Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Պարտութի՞ւն․․․Չեմ ըմբռներ այս բառին իմաստը»:
(Մարկըրէթ Թաչըր 1925-2013)
Մեծն Բրիտանիոյ հռչակաւոր վարչապետը այս խօսքը ըսած էր այն օրերուն, երբ իր երկիրը պատերազմի մտաւ Արժանթինի դէմ, Փաթակոնիոյ բացերը՝ հարաւային Ատլանտեանի մէջ գտնուող Ֆոլքլէնտ (կամ Մալվինաս) կղզիներու տագնապին օրերուն, Ապրիլ – Յունիս 1982-ին։ Արժանթին փորձեց վերատիրանալ իրը նկատած կղզիներուն, իսկ Թաչըր իր մարտանաւերը ղրկեց տասնեակ հազարաւոր հեռուները գտնուող պաղ ջուրեր: Բրիտանացիներուն իւրայատուկ պաղարիւնութեամբ մը, Թաչըր այս կարճ ու կտրուկ յայտարարութեամբ կը հակադարձէր արժանթինեան կողմին, որուն լրատու աղբիւները կը հաւաստէին թէ թշնամին չարաչար պարտուած է։
Աշխարհագրականօրէն եւ քաղաքական բնոյթով ո՛չ մէկ կապ կարելի է գտնել այդ հեռաւոր կղզիներուն եւ Արցախի հիմնահարցին միջեւ։ Թաչըրի այս կարճ խօսքն է մեր մտածումին կիզակէտը։ Յաղթական Թաչըր հեգնանքով կ՛արտայայտուէր բառի մը մասին, որ մեծ դժուարութեամբ «մարսեց» պարտեալ երկրի ղեկավարութիւնն ու յատկապէս անոր սխալ քարոզչութեամբ տարուած եւ խաբուած ժողովուրդը։
Մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի վարչապետն ալ չհասկցաւ եւ դժբախտաբար կը յամառի չհասկնալ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ բառին իմաստը։ Հասկնալի էր թէ «երկաթեայ պարոնուհի» Թաչըրին ինչո՛ւ չէր ըմբռնած այս բառին իմաստը, որովհետեւ յաղթական դուրս եկած էր, մինչդեռ մեր «թաւշեայ յեղափոխական» վարչապետը, որ պարտուած էր, զարմանալիօրէն ցայսօր փանջունիաբար չէ հասկցած թէ ի՞նչ կը նշանակէ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ։
Աւելի՛ն, կառչած մնալով իր պաշտօնին, ան կը կատարէ դէմքերու փոփոխութիւն, նոր նշանակումներ, վերաորակաւորումներ․․․ ու կը շարունակէ երկիրը աննահանջ տանիլ դէպի յաւելեալ անորոշութիւն, խորխորատ եւ անդունդ։
Այնքան մը պղտոր ու թխպոտ բաներ կը կատարուին, որ յստակ չէ, թէ փոխարինուած նախարարը կամ պաշտօնատարը իսկապէս հրաժարա՞ծ է, թէ՞ պաշտօնանկ եղած, թէեւ ատիկա բան չի փոխեր դառն իրականութենէն:
Թաչըրի օրերէն հեռանալով, պատմութեան սլաքները քիչ մը աւելի ետ տանինք, աւելի քան երկու հարիւր տարի եւ հասնինք Ֆրանսացի հերոս Նափոլէոն Պոնափարթի օրերը։
Եզակի տիպար մըն էր Պոնափարթը, որ չէր հաւատար «մահացած հերոս»-ի տեսութեան։ Անոր կարծիքով, փառքն ու համբաւը պէտք է կենսագործուէին՝ երբ ինք ողջ էր ու յաղթանակներով լեցուն կեանքը կը վայելէր։ Այդ պատճառով ալ, ան կ՛ըսէր․- «Մահը ոչինչ է, բայց պարտուած եւ անպատիւ ապրիլը՝ ամենօրեայ մահ է»:
Հարց տանք. ի՞նչ կը մտածէ վարչապետ Փաշինեան այս մտածումին մասին։ Ակնթարթ մը չի՞ մտածեր, որ թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական որքա՜ն ծանր կորուստ պատճառած է մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին, ամբողջ ազգի՛ն, եւ այդ՝ քանի մը օրերու, շաբաթներու ընթացքին։ Անկիւնադարձային եւ ծանրակշիռ որոշումներ տուած է գաղտաքողի, անոնց մասին կիսատ-պռատ զեկուցումներ փոխանցած է, «ժամանակ չէ ունեցած» Ազգային Ժողովին եւ Հ․Հ․ նախագահին տեղեակ պահելու այդ մանրամասնութիւնները, անտեսելով ժողովրդավարական եւ թափանցիկ քաղաքականութեան ամենադոյզն պարտականութիւնն անգամ:
Է,՜ չեղաւ այսպէս, պարոն վարչապետ։ Զեղծարարութեան, շահագործման, փտածութեան եւ օլիկարխին դէմ պայքարելով եւ «դուխ»-ով «թաւշեայ յեղափոխութիւն», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» եւ «Իմ Քայլը» ստեղծելով, չէ՞ք կարծեր, որ ամբողջ հայութիւնը այսօր հարցականի տակ կ’առնէ քաղաքացիին պայմանագիրը, կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս կը կաղայ «Իմ Քայլը» (եթէ ոտք մնացած է անոր), այնքան մը, որ որջ տրամադրած է… «Գորշ Գայլ»-ին: Կասկած չկայ, որ Դաւիթ բէկերն ու Մխիթար Սպարապետները հիմա ինչպիսի՛ աչքով կը դիտեն ձեր այս «նուաճումները»:
Հայորդիին համար, Ատոլֆ Հիթլէրի՝ «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայոց ցեղասպանութիւնը» խօսքը քլիշէ եղած է, սակայն արիւնարբու «Ֆիւհրէր»-ը այլ վկայութիւն մըն ալ կատարած է, որ կը համընկնի վարչապետ Փաշինեանի ներկայ պայմաններուն․
«Եթէ յաղթական ես, կարիք չկայ բացատրելու․․․Իսկ եթէ պարտեալ ես, հոն պէտք չէ ըլլաս, որպէսզի բացատրութիւն տաս»:
Հետեւաբար, ինչ որ կը շարունակէ վարչապետը՝ ժամանակի եւ ճիգի կորուստ է․․․երե՞ք ամիս, վե՞ց ամիս, փոփոխութիւննե՞ր, նշանակումնե՞ր, վերանշանակումնե՞ր։
Հրաժեշտի Ժամը հնչած է։
Ժամ առաջ, ժամավաճառ չըլլալու համար։
Թէ ո՞վ, ինչպէ՞ս՝ կարելի է շարունակել։
Եւ անշուշտ յոյս պիտի չդնենք՝ «Սպասելով Կոտոյին», որովհետեւ կասկած չունինք, որ իսկական արժանաւորներ եւ հայրենասէրներ կրնան փոխարինել` ամօթալի եւ ապիկար պարտութիւնը մտայղացած եւ իրագործած ներկայ ղեկավարը, այս խարանը ջնջել մեր ճակատէն եւ երկիրը դուրս բերել անոր փորած վիհէն:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
26 Նոյեմբեր 2020թ.