Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հ.Յ.Դ. երիտասարդական կառոյցի կարեւոր աշխատանքի դաշտերէն մէկը արտաքին յարաբերական ոլորտն է: Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի ռազմավարական առաջնահերթութեան մէջ կը մտնէ պատրաստել քաղաքական յարաբերական գործի ատակ մարդուժ եւ կազմաւորել միջազգային ու տեղական քաղաքական յարաբերական աշխատանքներու մէջ հմտութիւն ունեցող երիտասարդներ: Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի արտաքին յարաբերական աշխատանքի ընդհանուր ուղղութիւնը կը ճշդէ երիտասարդական խորհուրդը Հ.Յ.Դ. երիտասարդական հայեցակարգին հիման վրայ:
Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի արտաքին յարաբերական աշխատանքները կը միտին Հայաստանի ու հայութեան յուզող հարցերը միջազգային երիտասարդական կառոյցներուն եւ համապատասխան մարմիններուն մօտ բարձրաձայնել, հայկական հարցի գծով իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնել ու անհրաժեշտ քարոզչական, տեղեկատուական եւ յարաբերական աշխատանք տանիլ: Սոյն գործունէութեամբ Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի ծրագրային և գաղափարական նպատակներն ու սկզբունքները միջազգային գործընկերներու եւ հարթակներու մօտ առաւել հնչեղութիւն կը գտնեն: Մեր հիմնական առաջնահերթութիւններն են՝ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը, Դաշնակցութեան ընկերվարական համոզումներու գործնական կիրառելիութեան առիթներ ստեղծելը եւ այդ արժեքային համակարգի տարածումը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու մէջ առողջ եւ տեւական կապերու հաստատումը՝ որպէս հիմնական նպատակ ունենալով Հայաստանի հզօրացումը: Իսկ այլ իմաստով, արտաքին յարաբերական աշխատանքի մէջ թրծելով դաշնակցական երիտասարդները, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն համար ատակ մարդուժի հայթայթումը ապահովել:
Հ.Յ.Դ. երիտասարդական կառոյցը լիիրաւ անդամ է Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY)-ին, երիտասարդ եւրոպական ընկերվարականներին (YES), եւ International Falcon Movement-Socialist Education International (IFM)-ին: IUSY-ը համաշխարհային ընկերվար երիտասարդական կառոյց է, որուն կ’անդամակցին աւելի քան 163 կազմակերպութիւններ աշխարհի110 երկիրներէ: YES-ը Եվրոպայի մէջ երիտասարդական ընկերվարական կազմակերպութիւններու համախմբում մըն է, որուն Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը կ’անդամակցի 2015 թ. էն ի վեր՝ որպէս լիիրաւ անդամ: Իսկ IFM-ը պատանեկան կազմակերպութիւններու հովանաւորող կառոյց է, որ պատանիներն ու երիտասարդները ընկերվարական արժէքներով կը դաստիարակէ՝ հաւասարութեան, ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան, համերաշխութեան, համագործակցութեան և բարեկամութեան հիման վրայ:
Սոյն կառոյցներուն ճամբով վերջին տասը տարիներուն Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը ռազմավարական մօտեցումով յաջողած է բազմաթիւ անգամներ Հայոց Ցեղասպանութեան ու Արցախի հիմնահարցի գծով հայանպաստ բանաձեւեր ու յայտարարութիւններ որդեգրել, այս կառոյցներուն անդամ կազմակերպութիւններուն մօտ հայկական հարցի տեղեկացուածութեան մակարդակը եւ անոնց յարաբերութիւնները Հայաստանի ու Արցախի երիտասարդական կառոյցներուն հետ բարելաւել, ինչպէս նաեւ ղեկավար դեր ստանձնել նախագահութիւններու եւ Սեւծովեան տարածաշրջանի համագործակցութեան BSAC-ի յանձնաժողովին մէջ ու աշխոյժ մասնակցութեան շնորհիւ քանի մը պատուիրակութիւններ հրաւիրել ու Ժողովներ գումարել Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Աւելին, 2015-էն սկսեալ՝ Հ.Յ.Դ. յաջողած է IUSY ընդհանուր ժողովներուն փոխնախագահութեան համար ընտրապայքար տանիլ եւ վերջին 8 տարիներուն ընթացքին 2 ընտրութիւններ յաջողցնելով՝ մնայուն կերպով Հ.Յ.Դ.ն ներկայացուցիչ ունեցած է IUSY-ի նախագահութեան մէջ՝ որպէս փոխնախագահ, յանձնինս՝ Կարօ Շատոյեանին, ապա՝ Սարինէ Աբրահամեանին:
Հ.Յ.Դ. երիտասարդական կառոյցի արտաքին յարաբերական աշխատանքներուն շնորհիւ հետեւեալ ժողովներն ու միջոցառումները գումարուած են Հայաստանի մէջ․ 2015 թ. «IUSY World Council»՝ Երեւանի մէջ, 2017 թ. «Study visit»՝ Արցախի մէջ եւ 2022թ. «BSAC-ի ժողով»՝ Երեւանի եւ Կորիսի մէջ:
Պէտք է նշել նաեւ, որ Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը անցնող տարիներուն աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ IUSY-ի եւ այլ տարածաշրջանային շրջանակներուն մօտ: Կեդրոնանալով միայն 2023-ի վրայ՝ Մարտ ամսուն Պերլինի մէջ IUSY-ի Եւրոպայի տարածաշրջանի ամէնամեայ ժողովին Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը Արցախի ներկայ իրավիճակը մանրամասնեց ու ներկայացուց շրջափակման հետեւանքները եւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղային մաքրագործման քայլերը Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ: Հ.Յ.Դ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաև Գերմանիոյ խորհրդարան (Bundestag) և շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիայի Ընկերվարական կուսակցութեան (SDP) քանի մը պատգամաւորներուն հետ:
Յունիս 22-25 Փանամայի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան բարձրագոյն ժողովը: Երկու տարին անգամ մը գումարուող ժողովին մասնակցեցան շուրջ 70 երկիրներէ կազմակերպութիւններու 300 պատուիրակներ: Բարձրագոյն այս ժողովին ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ հաշուետու զեկուցում, կը ճշդուին կազմակերպութեան ապագայ ընելիքները եւ կ’ընտրուի նոր ղեկավար մարմին մը: Ժողովին կարեւոր նշանակութիւն ունի բանաձեւերու ներկայացումը եւ որդեգրումը: Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի ջանքերով ընդունուեցաւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը դատապարտող բանաձեւը: Կազմակերպութիւնը կոչ կ’ուղղէ առանց որեւէ նախապայմանի անյապաղ բանալ Բերձորի միջանցքը եւ վերջ դնել Արցախի շրջափակման: Աւելցնենք, որ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երիտասարդական թեւի լիիրաւ անդամակցութեան դիմումը մերժուեցաւ մասնաւորապէս կազմակերպութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, քիւրտ փոքրամասնութեան իրաւունքներուն եւ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերեալ դիրքորոշումներուն պատճառով: Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ նոր նախագահութեան ընտրութիւնը, եւ Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի թեկնածու Սարինէ Աբրահամեան վերընտրուեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան փոխնախագահ 2023-2025 շրջանին համար:
Վերոնշեալ աշխատանքներէն բացի՝ արտաքին յարաբերական գործունէութիւնը կը պահանջէ ուսումնասիրական աշխատանքներու անհրաժեշտութիւն, ինչպէս, օրինակ՝ ուսումնասիրել ՄԱԿ-ի հետ առնչուած երիտասարդական ծրագրերն ու անոնց կապակցութիւնը մեր նպատակներուն, տարածաշրջանային երիտասարդական ցանցերն ու կառոյցները: Առաւել եւս յարաբերութիւններ մշակել եւ ջանալ միասնաբար ծրագիրներ կեանքի կոչել ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերու երիտ. շարժումներու հետ՝ հրեայ, ռուանտացի, եզիդի, եթովպացի, պոսնիացի, եւ այլն: Մի՛շտ կարեւորելով գիտելիքներու թարմացումն ու փորձառութեան փոխանակումը այս մարզին մէջ ատակ մասնագէտներու հետ:
Եզրափակելով՝ Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի արտաքին յարաբերական գործունէութիւնը, որպէս տինամիք ուժ, կը նպաստէ աշխարհատարած հայ հասարակութեան ապագան կերտելու գործին: Երիտասարդական տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ ներգրաւուելու, միջազգային գործընկերութիւններու խթանման և հայանպաստ նպատակներու ջատագովութեան միջոցով Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը կ’ապացուցէ իր յանձնառութիւնը համաշխարհային մակարդակի վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալու եւ հայկական հարցին մէջ իր ինքնորոյն դերակատարութիւնը վերցնելու: Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը կը շարունակէ զարգանալ և ընդլայնել իր հորիզոնները արտաքին յարաբերական մարզին մէջ, քաղաքական երիտասարդական շրջանակներու եւ հարթակներու մօտ՝ որպէս դիւանագիտական երկրորդ եւ երրորդ ճանապարհ (track two & three diplomacy), հայանպաստ նոր նուաճումներ արձանագրելու համար:
Գէորգ Յակոբճեան