Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch
Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է՝ Հայկ Նահապետէն սկսեալ։ Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչումներով։
Այսպէ՛ս եղաւ 28 Մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու ու Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքով թրծուած եւ վճռակամութեամբ զինուած, վերահաստատեց ինքնուրոյն պետականութեամբ իր հայրենի հողին վրայ ազատօրէն ապրելու իր հաւաքական կամքը։ Ճշդորոշիչ նշանակութիւն ունեցող դարձակէտ մըն է Մայիս 28-ը՝ Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն յետոյ (1375), օտար ուժերու ենթակայ դարձած հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Նախախնամական ի՜նչ տնօրինութիւն. երբ տակաւին մի քանի տարիներ առաջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի կ՚ունենար հայոց ցեղասպանութիւնը, Երեւանի մէջ կը բարձրանար հայ ժողովուրդի անկախութեան դրօշը՝ եռագոյնը...։
Դիւրին չեղաւ Մայիս 28-ով խորհրդանշուող Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հաստատումը։ Արդարեւ, Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին թողած վէրքերը չդարմանուած, Ռուսիոյ մէջ տեղի կ՚ունենար Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը (1917), որուն հետեւանքով ռուսերը կը հեռանան Կովկասէն՝ առանձին ձգելով հայերը Թուրքիոյ դիմաց։ Արտաքին ճակատին վրայ, Հայաստանը շրջապատող պայմանները ու շրջանին առընչուած աշխարհաքաղաքական շահերը ի նպաստ մեզի չէին։ Ներքին ճակատի վրայ, դիւրաբեկ էր Հայաստանը ու չունէր կազմակերպուած բանակ ու առողջ տնտեսութիւն։
Ահա այս կացութեան մէջ թրքական բանակը կը սկսի շարժիլ Երեւանի ուղղութեամբ։ Հայկական փոքր բանակով փաստօրէն դժուար էր պաշտպանել Սեւ ծովէն մինչեւՎասպուրական երկարող ռազմաճակատը։ Հայ ժողովուրդը կը գտնուէր նոր Աւարայրի մը դիմաց։ Վճռադրոշմ այս պահուն, Արամ Մանուկեան կը հռչակուի գերագոյն ղեկավար։ Մեր ողջ ժողովուրդը, մեծ թէ փոքր, հոգեւորական թէ աշխարհական, մտաւորական թէ շինական, կ՚ընդառաջէ Արամի կոչին եւ Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մէջ կը կռուի «ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանով ոգեզինուած, հայրենիքի անկախութեան համար արիւն թափելու գիտակից յանձնառութեամբ։ Երեւանի դռներուն առջեւ տեղի ունեցած այս ճակատագրական ճակատամարտէն յաղթական դուրս եկած հայ ժողովուրդը կը հռչակէ իր հայրենիքի անկախութիւնը։
Պատմական Հայաստանի փոքր հողաշերտին վրայ ծնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ. ամէնուրեք գաղթականներ ու որբեր, սով ու համաճարակ եւ ո՛չ մէկ արտաքին օգնութիւն։ Հակառակ նորանկախ Հայաստանը շրջապատող ներքին ու արտաքին ահաւոր դժուարութիւններուն, երկիրը աստիճանաբար կ՚ունենայ իր խորհրդարանը, կառավարութիւնը, դատական իշխանութիւնը եւ բանակը. կը ճշդուի հանրապետութեան եռագոյն դրօշը, կը հնչէ «Մեր հայրենիք»ը եւ Հայաստանը կ՚ունենայ միջազգային ճանաչում։
Հայաստանի անկախութեան կերտումին մէջ նշանակալից դեր կ՚ունենայ հայ եկեղեցին։ Գարեգին Վրդ. Յովսէփեան (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1943-52) մասնակից կը դառնայ Սարդարապատի կռիւներուն՝ իր հրաշունչ քարոզներով քաջալերելով մեր զինուորները։ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կոչ կ՚ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ «յոյս չդնել օտարի վրայ» եւ ի մի խմբել «մեր ազգային բոլոր կարողութիւնները՝ … ի փառս ազատ հայրենիքին»։ Սահակ Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, տառապանքի ճիրաններուն մէջ տուայտող Կիլիկեան Աշխարհէն իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած աղաչելով, որ «Տաւրոսը Մասիսին կապող եւ հայ արիւնով գեղազարդուած ծիածանը ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան համար ըլլայ Աւետեաց երկիրը, ամբողջական եւ անկախ Հայաստան առաջնորդող հրեղէն սիւնը»։ Յ. Թումանեան, մտաւորականութեան թարգմանը հանդիսանալով, կը բացագանչէ՝ «արդէն իրականութիւն է երէկուայ մեր երազը. ազատ է Հայաստանը, ամբողջ աշխարհի կողմից ճանչցուած ինքնուրոյն հանրապետութիւն է նա, իր եռագոյն դրօշով կանգնած միւս պետութիւնների շարքում»։
Ցեղասպան Թուրքիան կը շարունակէ իր սուրը ճօճել Հայաստանի ուղղութեամբ։ Զանազան ճակատներու վրայ յաջորդական յարձակումներ, տնտեսական պաշարում ուդիւանագիտական ճնշում կը սկսին մաշեցնել Հայաստանի ներուժը։ Ռուսիայէն ակնկալուած զինուորական ու տնտեսական օժանդակութիւնը չիրականանար։ Սեւրի Դաշնագրի (Օգոստոս 10, 1920) ստորագրութեամբ Հայաստանի առջեւ բացուած յուսալից հորիզոնները շուտով կը մթագնին։ Հայաստանը կը մնայ, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը Ս. Վրացեան կ՚ըսէ՝ «պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ»։
Պատմութեան մէջ ճակատագրական պահեր կան, որոնց դիմաց հարկ է հեռու մնալ արկածախնդրական մօտեցումներէ ու կողմնակի նկատումներէ եւ ճի՛շդ կողմնորոշում որդեգրել՝ մեկնելով ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն։ Արդարեւ, առճակատում Սովետական Միութեան հետ կրնար կործանումի առաջնորդել Հայաստանը. հայրենիքի փրկութիւնը ամէն բանէ վե՛ր էր։ Վտանգալից այս պայմաններուն մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը (2 Դեկտեմբեր 1920), ամբողջատիրական վարչակարգին ծանր ու դառն հետեւանքները կրելով հանդերձ, ճի՛շդ ճանապարհն էր։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութիւնը (1921) համայնավար բռնատիրական վարչակարգին դէմ, առիթ կու տայ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Ապրիլ 24-ը յիշեցնող՝ ձերբակալութիւններու, աքսորի ու մահուան…։ Ժողովրդային ճնշումին տակ Հայաստանէն հեռացած համայնավար իշխանութեան տեղ Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն» չէր կրնար փրկել անպաշտպան մնացած եւ սովի ու համաճարակի մատնուած հայրենիքը։
Ապրիլ 2, 1921-ին Կարմիր Բանակը կը քալէ դէպի Հայաստան։ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին ղեկավարները կը հեռանան Հայաստանէն՝ իրենց հետ տանելով անկախ հայրենիքի եռագոյնը, Սփիւռքի մէջ շարունակելու Հայաստանի անկախութեան գաղափարական պայքարը։
Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ վարչակարգերը ժամանակաւոր են, որքան ալ զօրեղ յենարաններ ունենան. յաւերժական են ազգերը՝ իրենց հայրենիքով ու մշակոյթով։ Համայնավար վարչակարգը չկրցաւ սպաննել անկախութեան գաղափարը հայրենի ժողովուրդի կեանքէն ներս. իսկ Սփիւռքէն ներս իր բաժանարար քաղաքականութեամբ չկրցաւ մարել յոյսը անկախութեան ու նսեմացնել ամբողջական Հայաստանի՝ ամբողջական հայութեամբ տեսլականը։ Եւ այսպէս, Մայիս 28, 1918-ին ստեղծուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը եւ Դեկտեմբեր 2, 1920-ին պայմաններու պարտադրանքով վարչաձեւի փոփոխութեան ենթարկուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սեպտեմբեր 21, 1991-ին կը վերահաստատէ իր անկախութիւնը։ Անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու զայն կերտողը ու պաշտպանողը ժողովո՛ւրդն է։ Հետեւաբար, Հայաստանի անկախութիւնը գաղափարական ու քաղաքական մօտեցումներէ ու տար-բերութիւններէ վե՛ր պէտք է մնայ։ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ու համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն մէջ ստեղծուած Հայաստանի առաջին Հանրապե-տութիւնը համահայկական խորունկ նշանակութիւն ունի։ Այս ենթահողին վրայ հարկ է արժեւորել ու նշել 100-ամեակը այս պատմական դէպքին։
Կովկասը միշտ եղած է լեցուն ներքին առճակատումներով եւ ենթակայ՝ հեռաւոր թէ մօտաւոր ուժերու աշխարհաքաղաքական շահերուն ու դիրքորոշումներուն։ Կորսնցուցինք Հայաստանի առաջին անկախութիւնը՝ մեր շուրջը փչող զօրեղ քամիներուն հետեւանքով։ Այսօր եւս Կով-կասը կը գտնուի նո՛յն կացութեան մէջ։ Հետեւաբար, զգո՜յշ, ժողովուրդ հայոց, ճի՛շդ կար-դանք «ժամանակի նշանները». չհեռանանք հայրենի հողէն, հաւատարիմ մնանք հայրենիքի անկախութիւնը իրենց արիւնով կերտած մեր հին թէ նոր հերոսներու սրբազան կտակին. հզօրացնենք Հայաստանը իր բանակով, տնտեսութեամբ ու միջազգային դիւանագիտական կապերով։ Հայաստանի ու Արցախի պետականութեան ամրացումը ու անկախութեան ամրապնդումը հիմքն են մեր ազգային պահանջատիրութեան ու երաշխիքը՝ մեր ազգի պայծառ ապագային։
Արդ, 1 Յունուար 2018-ին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն սոյն Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակով կոչ կ՚ուղղենք.-
- Մեր թեմերուն, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով, հրապարակային հան-դիսութիւններով եւ այլազան ծրագիրներու իրագործումով, հանդիսաւոր կերպով նշելու այս կարեւոր թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան։
- Մեր կազմակերպութիւններուն, միասնական ոգիով ու ժողովրդային լայն մասնակ-ցութեամբ ու զանազան ձեռնարկներու ճամբով, արժեւորելու պատմական այս դէպքը հայ կեանքէն ներս։
- Մեր կրթական կառոյցներուն, հայակերտումի մեր ճիգին մէջ յատուկ կարեւորու-թեամբ շեշտելու անկախութեան իմաստը, որպէս ամուր հիմքը մեր հայրենիքի հզօրութեան ու ազգին յաւերժութեան։
- Մեր մտաւորականներուն, աշխատասիրութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով վերլուծելու եւ վերարժեւորելու առաջին Հանրապետութեան դերը՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, անկախութեան ոգիին ու տեսլականին արծարծ պահպանման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան ստեղծման մէջ։
- Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 100-ամեակին առիթով՝ կարդալով, լսելով ու զա-նազան ձեռնարկներուն մասնակցելով, լայն ծանօթութիւն ունենալու Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին եւ անդրադառնալու անկախութեան եզակի կարեւորութեան մեր ժողո-վուրդի կեանքէն ներս։
Պէտք է հաւատարիմ մնալ արիւնով ու քրտինքով կերտուած հայրենիքի անկախութեան ու զայն պաշտպանել ամէ՛ն գնով։ Ա՛յս է պատգամը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Անկախութեան ճանապարհին արիւն թափողները հերոսներ ու նահատակներ են։ Հետեւաբար, եկէք խոնարհի՛նք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Մայիս 28-էն մինչեւ այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի անկախութեան համար պայքարած, ծառայած ու նահատակուած մեր բոլո՛ր յայտնի թէ անյայտ հերոսներուն անմեռ յիշատակին առջեւ։
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։