|
Փոխարժեքներ
07 02 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 377.7 |
| EUR | ⚊ | € 445.38 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9058 |
| GBP | ⚊ | £ 512.84 |
| GEL | ⚊ | ₾ 140.39 |
24 Յուլիս 2020-ին, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի Գուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանը եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնը գիշերուան ընթացքին ենթարկուեցան վանտալութեան՝ ատրպէյճանական ատելութեան խօսքերով եւ «կրաֆիթի»ով, որոնք գծուած են պատերուն վրայ:
Ոստիկանութիւնը տեղեակ պահուած է արդէն եւ հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են:
Անցնող շաբթուան ընթացքին մենք ականատես եղանք ատրպէյճանցիներու կողմէ կատարուած նմանօրինակ ատելութեան արարքներու աշխարհի զանազան վայրերու մէջ:
Խնամակալ մարմինը խստօրէն կը դատապարտէ ատելութեան այս արարքը Գռուզեան Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանին եւ մեր համայնքին դէմ եւ կը յուսայ, որ յանցագործներ կը ձերբակալուին եւ դատուին օրէնքի խստագոյն տնօրինումներուն համաձայն:
Անմիջական գործակցութեան մէջ ենք վարժարանի Խնամակալ մարմինին, դպրոցին տնօրէնութեան եւ մանկապարտէզի վարիչներուն հետ՝ երաշխաւորելու համար դրպրոցին շրջափակին ապահովութիւնը:
Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմին
asbarez.com