Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Asbarez
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի բարեկամներ, համակիրներ ու ղեկավարներ վերջերս ի մի հաւաքուեցան՝ մեծարելու համար Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ եւ հայութեան իրաւանց պաշտպան Ռապըրթ Մենենտեզը, միաժամանակ՝ գործնականապէս զօրակցելու յառաջիկայ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք քոնկրեսական ընտրութիւններուն համար Մենենտեզի ընտրապայքարին։
Մենենտեզ ամենաբարձրաստիճան դեմոկրատն է Ծերակոյտի ազդեցիկ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ եւ երկարամեայ լաւ յարաբերութիւն ունի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու անոր Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին հետ, ստանալով Հայ Դատի «A+» վարկաւորումը։
«Ծերակուտական Մենենտեզ ուժեղ եւ կայուն բարեկամ մըն է, որ գործնականապէս կը հաւատայ, թէ Միացեալ Նահանգներու բարոյականութիւնը պէտք է կողմնորոշուի մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու հրամայականով։ Հայ Դատը կ՛ակնկալէ ծերակուտականին հետ երկարամեայ գործակցութեան շարունակութիւն, յատկապէս երբ ան կը փորձէ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը համակարգել Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին միջոցաւ», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան։
Մենենտեզի ի նպաստ կազմակերպուած երեկոյին հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին Բեգլար եւ Վերա Փիլաւճեանները, իսկ անոր համաատենապետներն էին՝ Մուրատ եւ Արմինէ Մինասեաններն ու Ատուր եւ Արշօ Աղճեանները։
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Բեգլար Փիլաւճեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեան։
Փիլաւճեան շեշտեց, թէ այս հաւաքը ցոյց կու տայ, որ տարբեր ոլորտներէ եկող ներկաները եւ ամերիկահայութիւնը՝ ընդհանրապէս, նեցուկ կը կանգնին ծերակուտական Մենենտեզի եւ կը փափաքին, որ քննարկումի արժանի եւ հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ քննարկուին։
Անի Չաղլասեան, իբրեւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի գործօն անդամ, վստահեցուց, որ ոչ միայն այդ նահանգի, այլեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հայութիւնը կը զօրակցի ծերակուտական Մենենտեզին, որ տարբեր առիթներով աջակցած է հայութեան՝ պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, պաշտպանելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու պայքարելով Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները սերտացնելու։
Նշեալներուն կողքին, Մենենտեզ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ատրպէյճանի ամերիկեան օժանդակութիւնները սահմանափակելու ջանքերուն մէջ, իսկ 2006ին, հակառակ Սպիտակ տան եւ Ծերակոյտի ղեկավարութեան ճնշումներուն, ան ձախողութեան մատնած էր Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Տիք Հոլընտի նշանակումը, որովհետեւ վերջինս Ցեղասպանութիւնը ուրացող մըն էր, իսկ Ատրպէյճանի ի նպաստ դիրքորոշուած ու Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուած Մեթիու Պրայազայի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կր-ցած էր սահմանափակել։
Նաեւ, 2014ին, երբ ան Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետն էր, կրցած էր ապահովել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը։
Վերջապէս, ան ներկայ Ծերակոյտին ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 136 բանաձեւը, որ ցարդ 16 համահովանաւորներ ունի։