կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2021-12-17 11:45
Քաղաքական

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Այնճար Այցելեցին

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Այնճար Այցելեցին

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին Այնճար այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամներ` Յակոբ Խաչերեանը, Արսէն Համբարձումեանը եւ Րաֆֆի Տօնապետեանը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամներուն եւ Այնճարի քաղաքապետին ընկերակցութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները այցելեցին Այնճարի տարբեր վայրեր: Նախ այցելեցին քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցան քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին հետ, ապա` Մուսա Լեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան, որմէ ետք` Այնճարի գերեզմանատուն, ուր իրենց յարգանքը արտայայտեցին նահատակներ Պետիկ Ինճէեանին եւ Զաւէն Թաշճեանին: Անոնք այցելեցին Այնճարի պատմական բերդ, որմէ ետք նաեւ` գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն- թանգարան, Ս. Պօղոս եկեղեցի եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիր: ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան Բիւրոյի անդամներուն ներկայացուց Այնճարի հիմնադրութեան պայմաններն ու 80 տարիներու պատմութեան տարբեր փուլերը:

Աւարտին պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը միասնաբար ծաղկեպսակ զետեղեցին Լիբանանի եւ հայութեան համար ինկած մուսալեռցի-այնճարցի նահատակներու յուշարձանին դիմաց, ապա հանդիպում ունեցան ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին հետ` քննարկելով Այնճարի հայութեան հիմնական դժուարութիւնները: