կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-28 19:50
Սփյուռք

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ծրագիրը. յայտարարութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ծրագիրը. յայտարարութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ծրագիրը: 

Համազգայինը ուրախութեամբ կը ներկայացնէ «Փեթակ» ծրագիրը՝ 8-14 տարեկան պատանիներու համար: Անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ երեք աշխատանոցներէ՝ արուեստ, գիտութիւն եւ լրագրութիւն ուղղութիւններով, իսկ իւրաքանչիւրի պարագային պատանիներուն հետ պիտի աշխատին համապատասխան մասնագէտներ՝ սփիւռքէն:

Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան արեւմտահայերէնով՝ առիթ տալով պատանիներուն սորվելու նաեւ արեւմտահայերէն, առցանց կապի մէջ մտնելու սփիւռքի իրենց հասակակիցներուն հետ:

Դասընթացքի տնային պարտականութիւնները, որոնք պէտք է օգտագործուին աշխատանքի ընթացքին, նախօրօք պիտի ուղարկուին մասնակիցի ել.նամակի հասցէին:

Արձանագրուողները մասնակցութեան կապը պիտի ստանան դասընթացքէն 24 ժամ առաջ:

Դասընթացքները պիտի ըլլան «Zoom» ծրագիրով: 

Մասնակիցները պէտք է արձանագրուին մինչեւ 31 յուլիս 2020: Մասնակցելու համար պէտք է ուղղորդուիլ այս յղումով եւ արձանագրուիլ՝ cutt.ly/4a2bb7G

Պատանիներուն հետ պիտի աշխատին հետեւեալ մասնագէտները, հետեւեալ օրերուն՝

ա/ Նկարչութիւն
 
10-14 տարեկաններու համար

Դասընթացավար՝ Մարալ Մասոյեան-Քէշիշեան

3-էն 10 օգոստոս

բ/Գիտական փորձարկութիւն

8-12 տարեկաններու համար

Դասընթացավար՝ դոկտ. Շողակ Բանջարեան

4-էն 11 օգոստոս

գ/ Լրագրութիւնը հայկական Սփիւռքին մէջ

10-14 տարեկաններու համար

Դասընթացավար՝ «Հայ հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր տնօրէն Թամար Շահինեան

5 օգոստոս

Ժամերու մասին պիտի տեղեկացնենք նախօրօք՝ ել.նամակի միջոցով: