Կարօ Արմենեանը ֆեյսբուքյան իր էջում գրել է․
ՇՈՒՇԻ՞Ն...
Հիմա արդէն պարզ է, թէ ինչո՞ւ խորհրդային ներքին սահմանագծերով առաջնորդուելու թշնամիի առաջարկը դոյզն առարկութեան իսկ չհանդիպեցաւ Հայաստանի գործադիր իշխանութեան պետին կողմէ։ Հիմա գիտենք, թէ ան չի գիտեր մեր երկրին հարազատ սահմանները։ Չի գիտեր Շուշին...Ան «իրաւազրկուած» չէ, քանի որ զուրկ է իրաւունքի բնական զգացողութենէ։ Ան ինկած է պատմութեան քաոսին մէջ երևի Մոնղոլական արշաւանքներու օրով և զրկուած է յիշողութենէ։ Ան դադրած է իր ինքնութիւնը զգալէ։ Ան չունի որևէ «էմոցիա» կապուած հողին և հայրենի երկրի էութեան։
Ան նաև չի գիտեր, թէ ինչպիսի դժոխային պայմաններու մէջ կարելի եղաւ վերակերտել պատմութեան երախներուն մէջ դարեր շարունակ բզըկտուած մեր հայրենիքը։ Ան պարզապէս կապ չունի Դաշնակցութեան գործին հետ։ Այսինքն այն ազգային քաղաքական ուժի՛ն՝ որ մտած է պատմութեան մայրուղիէն ներս պատմութիւնը սրբագրելու դժուարին առաջադրութեամբ։ Status quo-ն մերժելու ազգային պարտաւորութեամբ։ Մեր հայրենիքի լինելիութեան հիմքերը ապահովելու առաքելութեամբ։ Հիմա արդէն պարզ է, թէ ինչո՞ւ ան հաղորդակցութեան եզրեր չունի մեզի և հայ ազգային տեսլականով գործող միւս քաղաքական ուժերուն հետ։ Հիմա վերջապէս հանրայայտ փաստ է, որ ան տեղ չունի հայ անկախ պետականութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ և ան պէտք է մեկնի։