Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երկրորդականի Բ. Կամ Գ. տարին էր, ճիշդ չեմ յիշեր։
Այդ օրերուն հայկականութիւնը եւ հայկական արժէքները շատ մեծ տեղ կը գրաւէին մեր հոգիներուն մէջ (հիմա ալ բան չէ պակսած դեռ)։ ԼԵՄ-ական, ՀՄԸՄ-ի սկաուտ, Համազգայինի պարախումբ... Փաստօրէն ամէն տեղ արձանագրուած էինք։
Եւ այդ սէրը հայութեան նկատմամբ մեր մէջ արթնցնողները եւ սերմանողները, բոլոր ուսուցիչ - ուսուցչուհիներուն կողքին, մասնաւորաբար մեր հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներն էին. յիշելու համար՝ պարոնայք Գէորգ Գանտահարեան, Երուանդ Փամպուքեան, Եփրեմ Քէշիշեան, Գրիգոր Շահինեան։ Տնօրէնը՝ պարոն Հրաչ Տասնապետեանն ալ իր շուքով եւ կուսակցական պաշտօնով մեծ դեր ունէր, թէեւ հազիւ երկու պահ դասաւանդած էր մեզի։
Սակայն այս բոլորին կողքին կային կարգ մը նիւթեր, որոնք այդքան ալ հաճելի չէին մեզմէ շատերու, կամ նուազագոյնը՝ ինծի համար. օրինակ՝ Հայաստանի աշխարհագրութիւն։
Հետաքրքրական էր, բայց դասագիրքին մէջ կային բաժիններ, որոնք ոչ մէկ բան կ՛ըսէին։ Այդ օրերուն Հայաստանը Խորհրդային հանրապետութիւն էր։ Մեր երազը եւ նպատակը Հայաստանը ազատագրել էր։ Աշխարհագրութիւն։ Մեզի ի՞նչ։ Կլիմայ - մլիմայ, բերք- մերք... Ո՜ւֆ...
Այդ տարեշրջանին Հայաստանի աշխարհագրութեան մեր դասատուն պրն. Եփրեմն էր։ Արտաքնապէս հանդարտ երեւոյթով պրն. Եփրեմը իսկութեան մէջ այդքան ալ հանդարտ չէր, մանաւանդ երբ մեզի պէս «հայասէր», բայց Հայաստանի աշխարհագրութեամբ չհետաքրքրուող
աշակերտներու հետ գործ ունենար։
Մենք՝ դասարանին ետեւի շարքը նստող աշակերտներս, այդ պահերուն դասարանին մէջ միայն մարմնով ներկայ կ՛ըլլայինք։ Մինչ այդ, պէտք է նաեւ ըսել, որ պրն. Եփրեմը երբեք «0» նիշ չէր դներ։ Յոռեգոյն պարագային. «4 ա՛ռ, տեղդ գնա՛։ Դդում գլո՛ւխ»,- կ՛ըսէր։
Հիմա դառնանք բուն պատահարին։
Դասապահերէն մէկուն ընթացքին նկատեցինք, որ աշխարհագրութեան գիրքին մէջ գրուած էր, թէ «Հայաստան հարուստ է տանձի արտադրութեամբ»։ Պրն. Եփրեմը ըսած կ՛ըլլայ, որ «այդ մէկը տպագրական սխալ է։ Պէտք է սրբագրել։ Հայաստան հարուստ է ծիրանի եւ ընկոյզի արտադրութեամբ»։ Ես, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, այս բացատրութիւնը չեմ լսած...
Յաջորդ դասապահը չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի օր մըն էր եւ՝ առաջին պահը։
Ես առաւօտները դպրոց կու գայի հօրս ինքնաշարժով։ Երբեմն խճողումի պատճառով, ինծի պէս նաեւ քանի մը հոգի, առաջին դասապահէն քիչ մը կ՛ուշանայինք, եւ ստիպուած դասարան պէտք է բարձրանայինք յատուկ արտօնութեամբ պրն. Յովհաննէսէն, որ, իր կարգին, մեր ծնողները, ի բացակայութեան, կը յանդիմանէր իրենց անճշդապահութեան համար։
Այդ պահը այդ ուշացումի օրերէն մէկուն զուգադիպեցաւ։
Պրն. Եփրեմը սովորութիւն ունէր ամէն դասապահի առաջին 15 վայրկեանը յատկացնել աշակերտներու հարցաքննութեան, ստուգելու համար, թէ որքանով սորված էին կամ հետեւած դասարանին մէջ տրուած բացատրութեան։ Ուրեմն այսպէս քանի մը աշակերտ կը հարցաքննէ։ Հարցումը հետեւեալն էր. «Հայաստան ի՞նչ բերքով հարուստ է»։ Գիրքին մէջ «տանձ» գրուած է։ Առաջին քանի մը հոգին, բոլորն ալ՝ «տանձով,
պարո՛ն» կ՛ըսեն եւ պարոնէն նոյն պատասխանը կ՛առնեն. «Դդում գլուխ։ Տանձո՞վ։ Անցեալ պահուն դասարանը չէի՞ր դուն։ Ես ի՞նչ ըսի։ Դդում» (իր սիրած բառն էր աս)։ Վերջին հարցաքննուող անձին տուած՝ «տանձով, պարո՛ն» պատասխանէն կատղած, ըսած կ՛ըլլայ, որ (մինչ այդ, ես այս ամբողջ անցուդարձէն տեղեակ չեմ, չէ՞ որ ուշացած էի խճողումին պատճառով...) «Մէկ հոգի ալ տանձ թող ըսէ, 4 պիտի դնեմ իրեն»...
... Եւ ես՝ դասագիրքերը ձեռքիս, մտայ դասարան։
- Լիպարեան, տղա՛ս, դո՛ւն ըսէ։ Հայաստան ի՞նչ բերքով հարուստ է։
Ես ալ՝ շատ ինքնավստահ, է՛հ գիրքին մէջ անանկ գրուած է...
- Տանձով, պարո՛ն։
- Տանձո՞վ։ Տանձո՞վ։ Դդում գլո՛ւխ։ 4 ա՛ռ, տեղդ անցի՛ր...
Առտու կանուխ հարուածը զօրաւոր էր։ 4։ Ինչ որ փորձեցի, ինչպէս որ փորձեցի համոզել - «պարոն - մարոն», «հաճիս-մաճիս», չքալեց։ 4-ը առի եւ վիզս ծռած անցայ տեղս։
Արդեօք այս պատահարին պատճառո՞վ է, որ տանձ չեմ սիրեր։ Չեմ գիտեր։ Թերեւս։
Աստուած հոգին լուսաւորէ պրն. Եփրեմին։ Իր խօսքերով, երբ կարեւոր բան մը բացատրէր մեզի, կ՛ըսէր. «Այս մէկը ձեր ականջին օղ ըրէք»։ Այսինքն, երբեք չմոռնաք։ Միշտ ձեր ուղեղին մէջ թող ըլլայ։
Անցած են տարիներ։ Բայց «տանձ»-ին պատմութիւնը եւ «4»-ը չեմ մոռցած։ «Հայաստանը տանձով հարուստ չէ՛»։
Ականջիս օղ ըրած եմ, պարո՛ն Եփրեմ։
ՆԵՐՍԵՀ ԼԻՊԱՐԵԱՆ
Մոնրէալ, Քանատա
3 յունիս 2020
© 2024 Yerkir.am Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։