Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ժամեր միայն մեզ կը բաժնեն Վարչապետ Փաշինեանի հրապարակած եռակողմանի համաձայնագրէն, որ ցնցած է ամբողջ ազգը։ Ազգը դրուած է կատարուած իրողութեան մը առջև իր իսկ կառավարութեան պետին կողմէ և ինկած՝ հոգեբանական մեծ քաոսի մը մէջ։ Համաձայնագիր մըն է ասիկա, որ կը խախտէ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութիւնը ղեկավարող բոլոր էական սկզբունքները և հետևաբար պարտադիր կը դարձնէ գործող Վարչապետի իրաւասութիւններու անմիջական և ստիպողական քննարկումը։
Կասկած չկայ, որ պատերազմական իրավիճակները ունին իրենց դաժան տրամաբանութիւնը և հանրութիւնը պարտաւորուած է հաշուի նստելու այդ իրականութեան հետ, որքան ալ դառն ըլլան այդ դեղահատերը ազգին համար։ Թէ իսկապէս ի՞նչ առարկայական իրականութեան առջև կը գտնուէր մեր պետականութիւնը երէկ և այսօր՝ դժբախտաբար մենք այդ բանը դատելու կարելիութենէն բոլորովին զրկուած ենք։ Պր. Վարչապետը որևէ թափանցիկ զեկոյց չէ ներկայացուցած ՀՀ Ազգային Ժողովին կամ հանրութեան այդ մասին։ Ան նաև ընթացք չէ տուած շարք մը ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու հետ -- ՆԵՐԱՌԵԱԼ՝ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ -- խորհրդակցութեան նստելու մէկէ աւելի առաջարկներուն։ Հիմա կը պարզուի, որ ան գտնուած է թէժ բանակցութիւններու մէջ Մոսկուայի և Բաքուի հետ և այնպիսի օրակարգով մը, որ իշխանութեան իրաւասութեան ծիրին մէջ գտնուելով հանդերձ կը պատկանի ամբողջ ազգին։ Աւելի՛ն. ԱՅՍ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱԶԳԻՆ ԵՒ ՅԵՏՈ՛Յ ՄԻԱՅՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՈՎ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԻՐԱՒԱՍՈՒՆԵՐՈՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԻՆ, ՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ։
Յայտնեմ անմիջապէս, որ «ազգ» եզրոյթին տակ ես կը հասկնամ ամբողջութիւնը հայութեան։ Այսինքն՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի և համաշխարհային Սփիւռքի հայութեան։ Եւ այս մէկը իմ ենթակայական բնորոշումս չէ։ Ան յստակօրէն ամրագրուած է ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան և ՀՀ Սահմանադրութեան նորմերով։
Պր. Վարչապետը իր ելոյթներով կը յստակացնէ, թէ ինք ցաւով միայն ստորագրած է վերոյիշեալ եռակողմանի փաստաթուղթը։ Ստորագրած է հանրութեան շահերէն ելլելով և առանց իսկապէս համաձայն ըլլալու անոր բովանդակութեան…Ոչ ոք կրնայ կասկածի տակ առնել Պր. Վարչապետին անկեղծութիւնը այս խնդրին մէջ։ Այդպիսի հաւաստիքն իսկ աւելորդ է և նոյնիսկ վիրաւորակա՛ն՝ ՀՀ քաղաքացիին համար, երբ այսպիսի անորակելի փաստաթուղթի մը առջև կը գտնուինք։ Բայց այդ մէկը տակաւին չի գոհացներ իրաւասութեան և լիազօրութեան այն մեծ բացը, որ ակնբախօրէն կը յայտնուի հոս և որ անմիջապէս պէտք է դրուի սեղանի վրայ, քանի որ անիրաւասու հանգամանքէ մը ծնող համաձայնութիւնն ալ, իր կարգին, մտածել կու տայ փաստաթուղթի օրինականութեան մասին։
Բայց նախ յստակացնենք մէկ կարևոր խնդիր։ Ներկայ հարցադրութենէն մի՛ փորձէք խուսափիլ առաջ քաշելով ձևական այն ծածկոյթը, որ ՀՀ և ԱՀ պետականութիւնները անջատ պետական միաւորներ են և հետևաբար կարելի չէ ՀՀ Վարչապետը պատասխանատու համարել Արցախի հողային ամբողջականութեան խնդիրներուն համար։ Այդ առարկութիւնը բացարձակապէս անընդունելի է և ի սկզբանէ խնայենք մեզի նմանօրինակ բիւզանդական վիճաբանութիւնները։ Պր. Վարչապետը պատասխանատու է ՀՀ Սահմանադրութեամբ և ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեամբ միանգամընդմիշտ նուիրագործուած մեր ազգային յանձնառութիւններուն առջև ստորագրուած փաստաթուղթի ամէն մէկ տողին համար։
Հանրութիւնը իրաւունք ունի գիտնալու, թէ ի՞նչ իրաւասութիւններով և ի՞նչ շօշափելի լիազօրութեամբ Պր. Վարչապետը ստորագրեց այս փաստաթուղթը։ Յիշեցնենք, որ պատերազմական դրութեան պայմաններուն մէջ, Պր. Վարչապետը բնականօրէն կը գործէ որպէս ՀՀ Զինեալ Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատար։ Իսկ ՀՀ զինեալ ուժերու սահմանադրական աւագ պարտականութիւնն է ապահովել երկրի անվտանգութիւնն ու երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այս մէկը յստակօրէն հաստատուած է ՀՀ Սահմանադրութեամբ։ Պարզ խօսքով, բանակին և հրամանատարին պարտաւորութիւնն է տառացիօրէն ծառայել այդ յանձնառութեանց և պարտադիր իրականութիւններու պարագային նոր իրաւասութիւն հայցել ազգէն (առնուազն խորհրդարանէն) հողային և այլ զիջումներու տարբերակը բանակցութիւններու նիւթ դարձնել կարենալու համար։ Եւ այդ մէկը պէտք է ըլլայ կատարելապէս թափանցիկ առնուազն երկրի քաղաքական ուժերու աչքին։
Ասիկա իր տարրական տրամաբանութիւնը ունի։ Մեր պետութեան բոլոր հիմնարար աքթերուն համաձայն, ժողովուրդն է աղբիւրն ու տնօրէնը բոլոր պետական իրաւասութեանց։ Ասիկա փուճ լոզունգ մը չէ։ Ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի ինքզինք յայտարարելու որպէս ժողովուրդի կամքի ներկայացուցիչ առանց բծախնդրօրէն յարգելու այդ վերին կամքը իր բոլոր օրինաւոր դրսևորումներով։ Ոչ մէկ իշխանութիւն կ՚ընտրուի մեր երկրին մէջ թշնամիին հող յանձնելու իրաւասութեամբ։ Վարչապետին իրաւասութիւնները չեն ճշտուիր ռազմաճակատի իրականութեան տուեալներով։ Անոնք չեն ճշտուիր նաև բանակցային գործընթացի տուեալներով։ Չեն ճշտուիր գերտէրութեանց ճնշումներով։ Չեն ճշտուիր մանաւանդ թշնամիին կողմէ։
Այն համաձայնագիրը, որ ստորագրուեցաւ երէկ, կարելի չէ ներկայացնել որպէս յաղթանակ։ Ժամանակն է, որ վերջ տանք հանրութիւնը ապակողմնորոշող հռետորաբանութեան և մեր ժողովուրդին խօսինք անկեղծօրէն։ Եւ պարզենք իրականութիւնները մերկապարանոց։
Կարելի էր այս համաձայնագրին աւելցնել մէկ յօդուած, որ կ՚ըսէր, թէ այս համաձայնագիրը ենթակայ է ՀՀ Ազգային Ժողովի վաւերացման և ատով իսկ կը հաստատուէր հայ անկախ պետականութեան ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութիւնը։ Պր. Վարչապետին տարրական պարտաւորութիւնն էր իր խօսակիցներուն յարգել տալ Հայաստանի Հանրապետութեան տնօրէն օրէնքը՝ ՀՀ Սահմանադրութի՛ւնը, որպէսզի ստորագրուած փաստաթուղթը բխէր ինքնիշխան պետականութեան հաւաքական կամքէն և ենթակայ ըլլար անոր վերին տնօրինութեան։
Յամենայն դէպս մէկ բան յստակ է։ Ներկայ փաստաթուղթը, իր ներկայ հանգամանքով, հանրութեան ընդհանրական կամքէն անկախ ստորագրուած համաձայնագիր մըն է և կը գործէ միայն բռնագրաւման օրէնքով (law of occupation)։ Անոր մէջ չկայ և չի կրնար ըլլալ մեր ժողովուրդին ազատ կամքը։ Իսկ այս համաձայնագրին ուժի մէջ մտած վայրկեանէն սկսեալ ներկայ իշխանութիւնը կը գործէ բոլորովին նոր կարգավիճակով, որուն ուժի աղբիւրը կու գայ գրաւման իրականութենէն։ Այս հարցը պէտք է անմիջապէս տարուի Սահմանադրական Դատարան ՀՀ քաղաքական բեմի ուժերուն կողմէ և վճռահատուի։ Ասիկա բոլորովին նոր փորձադաշտ է մեր պետականութեան համար։ Ի դէպ ամէն մէկ քաղաքացի իրաւունք ունի այս հարցով վճռահատութիւն պահանջելու Սահմանադրական Դատարանէն։
Մեր ժողովուրդը պիտի հարց տայ ինքզինքին, թէ ինք – իր սահամանադրական իրաւունքներու ամբողջ գումարով – իր ստորագրութիւնը դրա՞ծ է այս համաձայնագրին տակ, թէ ոչ։ Պիտի հարց տայ, թէ ինք տէ՞րն է իր երկրի հողային ամբողջականութեան, թէ ոչ։ Եւ պիտի վճիռ կայացնէ, թէ երէկ ստորագրուածը իսկապէս ի՞նչ կարգավիճակ ունի ՀՀ օրէնքին և միջազգային օրէնքին առջև։
Կը գտնուինք մեր անկախ պետականութիւնը վերստին սահմանելու պատմական պարտաւորութեան առջև...Ասիկա ճշմարտութեան վայրկեանն է իւրաքանչիւր ՀՀ քաղաքացիի և իւրաքանչիւր հայու համար։ Վայրկեանն է անձնապէս մեր անկախ պետականութիւնը ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ։ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈ՛Ւ՝ ՈՐՊԷՍ ՏԷՐ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆ։ ԶԱՅՆ ԱՆՀԱՏ ԱՌ ԱՆՀԱՏ ՄԵ՛ՐԸ ԸՆԵԼՈՒ։ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ ՄԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ։
Մեր ազգային պետականութեան գործը նոր է, որ կ՚ըսկսի։
Կարօ Արմենեան
Նոյեմբեր 10, 2020