կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-20 22:08
Աշխարհ

Համազգայինի գրական միավորի միջոցառումը`Թոնդրակյան և Պավլիկյան շարժումների մասին

Համազգայինի գրական միավորի միջոցառումը`Թոնդրակյան և Պավլիկյան շարժումների մասին

Աղբյուրը`Asbarez

Համազգայինի գրական միաւորի կազմակերպութեամբ 13 Դեկտեմբեր 2018ին տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ձեռնարկ մը, ուր հանդէս եկան երկու համալսարանական տաղանդաւոր երիտասարդներ Ալեն Տիշկրիքեանն ու Վազգէն Բարսեղեանը, առաջինը՝ Թոնդրակեան եւ Պաւլիկեան շարժումներուն մասին, իսկ Վազգէնը ներկայացուց Համշէնի եւ անոր երաժշտական գործիքներուն ու մշակութային կեանքին մասին, երգելով երգերու փունջ մը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց գրական միաւորի անդամներէն Սաթենիկ Ղարաբաղցեան, որ անդրադարձաւ երիտասարդներ ներգրաւելու գրական միաւորի յստակ ծրագիրին մասին, յայտնագործելով անոնց տաղանդներն ու բեմ տրամադրելով իրենց, քաջալերելու Համազգայինի շարքերէն ներս անոնց ընդգրկումն ու ծաղկումը:

Այսպէս՝ Ալենին եւ Վազգէնին հետ սկսած էր հրաշալի հաղորդակցութիւն մը, որուն իբր արդիւնք, ծրագրաւորուեցաւ աննախընթաց ձեռնարկ մը, Համազգայինի վերանորոգուած կեդրոնին մէջ:

Առաջին հերթին՝ Ալեն իր վարժ ու համարձակ ելոյթով կրցաւ իր վրայ կեդրոնացնել սրահի ներկաներուն ուշադրութիւնը: Սահիկներու՝ Power Point-ի օժանդակութեամբ ան ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնը Թոնդրակեան եւ Պաւլիկեան կրօնական շարժումներուն մասին եւ անոնց առընչութիւնները հայ ժողովուրդի քրիստոնէական ըմբռնումներուն, մինչեւ իսկ Գրիգոր Նարեկացիի մօտ նկատուած անոնց մասին ունեցած որոշ հակումներուն մասին:

Ալենի ներկայացումը կատարուեցաւ վարժ ու հեզասահ հայերէնով, ապագայ համալսարանական դասախօսի մը բոլոր յատկանիշները իր մէջ ակնյայտ էին, կը մնար մասնագիտութեան տիրապետումն ու ուսման լրումը:

1220bavlikian1

Ալեն սպառիչ բացատրութիւններով կրցաւ բաւարարել ներկաներուն հետաքրքրութիւնը:

Վազգէն՝ արդէն զգեստաւորուած համշէնի ազգային տարազով, իր նախաբանը կատարեց տեսահոլովակներու եւ սահիկներու միջոցաւ, ներկաները փոխադրելով Համշէնի հայերուն կենցաղին եւ մշակութային կեանքին մասին նախաճաշակ փոխանցելով ներկաներուն:

Աւելի՛ն, Վազգէն կրցաւ ներկայացնել Համշէնահայութեան օգտագործած երաժշտական գործիքներէն նմոյշներ եւ նուագով ու երգով բացատրութիւններ տալով իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւններուն մասին՝  գործիքներու ցուցադրումով:

Միացեալ Նահանգներ ծնած եւ բոլորովին ինքնուս՝ հայկական ժողովրդական  նուագարաններուն տիրապետած Վազգէն, կրցաւ բոլոր ներկաներուն բացատրութիւններ տալ Քամանչայով, Քեմանի, սազ, Ուտ եւ Վանի տուտուկն ու ծիրանափողը ցոյց տալով եւ գործածութեան մասին նուագի ներկայացումով:

Հանդիսատեսները խանդավառ ու ոգեւորուած հարցումներու տեղատարափով Համշէնի, նուագներու, երաժշտական գործիքներուն մասին, որոնց համբերատար կերպով պատասխանեց 21 ամեայ երիտասարդ արուեստագէտը:

1220bavlikian2

Իբրեւ եզրակացութիւն՝ երկու երիտասարդները պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն յաւելեալ կերպով  հաստատելով իրենց նկատմամբ ստեղծուած համակրանքը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, մինչ ներկաները տակաւին երկար կը յամենային այս երկու երիտասարդներուն շուրջ, յայտնելով իրենց գնահատանքի եւ քաջալերանքի խօսքերը:

Երիտասարդները ոգեշնչուած մեկնեցան, խոստանալով կրկին գալ  եւ այլ նիւթեր ներկայացնել իրենց ընկերներուն ուղեկցութեամբ:

Կասկած չկար, որ ներկաներուն մէջ կարեւոր թիւով երիտասարդներ կային՝ մեր ապագայի խոստմնալից երիտասարդները:

Գրական Միաւորին ակնկալիքները լրիւ կերպով արդարացուած էին:

Երիտասարդներու յանձնախումբը պիտի կազմուի շուտով: Միացէ՛ք մեզի:

1220bavlikian