Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արդարեւ, անհերքելի է այն փաստը, որ հակառակ աշխարհաքաղաքական, առողջապահական, ընկերային-տնտեսական ներկայ անորոշ ճգնաժամին, մանաւանդ լիբանանահայութեան տագնապալի այս օրերուն, յատկապէս 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք որոշ շրջանակներու կողմէ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու, համայնքը տկարացնելու, պառակտելու եւ գաղութի ղեկավարութեան դէմ ընկերային ցանցերու վրայ շղթայազերծուած արշաւը կ՛ապացուցէ, որ այս փուլին անհիմն զրպարտութիւններ եւ ամբաստանութիւններ հնչեցնողները բնաւ անմեղ չեն եւ վստահաբար կը հետապնդեն, ուրիշ բան չըսելու համար, անհատական վրէժխնդրական, շահադիտական նպատակներ, որոնք վերջաւորութեան ակամայ հայութեան դարաւոր թշնամիներուն ջաղացքին ջուր լեցնելու կը ծառայեն, բան մը, որ միանշանակ դատապարտելի է. սակայն լիբանանահայութիւնը` իր աւանդական կառոյցներով, կուսակցութիւններով, միութիւններով, եկեղեցիներով եւ գաղութի ղեկավարութեամբ, իր վերականգնումով պիտի չուշանայ արձակելու այդպիսիներուն դատավճիռը:
Տուեալ շրջանակները, որոնք իբրեւ թէ սրտցաւ եւ «մտահոգ են» հայութեան ճակատագիրով, ապագայով, անվտանգութեամբ կամ ըսենք ներգաղթով, փոխանակ իրենց տարածած բամբասանքներով, կեղծիքներով, սուտերով, դաւադրութեան սահմանին մօտեցող միջոցներով հայկական ներուժը սպառելու, տապալելու, պառակտելու եւ հայկական գաղութներուն մէջ լիբանանահայութեան օժանդակութեան զանազան նախաձեռնութիւնները հարուածելու, արդեօք աւելի մարդկային, աւելի վսեմ եւ ազնուական պիտի չըլլա՞ր, որ գէթ այս փուլին, նոյնիսկ եթէ պիտի չուզեն զօրակցիլ լիբանանահայութեան օժանդակութեան համար համահայկական սքանչելի գործին եւ ակնյայտ թափին, առնուազն փորձեն չխանգարել, չհարուածել, ժողովուրդին մէջ սուտերով կասկածամտութիւններ չյառաջացնել, որովհետեւ ի վերջոյ այս օրակարգին մէջ տուժողը ժողովուրդն է, լիբանանահայութիւնն է:
Արդարեւ, հայութեան պատմութիւնը եւ քաղաքական ու ընկերային-տնտեսական տագնապալի փուլերը կը վկայակոչեն, որ այսպիսի ժամանակաշրջաններուն միշտ ալ որոշ շրջանակներ, անհատներ եւ ուժեր յայտնուած են ազատութեան, փտածութեան, ժողովրդավարութեան լոզունգներու ներքեւ եւ փորձած են տապալել կազմակերպ հաւաքականութիւններ, գաղութներ, կուսակցութիւններ եւ այլն:
Սակայն ի զուր, ա՛յս փուլն ալ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ եւ անցնի. սակայն իւրաքանչիւր կողմին համայն հայութիւնը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը իր համարժէք պատասխանը պիտի տայ անտարակոյս:
Բոլոր անոնք, որոնք իբրեւ թէ գաղութի արդիւնաբերութեամբ եւ մատուցուած ծառայութեանց թափանցիկութեամբ մտահոգ են, փոխանակ ընկերային ցանցերու վրայ եւ որոշ շրջանակներու մէջ թիրախաւորուած եւ քաղաքականացած կազմակերպական խորքով հնամաշ արշաւներ կազմակերպելու, սուտեր տարածելու, կանխաւ վճիռներ արձակելու, գձուձ եւ նեղ հաշիւներ հետապնդելու, այդ «մտահոգ» շրջանակները պարտին լիբանանահայութեան ընդհանուր համահայկական օժանդակութեան սրբազան գործին աջակցիլ ընդհանուր ուժերը լարելով, համախմբուելով եւ միասնական ճակատով դիմակայելով սփիւռքի կարեւորագոյն կայաններէն մէկը հանդիսացող լիբանանահայութեան վերականգնման, վերակառուցման գործին. այլապէս ժողովուրդը, որ շատ լաւ գիտէ զանազանել, վաղը բնաւ պիտի չներէ բոլոր անոնց, որոնք խանութներու մէջ, գրասենեակներու ետին եւ սալոններու մէջ բարոյական ճառախօսութեամբ կը զբաղին, որոնք մէկ կողմէ կը փորձեն շահարկել լիբանանահայութեան ցաւը, վիշտը եւ քանդումը, իսկ միւս կողմէ կը փորձեն «ամբասիրութիւն», «անխոցելիութիւն» եւ «անաչառութիւն» խաղալ` օգտագործելով մանաւանդ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին հետեւանքով լիբանանահայութեան արձանագրած մարդկային կորուստները, նիւթական վնասները, քանդումը եւ ընկերային զանազան տագնապները:
Ոչ ոք պիտի ներէ արկածախնդիր այն խմբակին կամ անհատներուն, որոնք լիբանանահայութեան այս ծանր պայմաններուն մէջ իրենց դատապարտելի պահուածքով, խմբակային հաշիւներով, մարդկային եւ համագաղութային խնդիրները անհատականացնելով, կուսակցականացնելով, բամբասանքներով եւ շղթայազերծած լայնածաւալ կեղծիքներու քարոզարշաւով խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն լիբանանահայութեան տածած վստահութիւնը իր քաղաքական, միութենական եւ եկեղեցական կառոյցներուն, գաղութային ղեկավարութեան նկատմամբ, եւ ամէնէն կարեւորը` ոչ ոք պիտի արտօնէ, որ տուեալ շրջանակները իրենց այս պահուածքով մի գուցէ անգիտակցաբար խնդրոյ առարկայ դարձնեն լիբանանահայութեան միասնականութիւնը, ընկերային անդորրութիւնը եւ անվտանգութիւնը:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ