Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայ երաժշտութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ առանցքային դեր եւ տեղ ունի, որպէս մշակոյթին կեանք եւ ոգի ներարկող:
Գուսաններն ու աշուղները օրին իրենց ստեղծագործութիւններով հայ մշակոյթի մշակուած հողին մէջ անուրանալի աւանդ մը ձգեցին` գիտնալով, որ անոնք հայապահպանման առաքելութեան նպաստող ազդակներ են:
Սեպտեմբեր 21 1969-ին, Գորտոպա քաղաքին մէջ (Արժանթին), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արմենիա Երիտասարդական Միութեան խումբ մը անդամներուն կողմէ կը կատարուի «Գուսան» նուագախումբի հիմնադրութիւնը:
Նկատի առնելով, որ սփիւռքի ափերուն այնքան դիւրին չէր հայ մշակոյթի շուրջ ժողովուրդը համախմբել, եւ գիտնալով, որ նաեւ այսօր ալ դժուար է նորահաս սերունդը համախմբել, «Գուսան» նուագախումբը լոյսը տեսաւ, նուագելու սկսաւ ու պայծառ շարունակականութիւն հաստատեց, որպէսզի հեռու չմնանք մեր մշակոյթի ակունքէն:
Ներշնչուած հայ երաժշտական հարուստ ժառանգութենէն, ան առաջին նուագախումբը եղած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ, որ զուտ հայկական գործիքներով տարածած է հազարամեայ հայ մշակոյթը:
Սարոյեան ըսած է, թէ ուր որ երկու հայ իրարու հանդիպին, հոն նոր Հայաստան կը կառուցեն։ Ահաւասիկ, այսօր, հեռաւոր Գորտոպայի մէջ, «Գուսան»ի հայ երաժիշտներուն տաղանդին եւ կամքին շնորհիւ հայրենիքը կը վերածաղկի մեր հոգիներուն ու սրտերուն մէջ։ Այս նուագախումբը նուագած է տարբեր հայ գաղութներ այցելող հռչակաւոր երգիչներու հետ: Երկար տարիներու ընթացքին ներկայացած է Արժանթինի, Ուրուկուայի եւ Պրազիլի հայկական բեմերուն վրայ, ինչպէս նաեւ տեղական շրջանակներու մէջ՝ համերգներով, հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի զանազան յայտագիրներով:
Նուագախումբը հրապարակած է առաջին պաշտօնական ալպոմը, նուիրուած հայ հերոս Արամ Երկանեանի յիշատակին: Ներկայիս «Գուսան» նուագախումբը իր տասնհինգ անդամներով կը շարունակէ իր մշակութային գործը տարբեր ներկայացումներով ու համերգներով։