կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-25 10:45
Սփյուռք

Ոչ կատարեալ Հանրապետութիւն

Ոչ կատարեալ Հանրապետութիւն

Մարդու եւ ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին, չեմ հանդիպած կատարեալ հանրապետութիւններու: Կրնամ սխալիլ որովհետեւ ոչ պատմաբան եմ, ոչ ալ քաղաքագէտ: Այդ նկատի առնելով հանդերձ, համոզուած եմ որ հանրապետութիւն մը իտէալական կամ կատարեալ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ հիմնուած է ու կը ղեկավարուի մարդ արարածներու կողմէ: Այդ արդէն հիմնական պատճառն է հանրապետութեան ոչ կատարեալ ըլլալուն ու հոն է որ կ’ապաւինինք երկրի սահմանադրութեան վրայ, որ կը հանդիսանայ օրինական ու բարոյական փարոսը անյստակութեան ռոպէներուն՝ ինչպէս որեւէ այլ հրատարակութիւն որ ընդունուած է որպէս սրբութիւն:

Օրինակ պիտի առնեմ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները: Երկու երկիրներն ալ կը ղեկավարուին populist platformի վրայ ընտրուած անհատներու կողմէ: Երկու երկիրներն ալ ունին զիրար հակակշռող երեք թեւեր՝ գործադիր, օրէնսդիր ու դատական: Հանրապետութիւնը կը յենի այս երեք թեւերուն վրայ, որովհետեւ անոնք կը հանդիսանան ողնահարը իր կայունութեան ու երաշխաւորը իր անվտանգութեան՝ ստեղծելով պէտք եղած միջավայրը առողջ պահելու երկրի Սահմանադրութիւնը: Այս թեւերը կը վայելեն ժողովուրդի վստահութիւնը նոյնիսկ երբ չեն վայելեր անոր աննախընթաց ժողովրդականութիւն որովհետեւ, իր ամէն թերութիւններով, կը վստահին սահմանադրութեան:

Միացեալ Նահանգներու պարագային, յաճախ կը տեսնենք որ այս կամ այն թեւը երկրի մէջ հաւասարակշռութիւն կը պահէ տուեալ հարցի մը շուրջ այդ թեւին մեծամասնութեան տեսակէտին վրայ հիմնուած: Օրինակի համար, պահպանողական Նախագահ Թրամփը կ’ապաւինի պահպանողական դիմագիծ ունեցող ԱՄՆի Սահմանադրական Դատարանին, որ իր տեսակէտներուն պաշտպանը հանդիսանան. Բայց այդ չէ արդիւնքը իւրաքանչիւր պարագայի: Վերջերս, ԱՄՆի Սահմանադրական Դատարանը վճռեց որ առանց փաստաթուղթի Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած (Undocumented Immigrant) անհատներու օրին անչափահաս զաւակները, որոնք չեն կատարած «ընտրութիւնը» գաղթելու ԱՄՆ, չեն կրնար արտաքսուիլ երկրէն: Անշուշտ որ հարցը տակաւին իր լրումին չէ հասած, բայց ապացոյց հանդիսացաւ որ Պահպանողական Սահմանադրախկան Դատարան չի նշանակեր պահպանողական որոշում կամ քաղաքական օրակարգի ծառայող որոշում: Հաւանաբար ասոր մէջ է որ կը կայանայ ԱՄՆի Սահմանադրութեան արժէքը, որովհետեւ ան չի դառնար քաղաքական խծբծանքի առարկայ, որքան որ ալ քաղաքական դաշտը ըլլայ սուր ու անհանդուրժող:

Նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի պարագային, որովհետեւ ականատես կ’ըլլանք զարգացումներու, ուր Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնն ու անոր ջախջախիչ մեծամասնութիւնը վայելող Խորհրդարանը, անբաւարարուած այդ երկու թեւերու իր հեղինակութեամբ, ի գին ամէն ինչի, անհամբեր են փոխարինելու ներկայ Սահմանադրական Դատարանը, ի նպաստ իրենց քաղաքական նպատակներուն ծառայող Դատարանով մը: Մէկ խօսքով, Սահմանադրական յեղաշրջում տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ մինչ ոմանք պատեհապաշտ ձեւով կը ցանեն «հինի վերադարձ»ի ահ ու վախ՝ չարաշահելով Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներու սիրտն ու ոգին: Պիտի բաւարարուիմ յուշելով մեր ժողովուրդին, որ «Հին»ին վերադարձը բացառուած է եւ պահն է սթափելու եւ գիտակցելու որ կայ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն ու իր «հմայիչ» ճառերէն աելի արժէք ունեցող հասկացողութիւն: Կան գիծեր որ կարելի չէ անցնիլ: Կան արարքներ որոնց համար պատմութիւնը չի ներեր եւ… կարիքը չկայ որ Հայաստանի չորրորդ ղեկավարն ալ արժանանայ իր նախկիններու ստացած պատմական արժեւորումին:

Պարոն Վարչապետ, մինչեւ այն ժամանակ որ Հայաստանը ժողովրդավար երկիր է որ կը յենի կարգի ու կանոնի, պարտաւոր էք ըլլալ թիւ մէկ պաշպանն ու վահանը որ կ’երաշխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն օրէնքը՝ Սահմանադրութիւնը:

Ստեփան Բոյաջեան

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ