կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-02-05 14:24
Քաղաքական

Կարսէն․․․ Շուշի

Կարսէն․․․ Շուշի

Ամենէն մակերեսային մօտեցումը ունեցող քաղաքացիէն մինչեւ քաղաքական հարցերու մասնագէտ վերլուծաբանը անկասկած, որ բազմաթիւ հարցականներով կը հետեւին Կարսի մէջ Փետրուար 1-էն 12 տեղի ունեցող՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միացեալ ռազմափորձերուն:

Հարցադրումները համանման աղբիւրներէ չեն բխիր։ Պարզամիտ քաղաքացին հարց կու տայ, թէ Արցախի մէջ «փառաւոր յաղթանակ»-է մը ետք, ա՛յսքան լուրջի առնուած եւ երկարաշունչ ռազմափորձի ի՞նչ կարիք կայ։ Իսկ լրջախոհ եւ խորաթափանց վերլուծաբանին համար, նմանօրինակ կացութիւններ տարբեր տեսակի նախատեսութիւններու եւ ենթադրութիւններու դուռ կը բանան։ Հպանցիկ վերլուծումներէն բխող մեկնաբանութիւններու շարքին՝ կը լսենք նոր պատերազմի հաւանականութիւն, թրքական յաւելեալ ներթափանցում Ատրպէյճանէն ներս, հասնելով մինչեւ լատինական հին խօսքին՝ «Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պատերազմի պատրաստուէ»:

Յստակ է, թէ այս ռազմափորձը բաւական երկար տեւողութիւն ունի է եւ կ’ընդգրկէ բազմաթիւ բնագաւառներ՝ մասնայատուկ ուժերու հրամանատարութեան անդամներ, արդիականացած հրասայլային ստորաբաժանումներ, հմուտ արձակազէն խումբեր եւ անձնակազմ, ուղղաթիռներ եւ օդուժ։ Անօդաչու սաւառնակներու կարք չկայ, մանաւանդ, որ ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան «Առիւծի բաժին»-ը հայթայթող երկրին մէջ։

Հաւանաբար պարզ զուգադիպութեամբ էր որ այս լայնածաւալ ռազմափորձերու մեկնարկը տրուեցաւ Հայոց բանակի տօնէն (Յունուար 28) քանի մը օր ետք. նպատակին մասին ալ կարելի է յաւելեալ մատնանշում մը կատարել։ Արդարեւ, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները, անդրադառնալով այս ռազմափորձերուն, նշեցին, թէ զինուորական գործակցութեան համաձայնագիրին հիմամբ, Ատրպէյճանի մէջ եւս պիտի կատարուին մարտավարական եւ թռիչքա-մարտավարական միացեալ լայնածաւալ ռազմափորձեր, որոնց պիտի մասնակցին երկու երկիրներու ցամաքային ուժերն ու օդուժը: Աւելի մանրամասնելով, անոնք շեշտեցին, թէ իրենց նպատակն է միացեալ գործողութիւններու ընթացքին ապահովել համագործակցութիւն եւ համակարգում, գործածել արդիական՝ նոր օգտագործուելու սկսած կամ ցարդ չօգտագործուած զինամթերք։

Վերջին տարիներուն, երկու «եղբայրներ»-ուն գործակցութեամբ նմանօրինակ բազմաթիւ փորձեր կատարուած են, իսկ Արցախի վրայ շղթայազերծուած յարձակումին պատրաստութեան համար, նոյնիսկ «Յաղթելու ենք»-ը մտայղացող Հ․Հ․ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեակ պէտք է ըլլար, որ «Յաղթական են»-ի պատրաստութեան ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 1-5-ին, Պաքուի եւ Նախիջեւանի մէջ, իսկ օդուժի մասնակցութեամբ ռազմափորձերը` Յուլիս 29-էն Օգոստոս 10՝ Պաքուի, Նախիջեւանի, Եւլախի, Գանձակի եւ Քիւրտամիրի մէջ:

Արցախի մէջ մղուած պատերազմին որդեգրուած գործելաձեւը նկատի ունենալով, յստակ է, թէ Անգարայի համար լուրջ հարց է 70 հազար հաշուող ազերիական բանակը «որդեգրելը»՝ Թուրքիոյ 750 հազար հաշուող բանակին մէջ։

Ո՛չ մէկ կասկած, որ այսպիսի ռազմափորձեր հայելին են համաթուրանական եւ թուրք-օսմանական կայսրութեան վերականգնման էրտողանական մոլուցքին։ Պէտք է կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ առնել այն, որ այս ռազմափորձերուն կը մասնկացին Էրտողանի գաղափարակից եւ հլու կամակատարներէն՝ զօրավար Ատնան Թանրիվերտի գլխաւորած «Սատաթ»-ը, որուն նպատակն է կազմել իսլամ ազգի բանակներ, որոնք կախեալ չըլլան Արեւմուտքէն, այսինքն՝ Ատլանտեան Ուխտէն (ՆԱԹՕ): 2012-էն ի վեր, այս իւրայատուկ «սեփական բանակ»-ը Թուրքիոյ մէջ կը գործէ՝ Էրտողանի վարչաձեւին ծառայելով իբրեւ նախագահական պահակագունդ, ընդդէմ աշխարհիկ ուժերու, իսկ երկրէն դուրս՝ իբրեւ նոր-օսմանական բանակ, որ դէպի Լիպիա, Սուրիա եւ վերջերս ալ՝ Արցախ զինեալներ կը հաւաքագրէ, կը մարզէ եւ կը զինէ հազարաւոր ծայրայեղական կրօնամոլներ, որոնք «վաստակ» կերտած են պատերազմական ոճիրներով եւ կը զոհուին վասն «Ճիհատ»-ի…։

Այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով, կ’արժէ որ աւելի ուժգին ահազանգ հնչեցնենք եւ եզրակացնենք, թէ Կարսի ռազմափորձին հեռահաս նպատակն է օգնել իսլամական աշխարհին՝ իր արժանի տեղը գրաւելու գերհզօր պետութիւններու շարքին, համագործակցութիւն հաստատելով իսլամական պետութիւններուն եւ անոնց ռազմական ճարտարարուեստին հետ։ Բնականաբար հարց է, թէ իսլամական այլ առաջատարներ պիտի հանդուրժե՞ն Թուրքիոյ գլխաւորութեամբ նման նախաձեռնութիւն մը, մոռնալով Օսմանեան կայսրութեան օրով իրենց կրածները…

Այսքանը՝ Կարսի ռազմափորձերուն մասին: Անկէ անդին, գիտական ու ռազմաքաղաքական մեծ ուղեղի պէտք չկայ, տեսնելու համար այն կամուրջը, որ կը նետուի Կարսէն մինչեւ… Շուշի, այսինքն՝ Հարաւային Կովկաս, ուր Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան նոյն շղթային նորագոյն մէկ օղակն է Շուշիի մէջ «մատրասա»՝ կրօնամոլներ պատրաստելու միտող դպրոց բանալու «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնը։ Արդեօք Հայաստանի վարչապետը այս բոլորին իրազեկ դարձա՞ծ էր վաղուց, երբ Շուշին կ’որակէր «դժբախտ եւ տժգոյն քաղաք», իսկ իր կարգ մը գործակիցները զայն կը կոչեն Շուշա…

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական