Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անգամ մը եւս հարց տանք. ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը հետապնդէ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի իրաւունքները, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը հետապնդէ Արցախի Հանրապետութեան վերականգնման խնդիրը: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան կը յայտարարէ, որ արցախեան գաղթական իշխանութեան մը գոյութիւնը կը վտանգէ Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը: Այսինքն` Հայաստանէն ղեկավարուած որեւէ աշխատանք ի նպաստ Արցախի Հանրապետութեան վնասակար է Հայաստանին: Հայաստանի համար արցախեան հարցը փակուած է. կայ միայն արցախահայութեան վերաբնակեցման եւ հայաստանեան հասարակութեան հետ համարկման հարց: Հայաստան անդառնալիօրէն որդեգրած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» դառնալու քաղաքական ուղեգիծ, զոր ամէն առիթով ու կարելի բոլոր բեմերէն կը յայտարարէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ու կը ծափահարուի իր ցուցաբերած խաղաղասիրական ոգիին համար: Ան չի մոռնար ըսելու, որ Հայաստանի ժողովուրդը իրեն պատուէր (մանտայ) տուած է խաղաղութիւն հաստատելու համար: Օտարներուն` Ռուսիոյ եւ արեւմտեան պետութիւններուն համար հաճելի է «Ժողովրդավար» իշխանութիւններէն լսել նման խաղաղասիրական հանգանակ: Ոչ ոք կը յիշէ, որ Հայաստանի ժողովուրդը ընտրած է, լայն մեծամասնութեամբ, ներկայ իշխանութիւնը բոլորովին տարբեր, այժմեան շեփորուող պատուէրին հակոտնեայ քաղաքական ծրագիր մը իրականացնելու խոստումին համար:
Յաճախ կը լսենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները խաբած են ու կը շարունակեն խաբել ընտրողները: Ու կը թուի, որ այդ ընտրողները, խաղաղութեան ջատագով դարձած, գոհ են իրերու ընթացքէն: Ցարդ նուաճուած պարտուողական արդիւնքներէն կը գանգատին թէեւ, սակայն կը մերժեն զօրաշարժի դիմելու ու կացութիւնը բարելաւելու համար համախումբ գործելու ամէն նախաձեռնութիւն: Գոհ չեն, սակայն խանգարուիլ չեն ուզեր:
Շատ ըսուեցաւ, որ զիջողական քաղաքականութեամբ կարելի չէ խաղաղութիւն նուաճել: Ազրպէյճան հեռահար նպատակներ ունի, չի պահեր զանոնք, երբ Հայաստանը արեւմտեան Ազրպէյճան կը կոչէ: Որեւէ բանակցութեան ժամանակ տրամադիր չէ զիջումներ կատարելու, որովհետեւ կը հաւատայ, որ «եթէ բանակցութիւնները անարդիւնք ըլլան, ապա մեք, ուժ կիրարկելով, միջազգային իրաւունքի հիման վրայ, ազատագրելու ենք հայրենի հողերը ռազմի դաշտին վրայ գրաւողներէն»: Միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ հարցերու լուծումը մարտական ճամբով: 8 նոյեմբեր 2023-ին, Ստեփանակերտի մէջ ռազմական շքերթի ընթացքին խօսած ճառին միակ խեղաթիւրումը չէ վերեւի մէջբերումը: Ալիեւ կը յայտարարէ. «Մենք հասանք մեր ուզածին, վերականգնեցինք մեր ազգային արժանապատուութիւնը եւ թշնամիին ցոյց տուինք իր տեղը»: Ալիեւի ցոյց տուած տեղը, խաղաղասէր հայաստանեան իշխանութեան համար, յարմարաւէտ կը թուի, հանգստացնող եւ փայլուն ապագայ կերտող:
Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպայի խորհուրդի երեսփոխանական խորհրդաժողովին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար բոլոր հարցերը լուծուած են, բոլոր պահանջները գոհացուած, սակայն… Ազրպէյճան չ՛աճապարեր հաշտութեան պայմանագիր կնքել:
Վերադառնանք Արցախի հարցին: Արցախեան պահանջատիրութեան խափանումը, Արցախի յանձնումը Ազրպէյճանին, բոլոր պահանջներուն գոհացումը հայ ժողովուրդին համար ընդունելի՞ են: Նիկոլ Փաշինեանն ու իր խումբը ընտրելով, այս արդի՞ւնքը կ՛ակնկալէին ընտրողները, հայ ժողովուրդը որոշա՞ծ է, որ նուաստացած ու փոքրացած Հայաստանն էր իր երազանքը: Քանի, քանի՜ սերունդներ պայքարած են ա՞յս վերջնական արդիւնքին համար: Դժուար է հաւատալ: Ազգային հաւաքականութիւն մը, որ դարերով պայքարած է իր հայրենիքին ազատութեան եւ անկախութեան համար, զոհեր տուած է ու երբեք չէ ընկրկած, չի կրնար հրաժարիլ իր իրաւունքէն: Կրնայ պարտուիլ, ու բազմաթիւ անգամներ հայութիւնը պարտուած է ու հարկադրաբար խոնարհած: Սակայն միշտ գիտցած է շտկել մէջքը ու ազատութեան արդար պայքարին նոր բովանդակութիւն հաղորդել:
Այս անգամ եւս, հայոց պատմութիւնը վկայ, տարբեր չի կրնար ըլլալ: Ժամանակի հարց է. սպասենք եւ յուսանք:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com