Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երբեք անսպասելի չէր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հերթական ճիգը` իր հոգեհարազատ քաղաքական գործիչ Նիկոլ Փաշինեանին զօրակցութիւն յայտնելու, վերստին հրապարակաւ հանդէս գալու եւ ամէն գնով պաշտպանելու ներկայ վարչակազմին ձախողած ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը, մանաւանդ անվիճելի դարձած համաճարակին դէմ պայքարի առումով ներկայ իշխանութիւններու անլրջութիւնը, ճակատագրական սխալները, անորոշութիւնները, արտակարգ դրութեան, հակաճգնաժամային ծրագիրներու եւ սահմանափակումներու քաղաքականութեան ձախողութիւնները, որոնք երկիրը կը մատնեն համազգային ողբերգութեան եւ համատարած աղէտի։
Վստահ չենք, թէ Նիկոլ Փաշինեան իր անձնական վարկանիշի եւ հեղինակութեան անկման այս փուլին պիտի փափաքէր ունենալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նման ձախողած եւ ապազգային գիծեր դրսեւորած քաղաքական գործիչի մը զօրակցութիւնը։ Քաղաքական գործիչ մը, որ իր իշխանութեան օրերուն ամբողջ Հայաստանը խաւարի մատնեց, ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն սերմանեց, ինչպէս Հայաստանի մէջ, նոյնպէս ալ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեանց ոլորտին մէջ։ Քաղաքական գործիչ մը, որ արցախեան ազատագրական պայքարի փառահեղ ռազմաճակատին վրայ արձանագրուած յաղթանակները դիւանագիտական սեղաններուն վրայ պարտութեան պիտի վերածէր իր ապազգային եւ պարտուողական կեցուածքներուն պատճառով, եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան ողջամիտ քաղաքացիները զինք քաղաքական դաշտէն դուրս չշպրտէին։ Քաղաքական գործիչ մը, որ ըստ էութեան կը մերժէր 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վերածել եւ նոյնիսկ կը յայտարարէր, որ «Հայաստան հողային պահանջներ չունի Թուրքիայէն» եւ այլն…
Ինչպէս նաեւ երբեք անսպասելի չէր քաղաքական այն ջղաձգութիւնը, որ ստեղծուեցաւ, երբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 1 յունիսին՝ ի տես համաճարակէն վարակուածներու եւ մահացողներու բարձր թիւին, յայտարարեց, որ կը պահանջէ Ազգային ժողովի յատուկ նիստ եւ իշխանութիւնները հաշուետուութեան կանչել. յանկարծ ականատեսը դարձանք քաղաքական անհեթեթ յարձակումներու շղթայազերծման՝ քաղաքական պատուէր կատարող որոշ շրջանակներու, նախապէս այս կամ այն կուսակցութեան պատկանող՝ երբեմն բարձրագոյն դիրքեր զբաղեցուցած, իսկ ներկայիս՝ չես գիտեր ինչո՛ւ, կուրօրէն Նիկոլ Փաշինեանի գովքը հիւսող անձնաւորութիւններու, «Իմ քայլ»-ականներու, ընկերային ցանցերու օգտատէրերու, սորոսականներու կողմէ ֆինանսաւորուող հասարակական գործիչներու կողմէ, որոնք սկսան ըսել, թէ Հայաստանը համաճարակին դէմ պատերազմի մէջ է, պէտք չէ քննադատել Փաշինեանը եւ այլն…Հետեւաբար, այս պատերազմը բոլոր հայերուն պատերազմն է եւ պէտք է համախմբուինք յաղթահարելու համար ճգնաժամը։ ԼՐԻՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ։
Սակայն խնդիրը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեան ի՛նք ընդհանրապէս վանողական հանդիսացաւ, ան փաստօրէն խնդիրներ ունեցաւ եւ ունի քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ՝ մենատիրական իր ոճին բերումով եւ հաւանաբար ինքնասիրութեան բարդոյթէն տառապելուն համար. ի՛նքն էր, որ անարձագանգ ձգեց համագործակցութեան եւ համաճարակին դէմ պայքարի առումով համախմբուածութեան բազմաթիւ առաջարկները, յատկապէս՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին կողմէ ներկայացուած
Վերջապէս, այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի մէջ համաճարակէն վարակուածներուն թիւը ցարդ կը գերազանցէ 13.500-ը, իսկ մահացողներու 217 դէպքեր կան։
Ի վերջոյ, կարծես սթափեցան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ նոր հասկցան, որ համաճարակի դէմ պատերազմին մէջ է Հայաստանը, իսկ նախորդ երեք ամիսներուն անոնց վարած ապաշնորհ, անլուրջ եւ ապիկար քաղաքականութեան, արտակարգ դրութեան, սահմանափակումներու եւ հակաճգնաժամային ձախողած ծրագիրներուն պատճառով ահռելի համատարած աղէտի սեմին կը գտնուինք ազգովին, եւ բնականաբար այս կացութեան թիւ մէկ պատասխանատուն ո՛չ ես եմ, ո՛չ ալ դուն, այլ՝ ըստ էութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է։
Վերոյիշեալ օգտատէրերէն մէկը նոյնիսկ ակնարկելով ՀՅ Դաշնակցութեան վերջին Ընդհանուր ժողովին, զայն վերլուծելով եւ մեկնաբանելով կ՛եզրակացնէր, որ Դաշնակցութիւնը երկու տարի առաջ որոշած էր արդէն այս իշխանութիւնները տուն ղրկել՝ խնդրոյ առարկայ դարձնելով համաճարակին դէմ պայքարի առումով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի համագործակցութեան առաջադրանքները։ Միթէ՞ կարելի է այսքան խեղաթիւրել իրականութիւնները։
Արդարեւ, ինչո՞ւ են այս ամբողջ քաղաքական ջղաձգութիւնը եւ բոլոր յարձակումները, հակառակ այն իրողութեան, որ բազմիցս ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը եւ ուրիշներ շեշտեցին, որ հայրենիքի ապրած օրհասական այս օրերուն մենք երբեք իշխանութեան կռիւ չէ որ կը մղենք, այլ՝ ինչպէս բոլոր ժողովրդավար երկիրներուն մէջ, մասնայատուկ օրակարգերով, ինչպիսիք են առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական օրակարգերը, պատասխանատուութեան կանչել վարչապետը եւ տուեալ հարցերուն հետ կապուած իւրաքանչիւր ոլորտի պատասխանատուները։ Բա՛ւ է ալ ամբոխավարական շունչով փորձէք նենգափոխել իրականութիւնները, ապատեղեկատուական քարոզարշաւով փորձէք նախապաշարել քաղաքացիները։
Իրապէս, ինչո՞ւ են այս ամբողջ քաղաքական ջղաձգութիւնը եւ բոլոր յարձակումները, որովհետեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 1 յունիսին յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ճգնաժամային կացութեան լոյսին տակ ՀՅԴ-ն կը պահանջէ Ազգային Ժողովի յատուկ նի՞ստ. կը մէջբերենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ, որպէսզի տեսնենք, թէ ի՛նչ կայ տուեալ յայտարարութեան մէջ «անտրամաբանական» եւ «անբնական».
«Երկիրը կանգնած է դժուարին մարտահրաւէրների առջեւ, համավարակը, տնտեսական խորացող ճգնաժամը, ահագնացող ընկերային հիմնախնդիրները լրջագոյն սպառնալիք են պետութեան ու ժողովրդի, ներքին ու արտաքին անվտանգութեան համար: Կառավարութեան քայլերը կա՛մ անարդիւնաւէտ են, կա՛մ ուշացած, իսկ յաճախ` նաեւ սխալ: Բոլոր ուղղութիւններով առկայ է ճգնաժամ: Այս ընթացքը կարող է յանգեցնել համընդհանուր աղէտի ու անդառնալի կորուստների:
Իբրեւ առաջնային մանդատ ունեցող քաղաքական մարմին` Ազգային ժողովն անմիջական պատասխանատուութիւն է կրում երկրում ստեղծուած վիճակի համար, ուստի պէտք է այս ծանր պահին զերծ մնայ անօգուտ, ժամանակավրէպ օրակարգերից եւ զբաղուի երկրի համար թիւ մէկ հարցով:
Հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, փաստելով կառավարութեան ձախողումն ու անկարողութիւնը` պահանջում ենք մինչեւ ներկայիս արտակարգ դրութեան ժամկէտի աւարտը գումարել Ազգային ժողովի յատուկ նիստ` հետեւեալ օրակարգով`
Երկրի եւ ժողովրդի շահը վեր է ամէն ինչից: Պահի լրջութիւնը պարտադրում է բոլոր ջանքերը նպատակաուղղել աղէտի կանխմանը:
Իշխանութեանը եւս մէկ անգամ կոչ ենք անում սթափուել եւ առաջնորդուել համազգային շահերով:
Դուք էք իրավիճակի հետագայ վատթարացման միակ մեղաւորն ու պատասխանատուն` բոլոր հնարաւոր հետեւանքներով»:
Արդարեւ, ՀՅ Դաշնացութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ համաճարակի առաջին իսկ օրէն Նիկոլ Փաշինեանը անլուրջ վերաբերուեցաւ եւ ինք յայտարարեց, որ «Քորոնա»-ն ում շունն է»։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ մինչեւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը Հայաստանի մէջ Նիկոլ Փաշինեան զբաղած էր վրէժխնդրութեամբ եւ մինչեւ ապրիլի սկիզբը տակաւին Սահմանադրական դատարանի հանրաքուէի բազմամարդ հաւաքներ կը կազմակերպէր։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ Նիկոլ Փաշինեան չարձագանգեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի՝ 23 մարտի հակաճգնաժամային կառավարման վերաբերեալ ներկայացուցած առաջարկներուն, արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ միջոցառումներու առումով առաջարկներու փաթեթին, ինչպէս նաեւ 18 մայիսի յայտարարութիւններուն, գնահատականին եւ համավարակին հակազդելու գործողութիւններուն։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ ներկայ վարչակազմը փաստօրէն չկրցաւ կանխատեսել համաճարակին ահաւորութիւնն ու վտանգին տարողութիւնը եւ մանաւանդ չկրցաւ համապատասխան գործիքակազմով նախապատրաստուիլ։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ վերջերս տակաւին զբաղած էր երկրորդական եւ երրորդական հարցերով, պալատական խնդիրներով, ներխմբակային հաշիւներով, քոնվենցիաներով, 110 միլիոն տոլարը գերազանցող պարգեւավճարումներով, Ռոպերթ Քոչարեանով, Հրայր Թովմասեանով եւ «հիները ասֆալտին փռելով»։
Լրջացէ՛ք ալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններ։
ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութիւնը, անդորրութիւնն ու տնտեսական բարգաւաճումը եւ զոյգ հանրապետութեանց քաղաքացիներու առողջութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ բարօրութիւնը ամէն ինչէ վեր են։
10 յունիս
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ