գ.):
Տե´ս «Ռոստոմ», հրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, Պէյրութ, 1979, էջ 621:

Բ. ՀՅԴ մարմիններու եւ դաշնակցականներու կողմէ տարբեր շրջաններու եւ վայրերու տրուած ծածկանուններ, կեղծանուններ:
Այս ցուցակին մէջ յիշատակուած են տեղանուններ, կուսակցութեան հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, որոնք հրապարակուած են դաշնակցական մամուլով, գրականութեամբ եւ յայտարարութիւններով միայն: Ժամանակի ընթացքին այս անուններն անուանափոխուած են: Այդ անուանափոխումները կատարուած են զանազան պատճառներով: Պէտք է ըսել, որ կարգ մը տեղանուններ փոխարինուած են կուսակցական գործունէութեան ընթացքին նահատակուած դաշնակցականներու անուներով: Տեղին է նշել, որ նոյն անունը կրող կարգ մը այլ շրջաններ ալ գոյութիւն ունեցած են: Այս բնագաւառին մէջ ընդգրկուած կարգ մը շրջաններու ծածկանուններ կը ներկայացնենք` իբրեւ օրինակ.
Այգեստան – Գանձակի շրջան,
Բարձրաբերդ – Կարին,
Դաշտ – Կիլիկեան կուսակցական տեղանուն մը,
Լեռնավայր* – Կիլիկիա (Հալէպի շրջան),
Լեռնավայր – Փասատենա (ԱՄՆ),
Ծաղիկ** (Կռուածաղիկ, Լիս, Վիշապ) – Պոլիս եւ շրջակայքը,
Կռուածաղիկ (Ծաղիկ, Լիս, Վիշապ) – Պոլիս եւ շրջակայքը,
Կռուածաղիկ*** – Հոս կը ներառուին Դուրանի (Մուշ) հետեւեալ գիւղերը` Կառնէն, Ջրիկ, Ծափնայ, Առինջվանք, Առինջ, Օղունք, Նորշէն, Սոխում, Ալիզըչնան, Մոկունք, Դերգեվանք, Առաղ, Բերդակ, Հաւատորիկ, Առուարինջ, Խասգեղ, Շմլակ, Քոլոսիկ, Բնդըխներ եւ Մառնիկ:
*Լեռնավայրը, որ նախապէս Կիլիկիոյ կուսակցական տեղանունն էր, Կիլիկիոյ պարպումէն սկսեալ՝ կը ներկայացնէր Սուրիոյ կազմակերպութիւնը (առաջին երկու տասնամեակներուն` Լիբանանը ներառեալ):
Տե´ս Տասնապետեան Հրաչ, «ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհ. ժողովը (1890-1924)», Աթէնք, 1988, էջ 172:
**Ծաղիկ (կրճատումը` Կռուածաղիկի), Լիս (կրճատումը` Պոլիսի) եւ, անշուշտ, Վիշապ մերթ ընդ մերթ կը գործածուէին` իբրեւ Պոլսոյ կուսակցական տեղանուն կամ անոր Պատասխանատու մարմինի ծածկանուն:
Տես՛ Տասնապետեան Հրաչ, «Քրիստափոր Միքայէլեանի նամակները», Պէյրութ, 1993, էջ 398:
***Այս Կռուածաղիկ ծածկանունը երկրորդ շրջանի մը ծածկանունն է` իր մէջ ներառելով ընդամէնը 20 գիւղ:
Տե´ս Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», հատոր 6-րդ, էջ 111:
Պէտք է ընդգծել, որ այս բնագաւառին մէջ ներառուած են կուսակցական մարմիններու ծածկանուններն ալ, քանի որ տեղ մը նոյն անուններով յիշուած են՝ իբրեւ շրջան, վայր կամ մեկուսի կոմիտէութեան, կամ կեդրոնական կոմիտէութեան անուն:
Ժամանակի ընթացքին այս անունները եւս անուանափոխուած են:
Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը օրինակ.
Անդրանիկ – Ֆրեզնոյի (ԱՄՆ) կոմիտէութիւն,
Արսէնեան – Տրապիզոնի կոմիտէ,
Զոհ – Պոլսոյ կոմիտէ,
Համազասպ – Ֆրեզնոյի (ԱՄՆ) կոմիտէութիւն,
Հայկանուշ – Թաւրիզի կոմիտէ,

Գ. ՀՅԴ մարմիններու ծածկանուններ:

Այս մարմիններն այն մարմիններն են, որոնք յառաջացած են ընդհանուր կամ այլ ժողովներու ընդմէջէն: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մարմիններու քանի մը անունները միայն.

– «Հրաւէր» կոմիտէ,
– Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող մարմին,
– Կովկասեան պատասխանատու մարմին,
– Ցուցական պատասխանատու մարմին,
– Կեդրոնական զինուորական մարմին կամ զինուորական բիւրօ։

Դ. ՀՅ Դաշնակցութեան մարմիներու կողմէ կազմակերպուած գործունէութիւններու ծածկանուններ:

Այս ցուցակը կ’ընդգրկէ բոլոր տեսակի կուսակցական նախաձեռնութիւններ` սկսելով գաղտնի զինագործարանի, մոսին հրացանի եւ կամ այլ կազմակերպուած աքթերու եւ գործողութիւններու անուններն` իրենց մանրամասն բացատրութեամբ: Այդ բազմազան նիւթերու վերնագրերէն հոս կը ներկայացնենք քանի մը հատը միայն.
– Զինամթերք եւ «Ծծման եղանակ»,
– «Խարիսխ» զինագործարան,
– «Մարդասիրական»,
– «Դրախտ» եւ «Կախէթ»,
– Ծածկագիր շիֆր` («Մայր Արաքսի ափերով»),
– «Ենիչերիներ»,
– «Նժոյգի գործողութիւն»,
– «Նեմեսիս» գործողութիւն։

Բնականաբար, շարքը երկար է: Ամէն մէկ խորագրին տակ, վստահաբար, կայ երկար բացատրութիւն տուեալ նիւթին շուրջ:

Ե. Կարեւոր ծածկագրութիւններ եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

Այս բաժինն, ընդհանրապէս, կ’ընդգրկէ զանազան անուններու, ինչպէս` Ֆետայի կամ Ֆետայիներ, Հայդուկ, Վալադ եւ այլն, նաեւ` այլ դէպքերու, հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու, շարժումներու կամ գործունէութիւններու բացատրութիւններ: Ահա անոնցմէ քանի մը օրինակ.
«Պզտիկ դէպք»,
Կովկասեան նախագիծ,
Միհրանական շարժում,
«Անջատական շարժում»,
«ՀՅ Դաշնակցութեան գործ» կամ «Դաշնակցութեան գործ»,
«Հայկական Նիւրեմպերկ»։

««Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ի պատառիկներ»-ը եզրափակելով` հարկ կը համարենք ըսելու հետեւեալը. այնքան ատեն որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը գործէ յեղափոխական շունչով աշխարհի ամբողջ տարածքին՝ հասնելու իր իղձերուն՝ ամբողջական հողին ու իրաւունքներուն, հետեւաբար պիտի շարունակուի յեղափոխական գործընթացը եւ անոր ընդմէջէն արիասիրտ գործիչներու եւ մարտիկներու ծնունդն` անոնց ծածկանուններով, ինչպիսին էր երեկ եւ այսօր, նաեւ գալիք բոլոր օրերուն:

Վերջապէս, այս աշխատանքը թող պարտք սեպուի երկիւղածօրէն անոնց սուրբ անունին բիւր-բիւրաւոր, անուանի թէ անանուն, ծանօթ թէ անծանօթ, թաղուած թէ անթաղ, առեւանգուած, ողջակիզուած, կացինահարուած, անձնասպան եղած, կախաղան բարձրացած, քաղաքական բանտարկեալներուն, ողջ թէ մեռած գաղափարակիրներուն, որոնք արժանի դրօշակիրները հանդիսացան եւ մեծագոյն բաժինն ունին եւ մոլեռանդաբար պահելու հաւատարմութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութեան անբիծ եւ արիւնոտ դրօշին:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

«Դրօշակ», թիվ 7 (1653), հուլիս, 2021 թ.