Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութիւնը յետանկախ Հայաստանի ամենապարտուողական եւ միակողմանի զիջումներ ներառող փաստաթուղթն է: Հայկական ուժերը կը հեռանան ոչ միայն բանակցային փաստաթուղթերու մէջ նշուած տարածքներէն, այլ նաեւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը ձգեն կարգավիճակի ճշդման համար միջազգային ընտանիքի կողմէ ընդունուած եւ նկատի առնուած քաղաքներ (նախկին ԼՂԻՄ-ի սահմաններ): Գրչի հարուածով համաձայնութիւն կը տրուի նաեւ Կոպըլի կամ Քի Ուեսթի առաջադրած Նախիջեւանէն Թուրքիա ցամաքային կամուրջի կամ գերիշխան ճանապարհի հարթումին: Ռուսական խաղաղապահները կը ժամանեն Արցախ, եւ պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Արցախեան գօտիի ազրպէյճանական կողմին մէջ կը հաստատուի թուրք եւ ռուս զինուորական գործողութիւններու համակարգման կեդրոն: Տակաւին. հայաստանեան տարածքէն ազրպէյճանական մարզի վերադարձի յանձնառութիւններ արձանագրուած են այս բոլորին մէջ:
Մոսկուան եւ Անգարան կը ստանան իրենց առաջադրածները: Համանախագահ Միացեալ Նահանգները եւս Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճանապարհով կ՛առարկայացնեն այն, ինչ որ մերժուած էր իբրեւ Կոպըլի ծրագիր կամ կեանքի չէր կոչուած Քի Ուսեթի մէջ. երկուքն ալ` ամերիկեան նախաձեռնութիւն: Համանախագահներէ դուրս կը մնայ Ֆրանսան, որ այս տխրահռչակ յայտարարութենէն ետք վերստին աշխուժացման միտումներ կը դրսեւորէ: Նախագահ Մաքրոնը կը յայտարարէ Պաքու եւ Երեւան իր շուտափոյթ այցելութեան մասին` ընդգծելով, որ այս բոլորին մէջ պէտք է նկատի առնուին Հայաստանի շահերը, մինչ իր արտաքին գործոց նախարարը կը յորդորէ կողմերուն` անցնիլ կարգաւորման բանակցութիւններուն:
Ստորագրուածը հրադադարի հաստատման համար միակողմանի զիջումներով ստորագրուած փաստաթուղթ է. պիտի յաջորդեն, սկզբունքով, կարգաւորման բանակցութիւնները` տեսականօրէն յանգելու համար խաղաղութեան համաձայնագիրի: Հայաստանը, սակայն, բանակցային դիրքերու իր առաւելութիւնները կորսնցուցած կարգավիճակով պիտի մասնակցի բանակցութիւններուն: Փոխզիջումի բանաձեւը այս պայմաններուն մէջ կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը: Հայկական կողմը զիջելու բաժին չունի իր զինանոցին մէջ: Տեսականօրէն չի բացառուիր, որ կարգաւորումը հրադադարի յայտարարութեան նման պիտի բաւարարէ Մոսկուայի, Անգարայի եւ Միացեալ Նահանգներու առաջադրանքները կամ անոնց միջեւ պիտի յանգի աշխարհաքաղաքական գործարքի: Եթէ անշուշտ անոնց միջեւ շահերու բախման նոր կէտեր չստեղծուին նոյն տարածաշրջանին թէ աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ:
Եթէ անգամ ընդունինք, որ փաստաթուղթը պարտադրուած էր, թէ թշնամիին սպառազինութիւնը անհամեմատ էր, թէ զինուորական փորձագիտական յորդորը ամէն գնով պատերազմի դադրեցման հրամայականն էր, թէ մնացածը պահելու որոշումի այլընտանքի բացակայութիւնն էր, այնուամենայնիւ, որեւէ համոզիչ պատասխան չունին` ստորագրութեան որոշումի գաղտնիութիւնը, մինչ այդ բոլոր ուժերը համատեղելու, համախմբելու առաջարկներուն անտեսումը, պատասխանատուութիւնը համազգային ձեւով ստանձնելու ահազանգի շրջանցումը:
Շատ հասկնալի են եւ արդարացուած այս բոլորէն ետք ժողովրդային յուզական ալիքի բարձրացումը, հրաժարականի պահանջները, յայտարարութեան փաստաթուղթը մերժելու ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներու ծրագրումները:
Իշխանութիւնները ենթարկուած են պարտադրանքի կամ ներքաշուած աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու եւ տարածաշրջանի գլխաւոր ուժերու խաղին: Ժողովուրդը սակայն ի՛նքն է, որ, թէկուզ երկարաժամկէտ դիմակայութեամբ, կ՛ընդունի կամ կը տապալէ նման միակողմանի տխրահռչակ զիջումնային համաձայնութիւնները:
Նման աշխարհաքաղաքական գործարքներու կայացման ուղիներու վրայ մեզի պարտադրուեցան վտանգներով լի հայ-թրքական համաձայնութեան արձանագրութիւններ: Հետեւողական «ո՛չ»-ի շարժումը տապալեց այդ արձանագրութիւնները: Ի հարկէ այստեղ կայ հիմնական տարբերութիւն: Այդ պարագային կար վտանգ հայապատկան տարածքներու պահանջատիրութենէն հրաժարումին, այստեղ կայ գործնական հեռացում տարածքներէ եւ յանձնում թշնամիին: Էականը, սակայն, հետեւողական պայքարով «աւազակապետներու գծած քարտէսները պատռելու» Քրիստափորեան խորհուրդին հաւատարիմ ըլլալու գաղափարական երթէն անշեղ մնալն է:
Բնականաբար ընելիք կայ` ցուցական գործողութիւններով համաժողովրդային շարժումով մերժե՛լ փաստաթուղթը, շարունակել վճռակամ պայքարը Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ անոր անկախութեան միջազգային ճանաչման համար:
Հիմա կայ սակայն ցաւոտ փաստ: Հրամայականը այդ ցաւը ներքին բախումներու չառաջնորդելն է. համազգային կորուստի վերականգնման համար նախ ներքին մթնոլորտի առողջացումն է: Իսկ առողջացման, համերաշխութեան հաստատման եւ բոլոր ուղղութիւններով նպատակաուղղուած աշխատանքի վերամեկնարկումի համար կարեւոր է առաջին քայլը` գործադիր իշխանութեան անցնցում հեռացումը:
Զինուորականէն դիւանագիտական, տնտեսականէն մինչեւ կրթական ու մշակութային նոր աշխատանքային խումբի կազմութիւնը հրամայական է: Համազգային համախմբուածութիւնը` գերակայ եւ անմիջականօրէն գործադրելի օրակարգ:
aztagdaily.com