կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-27 23:10
Հասարակություն

Մանուշեանի Խումբի Գնդակահարման 75ամեակի Ոգեկոչման Արարողութիւնը՝ Մոն Վալերիէնի Մէջ

Մանուշեանի Խումբի Գնդակահարման 75ամեակի Ոգեկոչման Արարողութիւնը՝ Մոն Վալերիէնի Մէջ

ՓԱՐԻԶ.- Հինգշաբթի, 21 Փետրուարին ոգեկոչուեցաւ Միսաք Մանուշեանի խումբին գնդակահարման 75ամեակը Մոն Վալերիէնի (Ֆրանսա) մէջ, հոն ուր գործադրուեցան մահավճիռները:

Հանդիսութեան ներկայ էր Բանակներու նախարարութեան առընթեր Պետական նախարարուհի Ժընըվիեւ Տարիէօսէք, որ փափաքած էր անձամբ իր յիշատակի պարտքը մատուցել այն հերոսներուն, ֆրանսացիներու կողքին, նաեւ մեծ թիւով օտարականներու՝ հունգարացիներու, իտալացիներու, ռումանացիներու, հայերու… որոնք իրենց ղեկավար Միսաք Մանուշեանի հրահանգներուն տակ Ֆրանսան նացիական Գերմանիոյ լուծէն փրկող Դիմադրական շարժումը պիտի կերտէին 1942էն սկսեալ: Անոնք պիտի գործէին տասնեակներով մահափորձեր, ոճրափորձեր, խափանարար արարքներ՝ գրաւող ուժերուն դէմ: Միայն Մանուշեան առանձինը պիտի սպաննէր 150 նացի, պիտի վիրաւորէր 600 ուրիշներ, պիտի գործէր 56 ոճրափորձ։ Առանց մոռնալու, այդ գնդակահարումներէն մազապուրծ միւս հերոսները, ինչպէս՝ Հանրի Քարայեան եւ Արսէն Չաքարեան:

Ներկաներուն շարքին էին Ֆրանսայի մօտ հայաստանի դեսպան Յասմիկ Դոլմաջեան, Հրէական հիմնարկութիւններու ներկայացուցչական խորհուրդի՝ CRIF-ի նախագահ Ֆրանսիս Քալիֆա, Պէաթ եւ Սերժ Քլարսֆելտ, Իվ Թերնոն, հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութեան՝ ANACRA-ի անդամները, իրենց նախագահ Անթուան Պաղտիկեանի հետ։

Նախարարուհի Տարիէօսէք, Հայաստանի դեսպանուհին, CRIF-ի նախագահը Յիշողութեան ուղերթի (parcours) ընթացքին տեղեկացան, որ ընդամէնը 1008 դիմադրականներ, որոնք գերի առնուած էին նացիներու կողմէ՝ գնդակահարուած են Մոն Վալերիէնի մէջ 1941էն 1944։

Այնուհետեւ երկրորդական վարժարաններու ուսանողներ արտասանեցին «Կարմիր Որմազդ»ի հերոսներու վերջին խօսքերը, նախքան Մահուան զանգին ղօղանջելը, որուն յաջորդեցին «Մարսէյէզ»ը, «Փարթիզաններու երգը», Լուի Արակոնի «Աֆիշ Ռուժ»ի (Կարմիր որմազդ) բնաբանով երգը, զորս կատարեց Բանակներու երգչախումբը։ «Անոնք, իրենց արարքներով եղան մեծ ֆրանսացիներ։ Երկիրը երախտապարտ է անոնց եւ զանոնք կը մեծարէ վերստին։ Անոնց տարիքը կը տարուբերէր 18էն 44ի միջեւ։ Երիտասարդութիւնն իսկ էին անոնք, կրակ ու հաւատք։ Պէտք է անդադար պայքարիլ մոռացումին դէմ։ Պէտք է անթոյլ կերպով գործել չարին սովորականացման դէմ», իր ելոյթին մէջ ըսաւ նախարարուհին։ Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ակնարկելով վերջին օրերուն Ֆրանսայի մէջ բազմացած հակասեմական արարքներուն, քննադատելով զանոնք եւ ըսելով, որ հարկ է պայքարիլ տգիտութեան եւ ատելութեան դէմ։