կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-14 11:45
Հասարակություն

ՀՕՄի ձեռնարկը՝ ՄԱԿ-ում

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան հետ գործակցաբար՝ Կանանց Իրավիճակի յանձնաժողովի 63րդ նիստին ընթացքին, 11 Մարտ 2019ին, ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ ունեցաւ նիստ-քննարկում մը՝ արծարծելով, թէ ինչպէ՛ս երկրի հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան յառաջացնել սեռային հաւասարութիւն:

Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿի բաժանմունքներու, եւ զանազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց երկշաբաթեայ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը եւ բոլոր երկիրներուն, ՄԱԿի հաստատութիւններուն, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնառութիւնը՝ սատարելու սեռերու հաւասարութեան սկզբունքին։

Առաջին զեկուցաբերը՝ «Ուորլտ Պանք»ի (World Bank) ներկայացուցիչ Անուշ Բեջանեան կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ տիրող սեռերու խտրականութեան ներկայ վիճակագրութեան վրայ: Երկրորդ խօսողը՝ Հայաստան Հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի ատենապետ, արհեստով ճարտարագէտ՝ Մարիա Մեհրանեան տուաւ ընդհանուր պատկեր մը իր կազմակերպութեան մասին եւ ընդգծեց անոր կենսական ծառայութիւնները Հայաստանի հիմնակառոյցի զարգացման աշխատանքներուն: Ան կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէ՛ս հիմնակառոյցը կրնայ ազդել կիներու հզօրացման: Վերջին զեկուցաբերը, Հայ Օգնութեան Միութեան Կենդրոնական վարչութեան փոխատենապետուհի, դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց 1988ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ՀՕՄի անմիջական օգնութիւնը Շիրակի մարզին մէջ: Դոկտ. Տէրտէրեան նաեւ նկարագրեց ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու եւ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական կեդրոնին ու Ծննդատան ծրագիրներուն գործադրումը, ընդգծելով համագործակցութեան լայն դաշտը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ պետական հիմնարկներու միջեւ, որ կրնայ գոհացնել կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները ու կարիքները։

Աշխատանիստը վարեց ՀՕՄի՝ ՄԱԿի մէջ աշխատանքները համադրող Քրիստինա Մեհրապոտ, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն ու յիշեցուց, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը եւ «Ուորլտ Պանք»ը ամէն օր իրենց գործունէութեամբ կ՛աշխատին կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները պաշտպանելով։

Այս տարուան երկշաբաթեայ Կանանց յանձնաժողովի գլխաւոր նիւթն է՝ կիներու հզօրացումը՝ պաշտպանողական եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները եւ հիմնակառոյցի ընդմէջէն: Յանձնաժողովին պիտի մասնակցին առաւել քան 9000 ներկայացուցիչներ, որոնք Նիւ Եորք ժամանած են աշխարհի չորս կողմէն: Յառաջիկայ օրերուն, ՀՕՄը, Առողջապահական յանձնախումբին հետ պիտի ունենայ իր երկրորդ նիստը եւ ՀՕՄի անդամները պիտի մասնակցին այլ ձեռնարկներու։

1910ին հիմնադրուած ՀՕՄը կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, մարդասիրական աշխատանք տանելով անխտիր՝ հայ թէ օտար համայնքներու մէջ: Նուիրուած իր առաքելութեան եւ բազմաթիւ մարդասիրական ծրագիրներու գործադրման՝ միութիւնը զօրավիգ կանգնած է կիներուն՝ իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը եւ աջակցութիւնը բերելու իրենց գաղութներու հզօրացման՝ դաստիարակչական, առողջապահական ու բարեսիրական մարզերուն մէջ: Տարիներէ ի վեր, ՀՕՄը՝ իբրեւ լիիրաւ անդամ ՄԱԿի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC), գործունեայ կը մնայ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ: