կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-12 16:27
Սփյուռք

«Միասին՝ Այնճարի Համար» նախաձեռնութիւնը՝ Պէյրութի հայրենակիցներուն զօրակից

«Միասին՝ Այնճարի Համար» նախաձեռնութիւնը՝ Պէյրութի հայրենակիցներուն զօրակից

«Միասին՝ Այնճարի Համար» հանգանակութիւնը $10,000 տոլար նուիրատուութեամբ, իր զօրակցութիւնը բերաւ Լիբանանի Հայրենակիցներուն օժանդակելու կոչին: Անցնող շաբաթավերջին գումարը փոխանցուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնած Լիբանանի Օժանդակութեան Հանգանակութեան:

«Միասին՝ Այնճարի Համար» յանձնախումբը, Այնճարի «Շտապ Օգնութեան Յանձնախումբ»ին հետ միաձայն, 4 Օգոստոս 2020ի Պէյրութի աղիտալի պայթիւնէն անմիջապէս ետք, շատ արագ արձագանգեց եւ որոշում կայացուց օժանդակելու պայթումէն տուժած մեր հայրենակիցներուն: Զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ անտուն մնացած լիբանանահայութեան շուտափոյթ օժանդակութիւն հասցնելու արագ որոշումը մեր բոլորին ճիտին պարտքն էր:

Այսօր, Այնճարի մէջ ժամանակաւորապէս ապաստանած են Լիբանանի տարբեր քաղաքներէ Հայ ընտանիքներ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն առ այսօր, Այնճարը եւ Այնճարցին միշտ նեցուկ կանգնած են բոլոր մեր հայրենակիցներուն: Մեր աւանի դռները միշտ բաց են եւ Այնճարը միշտ պատրաստ է ընդունելու բոլորին անխտիր:

Լիբանանի տնտեսական տագնապի եւ պսակաւոր ժահրի համաճարակի ստեղծած կացութենէն մտահոգ, 2020 Մայիսի սկիզբը, ծնունդ առաւ «Միասին՝ Այնճարի Համար» հանգանակութիւնը միասնակամ ուժերով օժանդակելու համար Այնճարաբնակ մեր հայրենակիցներուն: Առ այսու հանգանակուած է 154,000 ամերիկեան տոլար: Անհուն ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ բոլոր նուիրատուներուն: «Չիւր բըռնըք, կանաչ թըղ դառնու» Չոր բռնէ՛ք, կանաչ դառնայ:

Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հանգանակութեան մասնակցելու համար, կրնաք հետեւիլ ընկերային ցանցերու մեր էջերուն TogetherforAnjar facebook եւ Instagram:
https://givebutter.com/togetherforanjar

horizonweekly.ca