կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-30 15:56
Սփյուռք

Ցաւակցագիր` Փաթրիք Տէւէճեանի

Ցաւակցագիր` Փաթրիք Տէւէճեանի

Քորոնա ժահրը այս առաւօտ խլեց կեանքը Ֆրանսայի քաղաքական բեմի փայլուն դէմքերէն, արդարութեան նախկին նախարար, նախկին երեսփոխան եւ Անթոնիի քաղաքապետ, Hauts de Seine-ի նահանգապետ, անուանի փաստաբան եւ Հայ Դատի, Հայաստանի ու հայութեան անխոնջ նուիրեալ ՓԱԹՐԻՔ ՏԷՒԷՃԵԱՆ-ի:

Կարկառուն գործիչը իրաւամբ, միշտ գտնուած է ֆրանսահայ համայնքի մղած ազգային-քաղաքական հաւաքական պայքարներու առաջին գիծին վրայ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:

Սակայն, յանուն Հայ Դատի պայքարի անոր մեծագոյն ներդրումը եղաւ 1982 թուականին, Էքս-Ան-Փրովանսի մէջ Հրայր Քիլինճեանի պատմական դատավարութեան ընթացքին իբրեւ փաստաբան իր տիրական պաշտպանութիւնը` հանրածանօթ մեթր Հանրի Լըքլէրի կողքին, որուն շնորհիւ « Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»-ու կողմէ Զուիցերիոյ թուրք դեսպանին ահաբեկման ամբաստանութեամբ ձերբակալուած եւ բանտարկուած Հրայր Քիլինճեան անպարտ կը հռչակուէր եւ ազատ կ‘արձակուէր:

Փաթրիք Տէւէճեան իր նկատառելի ներդրումը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի զարգացման ու բարգաւաճման գործընթացին մէջ, յատկապէս երկրագործական ու գիւղատնտեսական մեծ օժանդակութիւններ տրամադրելով ու ապահովելով Տաւուշի մարզին:

Հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ֆրանսահայութիւնը մասնաւորապէս կը կորսնցնէ ու կը սգայ իր արժանաւոր զաւակին մահը:

Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք մեր համայնքին, ինչպէս նաեւ` Տէւէճեան ընտանիքին ու բոլոր հարազատներուն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ