կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-22 12:08
Հասարակություն

Մեկնարկեց ՀՕՄի «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» Ծրագիրը

Մեկնարկեց ՀՕՄի «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» Ծրագիրը

ԵՐԵՒԱՆ.- 17 Դեկտեմբերին մեկնարկեց Հայ Օգնութեան Միութեան «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» ծրագիրը:

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճէքեան, Հայաստանի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ ծրագիրի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն՝ առաջին հանգրուանով այցելեցին Արարատի մարզի Նիզամի, Սիս, Սայաթ Նովա եւ Ղուկասաւան գիւղերը: Անոնք ընդհանուր 84 ընտանիքներու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին, իւրաքանչիւր ընտանիքի յանձնելով 250 ամերիկեան տոլար:

Սոյն ծրագիրը կը միտի 4 ամսուան տեւողութեամբ, ամսական դրութեամբ 250 ամերիկեան տոլար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել տեղահան եղած Արցախահայ նուազագոյնը 1000 ընտանիքներու՝ մասամբ հոգալու համար անոնց սննդեղէնի, հագուստեղէնի եւ կենցաղային ծախսերը:

Առաւելաբար, հիմնուելով ՀՕՄի աւանդական «Ամանոր» ծրագիրի գաղափարին, այս տարի դրամահաւաքի յատուկ արշաւին արդիւնքով, ՀՕՄի մասնաճիւղերուն եւ համակիրներուն նուիրատուութեամբ կ՛իրագործուի «Ամանոր» յատուկ ծրագիրը՝ զուարճացնելու համար Արցախահայ երեխաները Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին: Առ այդ, վերոնշեալ ծրագիրին զուգահեռ, նոյն շրջաններուն մէջ, 210 երեխաներ ստացան Ամանորի առթիւ նուէրներ:

Նուիրեալ ՀՕՄուհիներն եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին պիտի այցելեն այլ շրջաններ եւս, յաւելեալ ընտանիքներու թիկունք կանգնելու եւ մեծ թիւով երեխաներու նուէրներ բաժնելու նպատակով:

Շնորհակալութիւն մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց ճիգերով ՀՕՄը ձեռնարկեց եւ իրականացուց այս ծրագիրին առաջին հանգրուանը:

Նուիրատուութեան համար այցելել https://ars1910.org/withartsakh/ կայքէջը:

1910ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) 27 երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներու եւ նեցուկ կը կանգնի կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:

Մամլոյ հաղորդագրութիւններու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ՀՕՄի մայր կայքը՝ www.ars1910.org: