կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-10-02 11:55
Հասարակություն

Պատմական ալբոմը հանձնել են ՀՅԴ Երևանի պատմության թանգարանին

Պատմական ալբոմը հանձնել են ՀՅԴ Երևանի  պատմության թանգարանին

Պատ­մու­թիւ­նը եւ պատ­մա­կան դէպ­քե­րը բա­րո­յա­կան ծան­րու­թիւն ու­նին մեր կեան­քին մէջ, ո­րով­հե­տեւ կը շնչա­ւո­րեն մեր ա­պա­գան ու ի­րենց թե­լադ­րա­կա­նու­թեամբ կը դաս­տիա­րա­կեն սե­րուն­դը:

Ար­ձա­նագ­րե­լի այս­պի­սի ե­ղե­լու­թեան մը կեն­դա­նի օ­րի­նա­կը կը հան­դի­սա­նայ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, խմբա­գիր, գրող, ու­սու­ցիչ-դաս­տիա­րակ ու ազ­գա­յին գոր­ծիչ ընկ. Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի կող­մէ ­Գա­հի­րէի մէջ պատ­րաս­տո­ւած ու տպագ­րո­ւած Հ.Յ.Դ. պատ­մու­թեան լու­սան­կար­չա­կան փաս­տագ­րա­կան ալ­պո­մը:

Ալ­պո­մին մէջ ընդգր­կո­ւած են մեր ա­զա­տագ­րա­կան զար­թօն­քէն վա­ւե­րա­կան լու­սան­կար­ներ (1890-1960) թո­ւա­կան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ: Ալ­պո­մը վեր­ջերս պաշ­տօ­նա­պէս յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի, Ե­գիպ­տո­սի ու ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան կեան­քին մէջ աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեամբ յատ­կան­շո­ւած ընկ. ­Գաբ­րիէլ Լա­զեա­նի հան­գու­ցեալ այ­րիի՝ ընկ. ­Նա­թա­լի ­Լա­զեա­նի ա­նո­ւամբ, իր զաւ­կին՝ տի­կին Այ­տա ­Մահ­լուֆ-­Լա­զեա­նի ձե­ռամբ՝ յու­նա­հայ օ­րա­թերթ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թեան:

Ալ­պո­մը կը վե­րա­բե­րի 1959 թո­ւա­կա­նին ­Գա­հի­րէի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 17րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին: Ն­շենք, թէ ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան նոր մա­հա­ցած էր եւ ժո­ղո­վի մաս­նա­կից ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ՝ իբ­րեւ յար­գան­քի ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն՝ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւրն ան­հա­տա­բար, ստո­րագ­րե­ցին տո­ւեալ ալ­պո­մին մէջ, պա­տո­ւե­լով զայն ու գնա­հա­տե­լով ըն­կե­րու­հի ­Նա­թա­լի ­Լա­զեա­նի լուռ, խո­նարհ ու լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Ս­տո­րագ­րող­նե­րու կող­մէ ե­րեւ­ցող ա­նուն­նե­րէն յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն նշենք ո­րոշ­ներ՝ ­Ռու­բի­նա Օ­հան­ջա­նեան, Սի­մոն Վ­րա­ցեան, Օն­նիկ ­Մա­ճա­ռեան, ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան, Հ­րաչ ­Փա­փա­զեան, ­Պերճ Մսր­լեան, ե­ւայլն:

Լու­սան­կար­չա­կան սոյն ալ­պո­մը՝ «Ա­զատ Օր»ի տնօ­րէն ընկ. ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեա­նի կող­մէ վեր­ջերս յանձ­նո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ Հ.Յ.Դ. պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն ընկ. Ա­նուշ Ամ­սէեա­նին, թան­գա­րա­նին մէջ իր ի­մաս­տա­յին ու խորհր­դան­շա­կան ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւե­լու հա­մար:

Պատ­մու­թեան հա­մար նշենք, թէ ընկ. ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան մա­հա­ցաւ 1959ին, սա­կայն իր գրա­կան եւ հրա­տա­րակ­չա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան պատ­կա­նող գոր­ծե­րը, իր օգ­տա­շատ ու դաս­տիա­րա­կիչ շա­հե­կա­նու­թեան հա­մար՝ տաս­նա­մեակ­ներ օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան նպա­տա­կով, սե­րունդ­նե­րու նկա­րագ­րի մշա­կու­մին ու թրծու­մին հա­մար, ծա­նօ­թաց­նե­լով ա­նոնց մեր ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան պատ­մու­թեան տար­բեր ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն ու հանգ­րուան­նե­րուն դե­րա­կա­տար գոր­ծիչ­նե­րուն եւ հե­րոս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ ­Հան­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պատ­մու­թիւ­նը լու­սան­կար­նե­րու ճամ­բով, եւ ա­նոնց ընդ­մէ­ջէն վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կի պատ­մու­թիւ­նը, որ այ­սօր ալ կ­՚ար­տա­ցո­լայ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու սփիւռ­քի հայ կեան­քին մէջ։
Վարձ­քը կա­տար բո­լոր ար­ժա­նա­ւոր­նե­րուն:

azator.gr