Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Շուշի քաղաքի հայկականութիւնը խորհրդարանի բեմէն վարչապետին կողմէ հարցականի վերածուիլը հայկական կողմին լուրջ հարուած է հակամարտութեան լուծման ընդառաջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն առումով:
Վարչապետի հարցականը հիմնաւորուած է պատերազմէն առաջ Շուշիի ժողովրդագրական պատկերի փաստին վրայ: Տրամաբանութիւնը այստեղ պարզ չէ, որ պատկանելիութեան, այս պարագային հայկականութեան ճշդումի համար իբրեւ փաստ-հիմնաւորում ժամանակի ո՛ր փուլն է մեկնակէտը: Արցախեան պատերազմէն շատ առաջ, երբ Ազրպէյճան պետութիւն իսկ չէր ստեղծուած, Շուշին հայերով բնակուած քաղաք էր, մշակութային կեդրոն եւ հայկական բնօրրան: Այլապէս, եթէ ընդունինք վարչապետի տրամաբանութիւնը, մայիսեան հերոսամարտերէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն առաջ կարելի է հարցականի տակ առնել նաեւ Երեւանի հայկականութիւնը, նկատի ունենալով մեծ մասով այլազգի բնակչութեան համեմատական մեծամասնութեան պատկերը: Ա՛յս վարկածն է, որ փաստօրէն յառաջ կը քշէ Ազրպէյճանի նախագահը` առիթները օգտագործելով Երեւանի ազրպէյճանապատկանութիւնը յայտարարելու համար:
Հիմա փաստօրէն կը նոյնանան Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին քաղաքներու պատկանելիութեան ճշդումի չափորոշիչները:
Նման յայտարարութիւն մը ներազգային առումով կը ստեղծէ զիջողական ենթահող, պարտուողական մթնոլորտ, ազգի առաջադրանքային հեռանկարներէն փորձել ջնջելով Շուշիի վերաազատագրման հրամայականը:
Հարցականի տրամաբանութեամբ ի՞նչ էր մինչ այդ Շուշիի կարգավիճակը, մինչեւ յանձնումը Ազրպէյճանին: Գրաւուած ազրպէյճանական տարա՞ծք, անվտանգութեան գօտի՞, Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ինկած ճշդելի միջանկեալ շրջա՞ն: Պաշտօնապէս հնչած հարցականը նման հարցականներու կրնայ առաջնորդել:
Ամէնէն լուրջ հարուածը սակայն հետագայ բանակցութիւններուն կը վերաբերի: Բանակցային ռազմավարութեան առանցքը, կը թուի, որ պիտի կազմուի ԼՂԻՄ-ի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ այդ տարածքին ճանաչումին շուրջ:
Նոյնիսկ ամէնէն վատ բանակցային փաստաթուղթը մինչ այժմ ԼՂԻՄ-եան տարածքներէ Ազրպէյճանին յանձնելու մասին կէտ չէր ներառած իր մէջ: Կարգավիճակի սկզբունքը կը վերաբերէր ԼՂԻՄ-եան տարածքին, որուն համար ռազմավարական նշանակութիւն ունէր Շուշին:
Հիմա այս հարցականով վարչապետը ԼՂԻՄ-էն կ՛անջատէ Շուշին` անոր տալով Աղտամի կամ Ղուբաթլիի կարգավիճակ: Հարցականի տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ Շուշին եւս բանակցային զիջելի տարածք է:
Այս հարցականը հակառակորդին կողմէ լիարժէք կ՛օգտագործուի բանակցութիւններու ընթացքին:
Հարցականը տակաւին հարուած է ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին, որուն վրայ կայացած էր մինչ այժմ ամբողջ մեր բանակցային ռազմավարութիւնը: Արցախահայութիւնը ինքնորոշուած է ԼՂԻՄ-եան տարածքներուն վրայ անկախ ապրելու նպատակով: Ներառեալ Շուշին: Հարցականը ո՛չ միայն կ՛ոտնահարէ Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութիւնը, այլ նաեւ հզօր հարուած կը հասցնէ բանակցային ռազմավարութեան հիմնասիւնին` ինքնորոշման իրաւունքին:
Ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ նման հակապետական յայտարարութիւն կ՛առաջնորդէ անմիջապէս պաշտօնազրկման: Ի վերջոյ հարցական հնչեցնելը հակասական է Երեւանի պաշտօնական դիրքորոշումներուն, բանակցային ռազմավարութեան:
Եւ վերջապէս. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հիմք հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրը ներառած է հետեւեալ կէտը` իբրեւ հիմք անկախութեան հռչակման:
«Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ»:
Այս բանաձեւի կէտերուն ներառուած է Շուշին իբրեւ արցախապատկան տարածք:
Հարցականը ուրեմն նաեւ հակասահմանադրական է:
aztagdaily.com